«Թերթ».-24 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի`Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող եւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Պաքուի վերահսկողթեան տակ անցած Որոտանի (Քուպաթլու) շրջանի տարածքին Ատրպէյճանը նոր զօրամաս բացած է: Ատրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան պետ, գեներալ-գնդապետ Էլչին Կուլիեւ շնորհաւորած է անձնակազմը: Արարողութենէն վերջ ստուգուած են զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութեան հետագայ բարձրացման եւ անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները: Յիշեցնենք, որ 9 Նոյեմբերին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերած են, ստորագրուած է յայտարարութիւն, որով Ատրպէյճանին անցած են Արցախի եօթ շրջանները, Շուշին ու Հադրութը` բացառութեամբ մէկ գիւղի , գիւղեր Ասկերանի ու Մարտունիի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը: