Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը այսօր՝ 24 Յունիսին բաւարարած է յատուկ քննչական ծառայութեան միջնորդութիւնը «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» Բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանը կալանաւորելու առնչութեամբ: «Հայաստան» դաշինքը իր ընտրական ցուցակի 20-րդ թիւի, փրոֆէսոր Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը գնահատած է որպէս բացայայտ քաղաքական հետապնդում, որ կիրառուած է փաստացի ընտրութիւններէն ամիջապէս վերջ ձեւաւորուած խորհրդարանական ամենամեծ ընդդիմադիր ուժին դէմ: Իրենց այս եւ անցած օրերուն գրանցուած այլ քայլերով իշխանութիւնները շատ ուղիղ ցոյց տուին, որ նուիրուած կը մնան երկիրը ապօրինութիւններով կառավարելու, իսկ իրականութեան մէջ` պետութիւնը քայքայելու գործելաոճին: «Հայաստան» դաշինքը խստօրէն կը դատապարտէ անուանի բժիշկ Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը եւ առաւելագոյնը պիտի ընէ ` արդարութիւնը վերականգնելու համար: