Վայրկ­եա­նը տառ է
Ժա­մը` բառ
Օրը` տող
Շա­բա­թը` պար­բե­րու­թիւն
Ամի­սը` հատ­ուած
Տա­րին` էջ
Կեան­քը` հա­տոր:
Խօս­քը ձայն է
Գոր­ծը` ար­ձա­գանգ
Յի­շե­ցու­մը` փսփ­սուք
Խրա­տը` բարձ­րա­խօս
Աղօթ­քը` հո­գե­խօս
Աւե­տա­րա­նը` աստ­ուա­ծա­խօս:
Եսա­պաշ­տը քմա­հաճ է իր մտա­ծու­մով, մե­ծա­միտ է իր խօս­քով եւ ինք­նա­հա­ճոյ է իր գոր­ծե­րով:
Եսա­պաշ­տը իր կամ­քը կը պար­տադ­րէ, նոյ­նիսկ երբ ընդ­հա­նու­րը                  կը մեր­ժէ իր գա­ղա­փա­րը:
Եսա­պաշ­տը աթո­ռին սի­րա­հարն է, դիր­քին` մու­րաց­կա­նը եւ փառ­քին ծա­ռան:
Եսա­պաշ­տը եսա­կեդ­րոն եւ այ­լա­մերժ է: Չի կր­նար այ­լա­սէր ըլ­լալ:
Մեր մէջ ես մը կայ, որ կա­րի­քը ու­նի սանձ­ուե­լու եւ զսպ­ուե­լու, այ­լա­պէս կը վե­րած­ուի վնա­սա­բեր հրէ­շի մը:
Եսէն մեն­քի տա­նող ճամ­բան խո­նար­հու­թիւնն է:
Եսէն հրա­ժա­րե­լու դե­ղա­գի­րը Աւե­տա­րանն է:
Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լը գործ­նա­կան ձեւ մըն է, որով կա­րե­լի կ’ըլ­լայ մեր եսին մղում­նե­րը սահ­մա­նագ­ծել:
Մե­ծար­ուե­լու ակն­կա­լու­թիւն ու­նե­նա­լը ժխ­տա­կան զգա­ցում մըն է, որուն հե­տե­ւան­քով եսա­պաշ­տը յու­սա­խա­բու­թիւն կ’ապ­րի:
Եսա­պաշ­տը միշտ ալ կը կար­ծէ թէ բա­ւա­րար չա­փով չէ գնա­հատ­ուած: Այս խաբ­կան­քը հո­գե­կան բար­դոյթ կը պատ­ճա­ռէ:
Ծոյ­լը ժա­մա­նա­կը վատ­նող եւ օրա­ցոյ­ցի թեր­թիկ­նե­րը մա­հազ­դի վե­րա­ծող յան­ցա­գործ է:
Ծոյլ մար­դը ոչ միայն պա­րա­պու­թե­նէ կը տա­ռա­պի, այ­լեւ ու­րիշ­նե­րուն գոր­ծի յա­ջո­ղու­թեան ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ:
Ծոյ­լը պտ­ղա­բեր պար­տէ­զը կը վե­րա­ծէ փշա­բեր անա­պա­տի:
Ծու­լու­թիւնը գար­շա­հոտ ճա­հիճ մըն է, որուն մէջ չկայ շար­ժում կամ կեան­քի գե­ղեց­կու­թիւն:
Ծոյլ մար­դուն սիր­տը մեղ­քի աղ­բա­ման է, որուն մէջ կու­տակ­ուած են տե­սա­կա­ւոր մա­հա­բեր մո­լու­թիւն­ներ:
Ծոյլ մար­դը ձր­ի­ա­կեր է, ճակ­տի ար­դար քր­տին­քով աշ­խա­տե­լու կա­մե­ցո­ղու­թիւն չու­նի:
Ծոյ­լը կա­մա­ւոր ան­դա­մա­լոյծ մըն է, որ ինք­զինք կ’ար­գի­լէ աշ­խա­տան­քէ:
Մար­դը վե­րա­կա­ցու է: Ինք որ­պէս տն­տես հարկ է լաւ իմա­նայ կեան­քին ար­ժէ­քը եւ նպա­տա­կը:
Մար­դը սերմ­նա­ցան է: Ինք որ­պէս մշակ առա­տա­պէս ցա­նե­լու է բա­իք­ներ:
Մար­դը պա­տա­հա­կան գո­յու­թիւն չէ: Ինք իր երկ­րա­ւոր կեան­քի ըն­թաց­քին եզա­կի ներ­կա­յու­թիւն դառ­նա­լու է:
Մար­դը աստ­ուա­ծա­յին շնորհք­նե­րով օժտ­ուած է: Այդ տու­եալ­նե­րը իր ծա­ռա­յու­թեամբ ար­ժե­ւո­րե­լու է:
Մար­դը ան­թա­ղե­լի է իր հա­ւատ­քով, յի­շա­տա­կե­լի է իր գոր­ծե­րով եւ երա­նե­լի է իր կեան­քի օրի­նա­կով:
Երե­խան իր պար­զու­թեամբ, Երի­տա­սար­դը իր խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ ծե­րու­նին իր խո­հե­մու­թեամբ կեան­քը կը հա­մե­մեն:
Ծնուն­դը կեան­քի ար­շա­լոյսն է, երի­տա­սար­դու­թիւնը` մի­ջօ­րէն, ծե­րու­թիւնը` վեր­ջա­լոյ­սը:
Ծնուն­դը ան­մեղ ճիչ է, երի­տա­սար­դու­թիւնը ան­նա­հանջ կանչ, ծե­րու­թիւնը` անշ­շուկ հրա­ժեշտ:
Կեան­քի ելե­ւէջ­նե­րը ցոյց կու տան թէ տա­փակ ըն­թացք մը չէ մար­դուս պանդխ­տու­թեան տա­րի­նե­րը:
Մե­ռել­նե­րը հո­ղէն քա­նի մը թիզ վար են, ող­ջերն ալ հո­ղէն քա­նի մը թիզ վեր: Շատ չէ տար­բե­րու­թիւնը:
Մահ­կա­նա­ցու ըլ­լա­լը աստ­ուա­ծա­յին վճիռ է, իսկ ան­մա­հա­նա­լը՝ որո­շում:
Եթէ մահ չպա­տա­հեր հա­ւա­նա­բար մարդ արա­րա­ծը աւե­լի գա­զա­նա­բա­րոյ եւ չա­րա­նենգ պի­տի ըլ­լար:
Ցա­ւակ­ցու­թեան առի­թով կ’ըսենք. «Գա­ցո­ղը չի գար», բայց պէտք է աւելց­նել թէ. «Մնա­ցող­ներն ալ պի­տի եր­թան»:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան