«Երկիր Մետիա».-«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ ատրպէյճանցի զինուորները Գեղարքունիքի մէջ սպառնալիքներ տուած են սպանացի լրագրողներու հասցէին: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է կազմակերպութեան թուիթըրեան էջին վրայ: «Գեղարքունիքի մէջ ատրպէյճանցիները սպառնալիքներ տուած են տեղւոյն իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներուն, որոնք դիրքերու մասին նիւթ պատրաստած են», ըսուած է կազմակերպութեան գրառումին մէջ: «Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութիւնը դատապարտած է լրագրողներու նկատմամբ նման անընդունելի արարքը: