«Թերթ».-Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Չորեքշաբթի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան կատարման ընթացքը, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ մարդասիրական հարցերու լուծման կարեւորութիւնը: «Անդրադարձ կատարուած է շարք մը նիւթերու, յատկապէս, Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական հարցերու լուծման առնչուող Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն 9 Նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 Յունուար 2021-ի համաձայնագիրներու իրագործման շուրջ: Ընդգծուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու միատեղ նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի կարեւոր ներդրումը տարածաշրջանի զարգացման մէջ», ըսուած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ: