7 Յուլիսին «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, Հայաստանի ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՀ-ի ԱՄՆ դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժնի ղեկավար Քիմպերլի Զափֆէլ, քաղաքական հարցերու մասնագէտ Լիլիթ Օհանեան: ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցը կը ներկայացնէին ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ԳՄ անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Աշոտ Սիմոնեան: Դեսպան Թրէյսին, ողջունելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նոր կազմը, մասնաւորապէս ընդգծեց իր հետաքրքրութիւնը յետընտրական իրողութիւններով պայմանաւորուած` կուսակցութեան որդեգրած քաղաքական առաջնահերթութիւններուն եւ ծրագիրներուն առնչութեամբ: ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» դաշինքի մտահոգութիւններն ու գնահատականները Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական մթնոլորտի, նախընտրական խախտումներու, պարբերական ջարդին եւ օրէնքի կամայականութիւններուն առնչութեամբ: Ի. Սաղաթէլեան ընդգծեց նաեւ, որ ՀՅԴ օրակարգին մէջ կը շարունակեն առաջնահերթութիւններ մնալ ՀՀ անվտանգային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնահարցը: ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Լ. Գալստեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ երկրին մէջ արձանագրուող` ժողովրդավարութեան յետընթացին, նաեւ կարեւոր համարեց Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը: Դեսպան Թրէյսին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ Հայաստանի ժողովրդավարական, տնտեսական ու ընկերային կառավարման աջակցելու` իրենց յանձնառութեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ մօտէն պիտի հետեւի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ պիտի աջակցի գերիները վերադարձելու աշխատանքներուն: Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր համարեցին փոխադարձ շփումներն ու հետագայ գործակցութեան կարելիութիւնները: