Յա­ճախ կը պա­տա­հի այն, որ ժո­ղո­վուրդ մը կորսնց­նէ իր ան­կախ պե­տու­թիւնը եւ շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւնը այլ պե­տու­թեան մը հո­վանի­ին ներ­քեւ: Արդ­եօ՞ք այդ իրո­ղու­թիւնը անոր ան­հե­տաց­ման ու­ղին կը հար­թէ. այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը կը ձգեմ ըն­թեր­ցո­ղին ու անոր տրա­մա­բա­նու­թեան:
Մենք, յատ­կա­պէս, ապ­րած ենք այս զգա­ցու­մը մէ­կէ աւե­լի ան­գամ­ներ, աւե­լի քան որե­ւէ այլ ազգ:
Չա­փա­զան­ցու­թիւն չէ. յի­շենք, թէ քա­նի՛ ան­գամ պե­տա­կա­նու­թիւն կորսն­ցու­ցինք, թա­գա­ւո­րու­թիւն թէ հան­րա­պե­տու­թիւն, քա­նի՛ ան­գամ մենք մեզ գտանք օտա­րի լու­ծին տակ: Դժ­բախ­տա­բար ապ­րած ենք ռու­սին, թուր­քին, պար­սի­կին, արա­բին, յոյ­նին եւ այլ ազ­գե­րու հիմ­նած պե­տու­թիւն­նե­րուն հո­վանիի ներ­քեւ աւե­լի եր­կար քան՝ մեր սե­փա­կան կեր­տած­նե­րուն. հե­տե­ւանք­նե­րը մե­ծաւ մա­սամբ կոր­ծա­նա­րար ու ան­դար­մա­նե­լի եղած են, թէ մեր աշ­խար­հագ­րու­թեան, պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին, բնակ­չու­թեան եւ թէ այլ ոլորտ­նե­րու վրայ:
Այդ անց­եա­լը ցա­նեց ներ­կայ դժ­բախ­տու­թիւն­նե­րուն հուն­տե­րը, սա­կայն մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ անկըրկ­նե­լի առիթ մը ստեղ­ծեց հզօ­րա­նա­լու: Դար­ձանք քա­ղա­քա­ցի­ներ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու, բախ­տա­ւոր­ուե­ցանք մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու տար­բեր ազ­գե­րու, ճանչ­նա­լու զա­նա­զան քա­ղա­քա­կան ու տն­տե­սա­կան հա­մա­կար­գեր եւ մշա­կու­թա­յին մի­ջա­վայ­րեր: Առիթ ու­նե­ցանք օտա­րի ձեռք­բե­րում­նե­րէն օգտ­ուե­լու, նոր գիւ­տե­րու ու ար­ուեստ­նե­րու տէր դառ­նա­լու, մեր սե­փա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ու­նե­նա­լու: Բազ­մա­տե­սակ փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ձեռք բե­րինք այս սփռ­ուած ու տա­րած­ուած իրա­վի­ճա­կին բե­րու­մով, բայց ինչ­քա­նո՛վ օգտ­ուե­ցանք այդ բո­լո­րէն, արդ­եօ՞ք վե­րան­կա­խա­ցու­մէ ետք, հայ­րե­նի­քի յա­ջոր­դող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը խոր­հուրդ ու­զե­ցին սփիւռ­քի դա­րե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն:
Վր­դով­մունք կը յա­ռա­ջաց­նէ այն, որ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով այս­քան փոր­ձանք­նե­րէ ետք, տա­կա­ւին կը կրկ­նենք անց­եա­լի մեր ձա­խո­ղու­թեան տուն տուող սխալ­նե­րը՝ գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բար, կը ստեղ­ծենք մեր հին պար­տու­թիւն­նե­րու նոյն պայ­ման­նե­րը:
Որ­պէս հնա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թիւն ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ, մենք բախ­տա­ւոր ենք, որ ներ­կա­յիս ու­նինք պե­տու­թիւն, սա­կայն անոր գո­յու­թիւնը փաս­տօ­րէն վտանգ­ուած է:
Ըն­թեր­ցո­ղը հա­ւա­նա­բար զար­մա­նայ ի տես այս կար­ծի­քին, սա­կայն պի­տի հա­մոզ­ուի, որ անոր տուն տուող պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ տի­րող քա­ղա­քա­կան մթ­նո­լորտն ու մշա­կոյթն են, որոնց ցա­ւա­լի ու խայ­տա­ռակ երե­ւոյթ­նե­րէն էր ներ­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ստեղծ­ուած իրա­վի­ճա­կը՝ մթ­նո­լոր­տը:
Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կը մաս­նակ­ցէր մօ­տա­ւո­րա­պէս 25 քա­ղա­քա­կան ուժ: Այս մէ­կը խայ­տա­ռա­կու­թիւն էր պար­զա­պէս: Եր­կի­րը վտանգ­ուած, սահ­ման­նե­րուն ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւնը կոխկռտ­ուած, թշ­նա­մի­նե­րուն ապա­գա­յի կոր­ծա­նիչ ծրա­գիր­նե­րը ապա­ցուց­ուած են, իսկ մենք աշ­խար­հին ցոյց կու­ տանք, թէ ի՛նչ այ­լան­դակ ձե­ւով ըմբռ­նած ենք ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը:
Այս ընտ­րա­պայ­քա­րին սի­րոյն, որուն ար­դիւն­քը ինք­նին վտան­գի աղ­բիւր է, վատն­ուե­ցաւ այն­քան գու­մար, որ հա­ւա­նա­բար եթէ ճիշդ ձե­ւով օգ­տա­գործ­ուէր, պա­տե­րազ­մի բե­րու­մով տե­ղա­հան­ուածնե­րու հար­ցը կը լուծ­ուէր. սա­կայն չե­ղաւ այդ­պէս: 25 քա­ղա­քա­կան ուժ նոյն լո­զունգնե­րը ազ­դե­ցիկ եւ ստեղ­ծա­գործ ոճով՝ հա­մո­զիչ դարձ­նե­լու հա­մար այս­քան գու­մար մս­խե­ցին:
Մե­զի կը մնայ յոյ­սով ու լա­ւա­տե­սու­թեամբ ապա­գա­յին նա­յիլ, հա­կա­ռակ բո­լոր այն տու­եալ­նե­րուն, որոնք կ’ապա­ցու­ցեն, որ մեր հայ­րե­նի­քը մուտք կը գոր­ծէ մութ ու ան­լոյս եր­կար փա­պու­ղի մը:
Հայկ Պաթթալեան