23 Յու­լիս: «Օրն էր Ուր­բաթ, լու­սի Շա­բաթ»…
Պատ­կե­րաս­փիւ­ռին դի­մաց նս­տած, կը դի­տեմ Թոք­իո­յի (տա­րի մը ու­շա­ցած) Ողիմպ­ի­ա­կան­նե­րուն բաց­ման արա­րո­ղու­թե­նէն լրատ­ուա­կան հատ­ուած­ներ: Գրե­թէ բո­լոր կա­յան­նե­րուն առա­ջին լուրն է Թոքի­օն. մա­հաս­փիւռ ողո­ղում­նե­րու, սա­հանք­նե­րու, հա­մա­ճա­րա­կին եւ քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը տե­ղը տուած են Ողիմպ­ի­ա­կան­նե­րուն:
Հրա­վա­ռու­թիւն, ցու­ցադ­րա­կան պատ­կեր­ներ՝ եր­գով ու մար­զա­կան շար­ժում­նե­րով: Մար­զա­կան ՈԳԻն մր­ցակ­ցու­թեան ելած է խորհր­դա­նիշ­նե­րու եւ ազ­նիւ խոր­հուրդ­նե­րու հետ, որոնք կը պատ­կեր­ուին վաս­տակ կեր­տած մար­զիկ­նե­րու եւ անոնց բարձ­րա­ցու­ցած դրօ­շը աւե­լի՛ վեր ծա­ծա­նե­լու կամ­քով ամ­րա­ցած նո­րեկ­նե­րու կող­մէ: Թե­նի­սի ճա­փոն­ցի հռ­չա­կա­ւոր մար­զի­կ մը ար­ժա­նա­ցած է «բա­գի­նը» վա­ռե­լու պատիւին: Ան հան­դի­սա­ւոր կեր­պով կը բարձ­րա­նայ ճա­փոն­ցի­նե­րու սըր­բա­զան լե­ռը հա­մա­րուող՝ Ֆու­ճի լե­րան նմա­նա­կը պատ­կե­րող բր­գա­ձեւ կա­ռոյ­ցէ մը վեր եւ կը վա­ռէ խա­րոյ­կը: Ձայն-ծպուն չկայ: Անաղ­մուկ, առանց խան­դա­վառ ծա­փող­ջոյն­նե­րուն, կը տո­ղան­ցեն աւե­լի քան 200 եր­կիր­նե­րէ Թոքիօ հա­սած մար­զիկ­նե­րը՝ մեծ ու փոքր խում­բե­րով: Մեր «Փոքր ածու»ին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կան անոնց շար­քին: Մե­տալ­նե­րու հունձ­քը երա­զե­լով, ասոնք տա­րի մը համ­բե­րած են (հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռով)՝ իրենց ար­ժա­նիք­ներն ու վար­պե­տու­թիւն­նե­րը ցու­ցադ­րե­լու, ազ­նուօ­րէն մր­ցակ­ցե­լու հա­մար: Մար­զա­դաշ­տին վե­րեւ, մանր անօ­դա­չու ինք­նա­թիռ­ներ հրա­շա­լի ձե­ւեր-պատ­կեր­ներ կը կազ­մեն օդին մէջ, ցոյց տա­լով, որ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան այս պտու­ղը չէ ստեղծ­ուած թր­քա­բա­րոյ (նա­եւ իս­րա­յէ­լա­բա­րոյ, ամե­րի­կա­բա­րոյ եւ այլ) ոճիր­նե­րու արդ­ի­ա­կա­նաց­ման նպա­տա­կով:
Հա­մա­ճա­րա­կին տի­րա­պե­տու­թիւնը զգա­լի է տա­կա­ւին. վա­րա­կա­կիր­նե­րու թիւե­րը կը բարձ­րա­նան: Մար­զա­դաշ­տին մէջ, տո­ղանցք­ներն ու հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան պա­րապ աթոռ­նե­րու դի­մաց: Դուր­սը, փո­ղոց­նե­րուն մէջ, «Ողիմպ­ի­ա­կան Գիւղ»ին շուրջ տե­ղի կ’ու­նե­նան բո­ղո­քի ցոյ­ցեր, կը պա­հանջ­ուի խա­ղե­րուն չե­ղար­կու­մը: Վա­րա­կի հետ­քով ախ­տանշ­ուած մար­զիկ­ներ կը մե­կու­սաց­ուին, երազ­ներ կը շոգ­ի­ա­նան:
Աշ­խար­հը բա­ցա­ռա­պէս պատ­կե­րաս­փիւ­ռի պաս­տառ­նե­րէ պի­տի հե­տե­ւի մր­ցում­նե­րուն, որոնք պի­տի տե­ւեն մին­չեւ 8 Օգոս­տոս: Մար­զիկ­նե­րը պի­տի մաս­նակ­ցին քիչ մը նուազ խան­դա­վա­ռու­թեամբ, որով­հե­տեւ քա­ջա­լե­րող հան­դի­սա­կան­ներ պի­տի չըլ­լան: Ֆութ­պո­լի մար­զիկ­նե­րը այս իմաս­տով քիչ մը աւե­լի բախ­տա­ւոր են վեր­ջերս. հա­մա­ճա­րա­կին պար­տադ­րած ար­գելք­նե­րը մեծ մա­սամբ վերց­ուած են, դաշ­տե­րը բազ­մա­մարդ են եւ կեան­քով լե­ցուն. խրա­խոյ­սը կեն­սա­կան մէկ բա­ժինն է ՄԹ­ՆՈ­ԼՈՐ­Տին: Մենք ալ, հա­յերս, ակն­դէտ պի­տի սպա­սենք, որ Թոքիօ գա­ցած մեր մար­զիկ­նե­րը մե­տալ­ներ հն­ձեն մաս­նա­ւո­րա­բար բազ­կի ուժ գոր­ծա­ծող մար­զա­խա­ղե­րու մէջ, որ­պէս­զի տեղ մը զգանք, որ կա­րե­լի է ճա­կա­տը բարձր պա­հել…: Ո՛չ ոք պի­տի մոռ­նայ այն նշա­նա­խօս­քը, թէ՝ «կա­րե­ւո­րը մաս­նակ­ցիլն է, եւ ո՛չ թէ ան­պայ­ման յաղ­թե­լը»:
Թոք­իո­յի մէջ տի­րա­պե­տող ոգին ու­նի բա­ղադ­րիչ­ներ, որոնք ամ­փոփ­ուած են ընդ­հա­նուր նշա­նա­խօս­քին մէջ. Faster, Higher, Stronger, Together, այ­սինքն՝ աւե­լի՛ արագ, աւե­լի՛ բարձր, աւե­լի՛ ու­ժեղ, միա՛սնա­բար:
* * *
Լու­րե­րու այդ հատ­ուա­ծին հա­ղոր­դու­մը աւար­տած է: Կը մա­րեմ պատ­կե­րաս­փիւռս: Կէս մը ընկըղ­մած՝ կը մնամ փա­փուկ աթո­ռիս մէջ, գլուխս կը յե­նեմ յետ­սա­մա­սին: Կը զգամ, որ կա­մաց-կա­մաց կը թըռ­չիմ դէ­պի կէս քուն-կէս ար­թուն վի­ճակ (սա իւ­րա­յա­տուկ բան չէ. դո՛ւն ալ, ըն­թեր­ցո՛ղ, եր­բեմն չե՞ս իյ­նար նման կէս-արթմ­նի բայց հա­ճե­լի տրա­մադ­րու­թեան մէջ): Հա­ւա­նա­բար նման վի­ճակ­նե­րու մէջ է որ մարդս կ’ու­նե­նայ անր­ջա­յին պա­հեր, իսկ հան­ճար­նե­րը կ’ու­նե­նան տես­լիք­ներ (գի­տե՛մ. ես ո՜ւր, տե­սիլք ու­նե­ցո­ղը ո՜ւր…):
Կի­սա­խուփ կո­պե­րուս կա­մար­նե­րուն տա­կէն, պատ­կե­րաս­փիւ­ռիս սեւ պաս­տա­ռը կը տե­ղա­փոխ­ուի դէ­պի ու­ղե­ղիս են­թա­մա­սը եւ կի­սո­վին կը լու­սա­ւոր­ուի: Չեմ շար­ժիր, այլ կը սպա­սեմ, որ պաս­տա­ռին վրայ նոր տո­ղանցք­ներ սկ­սին:
Յու­սա­խաբ չեմ ըլ­լար: Կ’երե­ւի ան­սահ­ման տա­րա­ծու­թեամբ մար­գա­գե­տին մը, որուն վրայ ահա կը սկ­սի բո­լո­րո­վին տար­բեր տո­ղանցք մը, որ մար­զա­կան չէ, այլ… (քիչ ետք դո՛ւք անուն մը տուէք անոր): Պաս­տա­ռը քիչ մը աւե­լի կը լու­սա­ւոր­ուի:
Առա­ջին տո­ղան­ցող­ներն են գունդ-գունդ ֆե­տա­յի­ներ՝ իրենց հնա­մե­նի զէն­քե­րով ու լեռ­նա­կա­նի զգես­տա­ւո­րու­մով: Առաջ­նորդ­նե­րը բարձ­րա­ցու­ցած են կար­միր պաս­տառ մը, որուն վրայ յս­տա­կօ­րէն կ’երե­ւին «ԱԶԱ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ ԿԱՄ ՄԱՀ» բա­ռե­րը: Անոնց կը հե­տե­ւի քա­ղա­քա­յին վե­րար­կու եւ գլ­խարկ կրող երի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը, որուն շար­քին կան նա­եւ մի­ջին տա­րի­քի մար­դիկ: Անոնց պար­զած պաս­տա­ռին վրայ սուրն ու գրի­չը խա­չա­ձեւ­ուած են, կան շղ­թա­ներ փշ­րող բռունցք­ներ: Տո­ղ­ա­ան­ցող­նե­րը իրենց ձեռ­քե­րուն ու­նին գիրք ու թերթ, իսկ իբ­րեւ պաս­տառ՝ բարձ­րա­ցու­ցած են մեծ­կակ գրիչ­ներ:
Ահա կ’երե­ւի ան­ծայ­րա­ծիր բազ­մու­թիւն մը: Ասոնք նա­խորդ­նե­րուն պէս քիչ թէ շատ կա­նո­նա­ւոր շար­քե­րով չեն տո­ղան­ցեր, այլ ու­նին հա­լա­ծա­կա­նի եւ բռ­նա­գաղթ­ուա­ծի խառ­նաշ­փոթ վի­ճակ: Կար­ծէք թէ Տէր Զօ­րի անա­պատ­նե­րէն եկած են այս բիւ­րա­ւոր­նե­րը, որոնք կար­գին հագ ու կապ ալ չու­նին: Ասոնց քայ­լար­շա­ւը կը շա­րու­նակ­ուի եր­կար, կար­ծես թէ վերջ պի­տի չու­նե­նայ, սա­կայն մեր ժո­ղո­վուր­դը ու­նի իմաս­տուն խօսք մը. «Ամէն սկիզբ ան­պայ­ման որ վերջ մը կ’ու­նե­նայ»: Վեր­ջին շար­քե­րուն է ասոնց պաս­տա­ռա­կի­րը. «Մենք ի զուր չնա­հա­տակ­ուե­ցանք», գր­ուած է հոն:
Կի­սո­վին թմ­րած ու­ղեղս ար­դէն ըն­տե­լա­ցած է տո­ղանց­քին «տրա­մա­բա­նու­թեան»: Ահա պատ­կե­րաս­փիւ­ռիս պաս­տա­ռին վրայ կ’երե­ւի տո­ղան­ցող­նե­րու նոր եւ ստ­ուար խումբ մը. անոր մէջ, զի­նուո­րա­կան ու գրոց-բրոց մի­ա­խառն­ուած են: Բո­լո­րին աչ­քերն ու դէմ­քե­րը լու­սա­ւոր­ուած են պայ­քա­րի հրայր­քով: Անոնք կը կրեն պաս­տառ­ներ, որոնց վրայ ար­ձա­նագր­ուած են Մու­սա Լեռ, Ուր­ֆա, Վան, Շա­պին-Գա­րա­հի­սար, Ատա­նա, Զէյ­թուն, Մա­րաշ, Այն­թապ, Բաշ Ապա­րան, Ղա­րա­քի­լի­սա, ՍԱՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՊԱՏ, Լո­ռի, Սիւ­նիք, Ար­ցախ…
Յա­ջորդ խում­բը աւե­լի փոք­րա­թիւ է. անոնց առաջ­նոր­դը բարձ­րա­ցու­ցած է կար­միր դրօշ մը, որուն վրայ գր­ուած է մէկ բառ. ԱՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՀԱ­ՏՈՅՑ­ՆԵՐ: Այս խում­բին հե­տե­ւող­նե­րուն փա­ղան­գը աւե­լի մեծ է, իսկ անոնց դրօ­շին վրայ գր­ուած է ՎԵ­ՐԱ­ԿԱՆԳ­ՆՈՒՄ:
Փա­ղանգ­նե­րը կը յա­ջոր­դեն իրա­րու: Ահա խումբ մը՝ որ բա­ցա­ռա­պէս երի­տա­սարդ­նե­րէ կազմ­ուած է: Որ­քա՜ն նման են «ար­դա­րա­հա­տոյց­ներ»ուն: Անոնք բարձ­րա­ցու­ցած են բազ­մա­թիւ պաս­տառ­ներ. հա­զիւ կը հաս­նիմ որ­սա­լու մէկ քա­նին. «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը չէ մոռց­ուած», «Ար­դար հա­տու­ցու­մը ժա­մա­նակ չի ճանչ­նար», «Մենք ին­կանք, բայց մեզ­մէ շա­տեր կ’ապ­րին, ու պի­տի գան տա­կա­ւին» («Ուշ-ուշ են գա­լիս, բայց ո՛չ ու­շա­ցած», կը մտա­ծեմ)…
Յա­ջորդ փա­ղան­գը դարձ­եալ մե­ծա­թիւ է. ոմանք կու գան ձի­ա­վա­րե­լով, ու­րիշ­ներ՝ զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ­նե­րով ու հրա­սայ­լե­րով, կը կրեն թե­թեւ ու կի­սա­ծանր զէն­քեր. ոմանք բարձ­րա­ցած են զի­նուո­րա­կան բեռ­նա­կառ­քե­րու վրայ, որոնք օժտ­ուած են ծանր զէն­քե­րով, հր­թի­ռար­ձակ­նե­րով: Պաս­տառ­ներ չու­նին, բայց բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րը   յս­տակ կը լս­ուին. «Մենք ազա­տագ­րե­ցինք Շու­շին, Մար­տա­կեր­տը, Աս­կե­րա­նը, Մար­տու­նին, Վա­րան­դան, Լա­չի­նը, Քա­շա­թա­ղը, Քար­վա­ճա­ռը, Ար­ցա­խի գրե­թէ ամ­բողջ տա­րած­քը, հա­սանք Արաք­սի ափը: Մենք ո՛չ թէ խօս­քով, այլ գործ­քով ու նա­հա­տա­կու­թ­եա՛մբ փաս­տե­ցինք, որ Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է ու վե՛րջ…»:
Տո­ղանց­քը կը շա­րու­նակ­ուի: «Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է ու վերջ» դա­ւա­նող­նե­րուն կը հե­տե­ւին մեծ ու փոքր փա­ղանգ­ներ, որոնք, կաս­կած չու­նիմ՝ մաս­նա­կից­ներն են 2016-ի պա­տե­րազ­մին, Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խըն­թաց եւ յա­ջորդ «մանր» մար­տե­րուն. կը հաս­նի նա­եւ բա­ւա­կան մեծ խումբ մը, որուն բարձ­րա­ցու­ցած պաս­տա­ռին վրայ կը կար­դամ. «44 օր…»:
* * *
Երբ տո­ղանց­քը կը թուէր հա­սած ըլ­լալ լրու­մին, դաշ­տին կեդ­րո­նը պարզ­ուե­ցաւ անակն­կալ տե­սա­րան մը. չէի նկա­տած, որ տո­ղանց­քի պա­հուն, իւ­րա­քան­չիւր խում­բէ ու փա­ղան­գէ քա­նի մը հո­գի բաժն­ուած էին եւ գա­ցած-կանգ­նած դաշ­տին կեդ­րո­նը:
Տո­ղան­ցող­նե­րուն ոտ­քե­րուն կշ­ռու­թա­ւոր դո­փիւնը մա­րած էր, երբ դաշ­տին կեդ­րո­նը հա­մախմբ­ուած­նե­րուն շար­քե­րէն սկ­սան բարձ­րա­նալ մար­տա­կո­չի նման աղա­ղակ­ներ: Ձայ­նե­րը նախ մեղմ էին ու ան­հասկ­նա­լի, սա­կայն շու­տով վե­րած­ուե­ցան որո­տի եւ բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րը դար­ձան յս­տա­կօ­րէն լսե­լի:
Հա­յե՛ր: Ի՞նչ օրի հաս­ցու­ցած էք մեր հայ­րե­նիքն ու ազ­գը: Ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի տաք մեր ժո­ղո­վուր­դին տար­րա­կան իրա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար «եա­րի փո­խան զէնք գր­կած» եւ լեռ, սար ու ձոր ին­կած բա­զում ֆե­տա­յի­նե­րուն, երբ այ­սօր Ար­ցա­խի մեծ մա­սը կորսն­ցու­ցած էք, Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին շր­ջան­նե­րէն պա­տա­ռիկ­ներ կը նուի­րէք դա­րա­ւոր թշ­նամի­ին, սա կամ նա նեղ­միտ շա­հու հա­մար կը պատ­րաստ­ուիք նոր զի­ջում­նե­րու, հո­ղա­յին կո­րուստ­նե­րու:
Ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի տաք հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան, ժո­ղո­վուր­դի ազա­տու­թեան հա­մար զէնքն ու գրի­չը իրա­րու մի­աց­նող­նե­րուն, ժա­ռան­գորդ­նե­րուն այն հայ գիւ­ղացի­ին, որ «դա­րուց ի վեր սուր, զէնք չէր տե­սած», սա­կայն չերկմ­տե­ցաւ «դաշ­տը թո­ղե­լու եւ բա­հի տեղ զէնք վերց­նե­լու», ջուխտ եզը ծա­խե­լու, որ­պէս­զի «հա­զիւ քսան մէկ տա­րու» Կի­կո­յին զէնք գնէ, տա­նի-գրէ ֆե­տա­յի:
Կը պա­պան­ձի՞ք, երբ ձե­զի յի­շեց­նենք, որ Հա­յաս­տանն ու հա­յը ի սպառ բնաջն­ջե­լու եկած մեր թշ­նա­մին ինչ­պի­սի՛ հա­կա­հար­ուած ստա­ցաւ, այն ալ՝ ան­հա­ւա­սար ճա­կա­տում­նե­րու մէջ, իսկ մեր ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րը, անե­րե­ւա­կա­յելի­օ­րէն դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րու եւ խո­չն­դոտ­նե­րու դի­մաց, գտան ոճ­րա­գործ թշ­նամի­ին պա­րագ­լուխ­նե­րը եւ զա­նոնք գե­տին գլո­րե­ցին մէկ առ մէկ: Այդ բո­լո­րը կեղ­ծիք չէ­ին, ո՛չ ալ՝ «կեղծ կա­տա­կոր­իա»:
Մոռ­ցա՞ծ էք այն սե­րունդ­նե­րը, որոնք ոչին­չէն Հա­յաս­տան եւ Սփիւռք վե­րա­մարմ­նա­ւո­րե­ցին ու կազ­մա­կեր­պե­ցին, անա­սե­լի մար­տահ­րա­ւէր­ներ յաղ­թա­հա­րե­ցին, հող պատ­րաս­տե­ցին մեր վե­րա­կանգ­նող պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին հա­մար:
Ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի տաք այն երի­տա­սարդ­նե­րուն, որոնք իրենց մատ­ղաշ կեան­քե­րը զո­հա­բե­րե­ցին մեր Դա­տի բա­գի­նին վրայ, մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րե­ցին Պելկ­րատ, Լոս Ան­ճե­լըս, Լիզ­պոն եւ այլ փա­րո­սա­յին անուն­ներ:
Ին­չո՞ւ գլ­խի­կոր ու ձեռ­նա­թափ կը կանգ­նիք, ին­չո՞ւ չէք նա­խնտ­րեր ձեր ճա­կա­տը բարձր պա­հել, ի դի­մաց Ար­ցախ­եան Պայ­քա­րի բա­զում փու­լե­րու նա­հա­տակ­նե­րուն:
Ին­չո՞ւ կորսն­ցու­ցած էք իս­կա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րու մէջ կռան­ուած ձեր կամ­քը, եւ հա­ւատք կ’ըն­ծա­յէք այն թու­լա­մորթ­նե­րուն, որոնք հարց կու տան, թէ «կ’ար­ժէ՞ սա փոքր լի­ճին հա­մար պա­տե­րազ­մի մէջ մտ­նել», «մե­զի հա­մար արդ­եօք այդ­քան կա­րե­ւո՞ր է տժ­գոյն ու դըժ­բախտ Շու­շին» (մինչ­դեռ ահա՛ թշ­նա­մին իսկ սկ­սած է հպար­տու­թիւն կեղ­ծել՝ անոր տի­րու­թիւն խա­ղա­լով):
Մին­չեւ ո՞ւր կր­նայ նա­հան­ջել ձեր կամքն ու հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան մար­տու­նա­կու­թիւնը: Ին­չո՞ւ կը սպա­սէք, որ  «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»ն ալ խլ­ուի մայր հայ­րե­նի­քէն, հայ­կա­կան Ար­ցա­խը օր աւուր մխրճ­ուի մո­ռա­ցու­թեան եւ ան­տար­բե­րու­թեան տիղ­մին մէջ, «սահ­մա­նագ­ծում եւ սահ­մա­նա­զա­տում» ան­ուան տակ,  Հա­յաս­տան վե­րա­դարձ­ուի մօ­տա­ւո­րա­պէս այն սահ­ման­նե­րուն, որ ծնաւ Սար­դա­րա­պա­տէն ու Բաշ Ապա­րա­նէն, յե­տոյ, արիւ­նով, քր­տին­քով ու բազ­մա­ճիւղ պայ­քա­րով տա­րած­ուե­ցաւ քայլ առ քայլ, հաս­նե­լու հա­մար Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի սահ­ման­նե­րուն (քա­նի մը օրէն պի­տի նշէք նա­եւ անոր տա­րե­դար­ձը), իսկ շուրջ 30 տա­րի առաջ ալ ծա­ւա­լե­ցաւ դէ­պի հայ­կա­կան Ար­ցա­խի մեծ մա­սը:
Այս ու նման հար­ցում­նե­րու հե­ղե­ղին՝ ի՞նչ պա­տաս­խան ու­նիք: Ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի տաք մեր յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն: Փոր­թու­գալ­եա­նէն, Ռոս­տոմ­նե­րէն, Աւե­տիս­եա­նէն, Արա­բո­յէն, Աղ­բիւր Սե­րո­բէն, Մու­րա­տէն, Սա­սու­նի իշ­խան­նե­րէն, 20 կա­խա­ղան­նե­րէն, Խա­նա­սո­րի Նի­կոլ­նե­րէն, Վա­նի Արամ­նե­րէն, Տա­ճատ­նե­րէն ու Աղ­բալ­եան­նե­րէն մին­չեւ Լիզ­պո­նի Հինգ, մին­չեւ Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն ցայ­սօր ին­կող մեր նա­հա­տակ­նե­րէն նշոյլ մը չէ՞ մնա­ցած ձեր հո­գի­նե­րուն, քա­ղա­քա­կան կամ­քի՛ն մէջ:
Ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի տաք վաղ­ուան սե­րուն­դին, երբ հարց տան, թէ Բե­լը զգետ­նած Հայկն ու Նիւ­քա­րը պա­րիս­պի պա­տին ճա­կա­տէն գա­մած Արա­մը ինչ­պէ՞ս քա­նի մը ամս­ուան մէջ մե­ռան ձեր մէջ, երբ հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ կռա­նած էին մեր միտ­քերն ու հո­գի­նե­րը: «Թաւշ­եայ կամ պող­պատ­եայ յե­ղա­փո­խու­թիւն»նե­րը ինչ­պէ՞ս կը յա­ջո­ղին հա­յու­թեան գե­տին բազ­մա­դար­եան հու­նը ա՛յս­քան կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ փո­խել ու Եփ­րատն ու Արաք­սը վե­րա­ծել այլ գե­տե­րու մէջ կորս­ուե­լու պատ­րաս­տուող վտա­կի…:
***
…Լիզ­պո­նի նա­հա­տակ­նե­րը, անոնց ճամ­բան բա­ցող­ներն ու նոյն ու­ղին շա­րու­նա­կող­նե­րը, գի­տե՛նք՝ թէ ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի ստա­նան մեզ­մէ, հա­յու­թեան զանգ­ուած­նե­րէս, երբ վճ­ռենք մեր կեան­քէն վա­նել պար­տուո­ղա­կա­նու­թեան ու հայ­րե­նա­կո­րուս­տի յար­մա­րե­լու վեր­ջին նշոյ­լը: Ա՛յս պի­տի ըլ­լայ Նոր Հա­յուն, իս­կա­կա՛ն յե­ղա­փո­խա­կա­նին ան­վի­ճե­լի առա­քե­լու­թիւնը,
Որ­պէս­զի՝
Ճա­կա­տա­բաց պա­տաս­խան տանք մեր նա­հա­տակ­նե­րուն, հե­րոս­նե­րուն, Հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նող­նե­րուն եւ ամ­բող­ջա­կան Դա­տին կեն­սա­գործ­ման պայ­քա­րին հա­ւա­տա­րիմ զտա­րիւն զի­նուոր­նե­րուն:
Ս. Մահսերէճեան