Եր­կու­շաբ­թի, 19 Յու­լիս 2021-ի, առա­ւօտ­եան Հ. Գէ­որգ եր­կա­րա­տեւ ու համ­բե­րա­տար հիւ­ա­նդու­թե­նէ ետք եկե­ղեց­ւոյ Ս. Խոր­հուրդ­նե­րով զօ­րա­ցած՝ հո­գին յանձ­նեց իր Արա­րի­չին:
Հ. Գէ­որգ վար­դա­պետ ծնած է Հա­լէպ 1945-ին: Պա­տա­նի տա­րի­քին զգա­լով իր մէջ քա­հա­նա­յա­կան կո­չու­մը կը մեկ­նի Լի­բա­նան, Զմ­մա­ռու դա­րա­ւոր վան­քը, ապա Հռոմ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Լե­ւոն­եան Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան Ճե­մա­րա­նը շա­րու­նա­կե­լու իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը:
1972-ին, Գրի­գոր­եան քա­հան­այա­պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը յա­ջո­ղու­թեամբ աւար­տե­լով փի­լի­սո­փա­յա­կան եւ աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ու­սու­մը, կը վե­րա­դառ­նայ ծնն­դա­վայր Հա­լէպ, եւ նոյն տա­րին Յու­լի­սի 16-ին, կու­սակ­րօն քա­հա­նայ կը ձեռ­նադր­ուի ձե­ռամբ՝ Ար­հ. Գէ­որգ Արք. Լա­յէք­եա­նի, առաջ­նորդ Բեր­իոյ Թե­մի Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց, օծա­կից ու­նե­նա­լով՝ Գէ­որգ Սար­կա­ւագ Զա­պար­եա­նը:
Նո­րօծ Հ. Գէ­որգ Վար­դա­պետ, հա­ւատ­քով ու մեծ եռան­դով կը սկ­սի իր առա­քե­լու­թիւնը հիմք ու­նե­նա­լով Յի­սու­սի խօս­քե­րը. «Գա­ցէք աշա­կեր­տե­ցէք բո­լոր ազ­գե­րը, մկր­տե­ցէք զա­նոնք Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Ս. Հոգ­ւոյն անու­նով: Սոր­վե­ցու­ցէք անոնց պա­հել ինչ որ պատ­ուի­րե­ցի ձե­զի» (Մտ 28.19-20):
Հայր Գէ­որգ վար­դա­պետ տասն­եակ տա­րի­ներ ան­խոնջ նուի­րու­մով կը քա­հա­նա­յա­գոր­ծէ Ս. Փր­կիչ-Վար­վառ­իա եկե­ղեց­ւոյ մէջ, որ­պէս ժո­ղովր­դա­պետ: Առ ի քա­ջա­լե­րանք՝ 1983-ին կը ստա­նայ Գեր­յար­գել­ի­ա­կան տիտ­ղոս, վար­դա­պե­տա­կան գա­ւա­զան եւ մա­տա­նի, ձե­ռամբ՝ Պատր­ի­ար­քա­կան Կա­ռա­վա­րիչ Արհ. Անդ­ր­է­աս Եպս. Պե­տօղլ­եա­նի:
Լու­սա­հո­գի Հ. Գէ­որգ Վար­դա­պետ տա­րի­ներ կը ծա­ռա­յէ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ (Էլ Իման) ճե­մա­րա­նէն ներս, գոր­ծա­կից ու­նե­նա­լով Հ. Պետ­րոս Վրդ. Միր­ի­ա­թեա­նը (այժ­մու Առաջ­նորդ):
1988-ին, անո­ղոք հիւան­դու­թիւնը (Լի­բա­նան ծանր գոր­ծո­ղու­թեան են­թարկ­ուե­լուն պատ­ճա­ռաւ) կը մա­րէ իր մէջ եռանդն ու նուի­րու­մը ան­դա­մա­լու­ծե­լով իր ոտ­քե­րը (կեան­քը): Սա­կայն այս դժ­բախ­տու­թիւնը ան կր­ցաւ յաղ­թա­հա­րել Քրիս­տո­սի հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւատ­քով, յոյ­սով ու սի­րով. նշա­նա­բան առ­նե­լով Մեծ Վար­դա­պե­տին խօս­քե­րը. «Եթէ մէ­կը ու­զէ իմ ետե­ւէս գալ՝ թող ու­րա­նայ իր ան­ձը եւ իր խա­չը առ­նէ ամէն օր եւ հե­տե­ւի ին­ծի» (Ղկ 9.23): Եւ որ­պէս քա­ջա­լե­րանք, Արհ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան, Առաջ­նորդ Բեր­իոյ Թե­մի Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց, 1995-ին, աշ­խա­տան­քի կը հրա­ւի­րէ զինք, վե­րան­ուա­նե­լով՝ ժո­ղովր­դա­պետ իր շատ սի­րե­լի Ս. Փր­կիչ եկե­ղեց­ւոյ: Կը նշա­նակ­ուի հո­գե­ւոր վա­րիչ թ՛է (Հա­ւատք եւ Լոյս) Զուարթ­նոց Թե­րաճ Մա­նուկ­նե­րու Խմ­բա­կին եւ թէ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Աղ­քա­տախ­նամ Միու­թեան:
1996-ին, Ս. Փր­կիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ կը հիմ­նէ Ս. Հոգիի եղ­բայ­րու­թիւնը:
1997-ին, կը տօ­նէ իր քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան 25-ամ­եա­կը Գո­հա­բա­նա­կան Ս. Պա­տա­րա­գով Ս. Փր­կիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ Արհ. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեա­նի, որ Պա­տա­րա­գի աւար­տին զինք կը պատ­ուէ Լան­ջա­խա­չով մը:
2004 թուա­կա­նին Արհ. Գերա­պայ­ծառ Տէ­րը զինք կը նշա­նա­կէ Առաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ, որ կը վա­րէ հա­ւա­տար­մու­թեամբ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին օրե­րը:
Լու­սա­հո­գի Հայր Գէ­որգ իր վախ­ճա­նու­մէն երեք օր առաջ հիւան­դա­նո­ցին մէջ տօ­նեց իր Քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան 49-ամ­եա­կը, որուն 33 տա­րի­նե­րը խաչ­եալ, աթո­ռա­կի վրայ աղօ­թեց, գոր­ծեց տա­ռա­պե­լով: Տք­նե­ցաւ ապ­րե­ցաւ ճշ­մա­րիտ խա­չին խոր­հուր­դը, ի խն­դիր Աս­տու­ծոյ փառ­քին եւ հո­գի­նե­րու փր­կութ­եան, իր ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ, անձն­ուի­րու­մով եւ անս­պառ առա­քե­լու­թեամբ:
Լու­սա­հո­գի Գեր­յար­գելի­ին թաղ­ման արա­րո­ղու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ, Չո­րեք­շաբ­թի, 21 Յու­լիս 2021-ի, առա­ւօտ­եան ժա­մը 11:00-ին, Մայր Օգ­նու­թեանց Աթո­ռա­նիստ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Պատր­ի­ար­քա­կան կա­ռա­վա­րիչ՝ Արհ. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեա­նի Առաջ­նորդ Բեր­իոյ Թե­մի Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց:
Արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին հայ եւ քրիս­տոն­եայ բո­լոր հա­մայն­քա­պե­տնե­րը, վար­դա­պետ­ներ, մայ­րա­պետ­ներ, վախ­ճան­եա­լին հա­րա­զատ­նե­րը, պե­տա­կան պատ­կան մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, եկե­ղե­ցա­կան-ազ­գա­յին, բա­րե­սի­րա­կան, կր­թա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ժո­ղովր­դա­կան հոծ բազ­մու­թիւն մը:
Աւար­տին՝ վախ­ճան­եալ գեր­յար­գելի­ին մար­մի­նը հանգ­չե­ցաւ եկե­ղեց­ւոյ յա­տուկ դամ­բա­րա­նին մէջ:
Խունկ ու աղօթք իր յի­ա­շատ­կին:
Կո­մի­տաս Ա. Քհնյ. Տա­տաղլ­եան