Պատ­մու­թիւնը մե­ծա­գոյն վկան է, որ թուր­քը ապե­րախտ ու անշը­նոր­հա­կալ ազգ է: Չկայ տեղ մը, ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը, ուր կը յի­շա­տակ­ուի հա­կա­ռա­կը: Փլա­տակ­նե­րու եզ­րին կանգ­նած Վիք­թոր Հիւ­կո­յի բա­ցա­գան­չու­թիւնն ալ` «Թուր­քը ան­ցած է հոս­կէ» մե­ծա­գոյն վկան է այս իրա­կա­նու­թեան: Եւ աւե­լին. Թուրք­իոյ ար­դի պատ­մու­թեան մէջ կան բազ­մա­թիւ ոլորտ­ներ, ուր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, յատ­կա­պէ՛ս հա­յեր, դրա­կան ներդ­րում ու­նե­ցած են, սա­կայն փո­խա­րէ­նը` հա­յը միշտ ալ հա­լած­ուած է, կո­ղոպտ­ուած, մին­չեւ իսկ` ջարդ­ուած:
Ներ­կա­յիս, ութ­սուն միլի­ոն բնակ­չու­թիւն հա­շուող Թուրք­իոյ մէջ շատ քի­չեր գի­տեն, որ լա­տի­նա­տառ թր­քե­րէ­նի այ­բու­բե­նի ու քե­րա­կա­նու­թեան հայ­րը կը հա­մար­ուի Ակոբ Տի­լա­չար, որ նոյ­նինքն հա­յազ­գի Յա­կոբ Մար­թայ­եանն է: Ան պոլ­սա­հայ լեզ­ուա­բան մըն էր, որ կը տի­րա­պե­տէր քսա­ներ­կու լե­զու­նե­րու: Եթէ չըլ­լար այս հա­յը` թուր­քե­րը չէ­ին ու­նե­նար այն այ­բու­բենն ու լե­զուն, որոնց­մով կը հա­ղոր­դակ­ցին ու կը գրեն ամէն օր:
Ալ կր­նա՞ք պատ­կե­րաց­նել թր­քու­թեամբ պան­ծա­ցող թուր­քին իս­կու­թիւնը, երբ թր­քե­րէն լեզ­ուին մա­կար­դա­կը բարձ­րաց­նողն ալ հայ մըն է: Եւ ի՞նչ ըրին թուր­քե­րը Մար­թայ­եա­նի ճի­գե­րուն որ­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն … անոնք ծա­ծուկ պա­հե­ցին մար­դուն հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնը, միշտ ալ «Տի­լա­չար» մա­կա­նու­նը կցե­լով անոր ան­ուան: Ա՛յս է թր­քա­կան երախ­տա­գի­տու­թիւնը իր լե­զուն սր­բագ­րած, հարս­տա­ցու­ցած եւ արդ­ի­ա­կա­նա­ցու­ցած Յա­կոբ Մար­թայ­եա­նին:
Բայց ին­չո՞ւ «Տի­լա­չար» … այդ թր­քե­րէ­նով բա­ռացի­օ­րէն կը նշա­նա­կէ «լե­զու բա­ցող»: Այս մա­կա­նու­նը Մար­թայ­եա­նի շնոր­հած է Ար­դի Թուրք­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր` Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լը, իսկ փո­խա­դար­ձա­բար` «Աթա­թուրք» մա­կա­նունն ալ (թուր­քե­րու հայր իմաս­տով) Մար­թայ­եան առա­ջար­կած է անոր:
Կը պատմ­ուի, թէ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տին Մար­թայ­եան զօ­րա­կո­չի կ’են­թարկ­ուի` անգլ­ի­ա­ցի­նե­րուն դէմ կռ­ուե­լու հա­մար: Տի­րա­պե­տած ըլ­լա­լով անգ­լե­րէ­նին, զօր­քին մէջ թուրք սպա­ներ զինք լր­տես սե­պե­լով կը տա­նին Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի մօտ, որ այդ օրե­րուն զի­նուո­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տու էր: Մար­թայ­եան անոր կը բա­ցատ­րէ կա­ցու­թիւնը եւ այդ օրէն մտեր­մու­թիւն մը կը սկ­սի անոնց մի­ջեւ ու հինգ տա­րի ետք, հայ լեզ­ուա­բա­նը կը դառ­նայ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին հա­սած Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի խորհր­դա­կա­նը` լեզ­ուի եւ մշա­կոյ­թի հար­ցե­րով:
1923-ին Աթա­թուր­քի ձե­ւա­ւո­րած հան­րա­պե­տու­թիւնը թր­քե­րէն լա­տի­նա­տառ նոր լե­զու մը ստեղ­ծե­լու որո­շու­մը կը գո­յաց­նէ: Այս մա­սին կը պատմ­ուի հե­տաքրք­րա­կան դէպք մը: Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լին ուղղ­ուած նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ անոր անու­նը արա­բա­տառ թր­քե­րէ­նով գր­ուած էր ոչ թէ (       ), (այլ`        )  ուղտ իմաս­տով: Այս մէ­կը կը գրգ­ռէ Թուրք­իոյ առաջ­նոր­դին զայ­րոյ­թը եւ պատ­ճառ կը դառ­նայ թր­քե­րէ­նի բա­րե­փոխ­ման գա­ղա­փա­րի յա­ռա­ջաց­ման: Մար­թայ­եա­նի նման հմուտ լեզ­ուա­բա­նի մը ներ­կա­յու­թիւնը ձեռն­տու էր արա­բա­տառ թր­քե­րէ­նը վե­րա­ծե­լու լա­տի­նա­տա­ռի: Ուս­տի, քա­նի մը լեզ­ուա­բան­ներ, գլ­խա­ւո­րութ­եամբ Մար­թայ­եա­նի, Աթա­թուր­քի կող­մէ կը հրա­ւիր­ուին Տոլ­մա­պահ­չէի պա­լա­տը (ճար­տա­րա­պե­տը այլ Յա­կոբ մըն է, Պալ­եան գեր­դաս­տա­նէն), ուր տե­ղի կ’ու­նե­նայ թր­քե­րէն լեզ­ուի բա­րե­փոխ­ման առա­ջին նիս­տը:
Յա­կոբ Մար­թայ­եա­նի գլ­խա­ւո­րած մաս­նա­գի­տա­կան խմ­բա­կին` Թըր­քե­րէն Լեզ­ուի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան վս­տահ­ուե­ցաւ թր­քե­րէ­նի արդ­ի­ա­կա­նաց­ման եւ ժա­մա­նա­կա­կից պա­հանջք­նե­րուն յար­մա­րող բա­ռա­պա­շա­րի մը կազ­մա­ւոր­ման եւ ստեղծ­ման պար­տա­կա­նու­թիւնը: Աշ­խա­տան­քը հմ­տօ­րէն կա­տար­ուե­ցաւ եւ  անու­րա­նա­լի յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուե­ցաւ: Հե­տա­գա­յին, Մար­թայ­եան նոյ­նիսկ նշա­նակ­ուե­ցաւ Թուրք­իոյ Լեզ­ուի Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի առա­ջին եւ գլ­խա­ւոր քար­տու­ղարն ու մաս­նա­գէ­տը:
Այ­սօր, Թուրք­իոյ Շիշ­լի շր­ջա­նին մէջ գո­յու­թիւն ու­նի փո­ղոց մը, ուր անխ­նամ վի­ճա­կի մէջ կա­րե­լի է նշ­մա­րել «Տի­լա­չար փո­ղոց» նշա­նա­կը: Աս­կէ աւե­լին կա­րե­լի չէ ակն­կա­լել ապե­րախտ ու երախ­տա­մո­ռաց ժո­ղո­վուր­դէ մը:
Սիւզի Խշուաճեան