«Արմէնփրէս».-Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 7 Յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ռուսիա: Մոսկուայի մէջ տեղի կ’ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի  եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը:

Նիկոլ Փաշինեանն ու Վլատիմիր Փութին կը քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական օրակարգին առնչուող հարցեր:

Կողմերը կը քննարկեն նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքին  ռազմական գործողութիւններէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու, տարածաշրջանի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկութեան կապերու վերականգնումին առնչուող հարցեր: