Նախիջանի մէջ 21-23 Յունիսին յատուկ մարտավարական զօրավարժութիւններ կատարուած են` Նախիջեւանի կայազօրի զօրքերուն եւ Թուրքիոյ Զինեալ ուժերու կառավարման մարմիններուն մասնակցութեամբ: Այս մասին յայտնած է «Սփութնիք» գործակալութեան Ատրպէյճան ծառայութիւնը: Նախօրէին յատուկ մարտավարական զօրավարժութիւններու գործնական նախաձեռնութիւններու ընթացքին հետեւած է Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Գերագոյն խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպով: Թալիպով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմին աշխարհագրական վերլուծութեան համակարգեր ստեղծելուն համար: Առանձին համակցուած բանակի հրամանտար, գեներալ-գնդապետ Քերեմ Մուստաֆաեւ տեղեկացուցած է նախատեսուող նախաձեռնութիւններուն առնչութեամբ, որոնք ուղղուած են մարտական կառավարման կեդրոնի կատարելագործման: