Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2021-ին, Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսովը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը զրուցեցին Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական, ներդրումային եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան ու յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ։ Ասատ գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան մակարդակին գծով։ Ան շեշտեց, որ Սուրիան նախանձախնդիր է Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ միացեալ ներդրումները յաջողցնելու, ի նպաստ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն շահերուն։ Ասատ անհրաժեշտ համարեց ռուս դաշնակիցներուն հետ գործակցութեան պահպանումը, մանաւանդ, որ Ռուսիա պատերազմի տարիներուն նեցուկ կանգնեցաւ Սուրիոյ թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական մակարդակներով եւ ջանք չխնայեց խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերահաստատելու Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին տառապանքի մեղմացման քայլերու ձեռնարկեց։ Իր կարգին Պորիսով շնորհաւորեց նախագահ Ասատը եւ Սուրիոյ ժողովուրդը նախագահական ընտրութիւններուն ձեռքբերած յաղթանակին առիթով եւ յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ցուցանիշ է անոր պայքարին ու գոյատեւման։ Ան աւելցուց, որ ռուս-սուրիական յարաբերութիւնը ամրապինդ է, եւ Ռուսիան պատրաստակամ է Սուրիոյ օգնութիւններ ցուցաբերելու, Սուրիոյ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման եւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի յաղթահարման համար։