Դի­տե­ցէք լու­սան­կա­րը, որ հա­տոր­նե­րու դառն պեր­ճա­խօ­սութ­եամբ մե­զի կ’ըսէ, թէ ով ենք մենք եւ ով է մեր թշ­նա­մին եւ ինչ է այն ու­ժը, որուն ձեռ­քե­րուն մէջ կը գտն­ուի մեր երկ­րին ղե­կը։ Հոս այլեւս նր­բե­րանգ­ներ չկան։ «Մեղ­մա­ցու­ցիչ դէպք յան­ցա­նաց»ներ գո­յու­թիւն չու­նին, որոնց ետին կա­րո­ղա­նաք պահ­ուը­տիլ։ Թշ­նա­մին է, որ օր-ցե­րե­կով կը ժպր­հի ձեր ար­ժա­նա­պատ­ուու­թիւնը քուր­ջի վե­րա­ծել եւ դուք ոչինչ ու­նիք ըսե­լու։
Թշ­նամիի խոշ­տան­գում­նե­րու զո­հը, այս պա­րա­գա­յին, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան  Մայր Եկե­ղե­ցին է, նոյ­նինքն Շուշիի Ս. Ամե­նափր­կիչ տա­ճա­րը, աշ­խար­հին ծա­նօթ որ­պէս Շուշ­ուայ Ղա­զան­չե­ցոց…Ան գե­րե­վար­ուած է, սր­բապղծ­ուած, անարգ­ուած եւ թշ­նամիի ամէ­նօր­եայ քմայք­նե­րուն եւ սա­տիզ­մին նշա­ւակ։
Թշ­նա­մին զայն խլեց առանց փամ­փուշտ մը իսկ վատ­նե­լու իր զի­նա­պա­հես­տէն։ Շու­շին եւ իր Սուրբ Ամե­նափր­կի­չը (եւ շատ ու­րիշ հայ­րե­նա­կան տա­րածք­ներ) պար­զա­պէս տր­ուե­ցան թշ­նամի­ին Նո­յեմ­բեր 9-ի Եռա­կող­մա­նի յայ­տա­րա­րու­թեամբ եւ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի գաղտ­նի ստո­րագ­րու­թեամբ։ Տր­ուե­ցան բո­լո­րո­վին ծա­ծո՛ւկ՝ ՀՀ Նա­խա­գա­հէն, ՀՀ Արտ­. գործ­. Նա­խա­րա­րէն, ՀՀ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն, ՀՀ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թե­նէն, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գա­հէն եւ պե­տա­կան օր­գան­նե­րէն եւ ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դէն։ Տր­ուե­ցան նենգ անձ­նատ­ուու­թ­եա՛մբ եւ մէ՛կ ան­ձի պա­տաս­խա­նատ­ուութ­եամբ եւ բա­ցէ ի բաց ոտ­նա­կոխ ընե­լով ՀՀ Սահ­մա­նադ­րու­թեան կող­մէ ճշտ­ուած վար­չա­պե­տա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։
Յս­տա­կաց­նենք ան­մի­ջա­պէս, որ Նո­յեմ­բեր 9-ի Եռա­կող­մա­նի Յայ­տա­րա­րու­թիւնը շատ հե­ռու է միջ-պե­տա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր ըլ­լա­լէ։ Ան նեն­գա­ւոր գոր­ծարք մըն է Ալիեւի, Մոսկ­ուա­յի եւ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի միջեւ։ Եթէ մեր ժո­ղո­վուր­դը պի­տի խօ­սի իր խղ­ճով եւ ար­ժա­նա­պատ­ուու­թեամբ եւ մտա­ծէ մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան դիր­քե­րէն, մեր ժո­ղո­վուր­դը պի­տի բա­ցար­ձա­կա­պէս մեր­ժէ Նո­յեմ­բեր 9-ի այս լպիրշ թուղ­թը եւ դուրս շպր­տէ զայն ստո­րագ­րող վար­չա­պե­տը մեր երկ­րի քա­ղա­քա­կան բե­մէն եւ օրի­նա­կան հե­տապնդ­ման են­թար­կէ զայն առանց պահ մը իսկ դեդեւելու։
Այո, այս­պէս պէտք էր եղած ըլ­լար առա­ջին օրն իսկ, բայց չե­ղաւ։ Փաս­տը այն է, որ Փա­շին­եան դուրս չէ դր­ուած մեր երկ­րի քա­ղա­քա­կան բե­մէն։ Ան վերս­տին դր­ուած է իշ­խա­նու­թեան դիր­քե­րուն վրայ։ Եւ այ­սօր մենք հար­կադր­ուած ենք հաշ­ուի նս­տե­լու մեր ազ­գա­յին այս մեծ ող­բեր­գու­թեան հետ։
Հի­մա հարց տանք մենք մե­զի։ Ո՞վ է իս­կա­կան պա­տաս­խա­նա­տուն Շուշիի եւ Ղա­զան­չե­ցոց Եկե­ղեց­ւոյ գե­րե­վար­ման ընդվ­զե­ցու­ցիչ փաս­տին։ Ո՞վ է, որ իս­կա­պէս թոյլ կու տայ այս հս­կայ անար­գան­քը ուղղ­ուած՝ մեր ինք­նու­թ­եա՛ն։ Նի­կո՞լն է։ Մոսկ­ուա՞ն է։ Արեւմո՞ւտքն է։ Իրա՞նն է։ Իս­րա­յէ՞լն է։ Նի­կո­լի ջա­տա­գո­վա­կան դաշ­տի կոյր գոր­ծիչ­նե՞րն են։ Թէ՞ մեր երկ­րի ապա­քա­ղա­քա­ցի­նե՛րը՝ որոնք իրենց անող­նա­յար կեց­ուած­քով եւ անո­րա­կե­լի վար­քագի­ծով Նի­կոլ­ներ կը վե­րար­տադ­րեն։ Թէ՞ մեր երկ­րի կո­տո­րակ­ուած ընդ­դի­մու­թի՛ւնն է, որ չի կր­նար մի­ա­ւոր­ուիլ եւ ոտ­նա­քարշ ար­տաք­սել այս օտա­րո­տին մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի հար­թա­կէն։ Թէ՞ առ­հա­սա­րակ բո­լոր անո՛նք՝ որոնք չեն կր­նար կտ­րել գորդ­եան հան­գոյ­ցը եւ վճ­ռա­կա­նօ­րէն բա­նալ ճամ­բայ…Ո՞վ։
Նո­յեմ­բեր 9-ի փաս­տա­թուղ­թը,և հա­կա­ռակ իր ապօ­րի­նի կար­գա­վի­ճա­կին,և այն­ուա­մե­նայ­նիւ կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել իր ճա­կա­տագ­րա­կան աւե­րը։ Ձե­ռամբ Նի­կո­լի՝ ան թշ­նամի­ին յանձ­նեց մեր հայ­րե­նի­քի կեն­սա­կան տա­րա­ծու­թիւն­նե­րը եւ դեռ կը շա­րու­նա­կէ յանձ­նել՝ ամէն օր աւե­լի ան­պաշտ­պան եւ ան­պաշտ­պա­նե­լի դարձ­նե­լով մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը։ Հարց տուէք դուք ձե­զի, թէ իս­կա­պէս ի՞նչ բան է այս փաս­տա­թուղ­թը, որ օրը-օրին կ’արա­գաց­նէ մեր ազ­գա­յին գա­հա­վէ­ժը մեզ ազ­գո­վին մղե­լով յան­ցա­ւոր ան­գոր­ծու­թեան։
Պա­տաս­խա­նը յս­տակ է։ Ան ու­րիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ թշ­նամի­ին կող­մէ պար­տադր­ուած մի­ա­կող­մա­նի պայ­մա­նագ­րու­թիւն մը։ Գոր­ծարք մը եւ գոր­ծիք մը մի­ա­ժա­մա­նա՛կ՝ որ մեր երկ­րի իշ­խա­նու­թեան իսկ ձեռ­քով վերջ կը դնէ մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կեն­սա­կան յե­նա­րան­նե­րուն եւ օր-ցե­րե­կով կը գրէ մա­հավ­ճի­ռը մեր գո­յու­թեան։
Եւ բա­րա­ցու­ցա­կան է այն աղա­ղա­կող իրո­ղու­թիւնը, որ յիշ­եալ փաս­տա­թուղ­թը նոյ­նիսկ չէ կր­ցած լու­ծել ռազ­մա­գե­րի­նե­րու հար­ցը։ Չէ կր­ցած՝ քա­նի որ այս փաս­տա­թուղ­թը չէ ստեղծ­ուած որեւէ հարց լու­ծե­լու հայ­կա­կան կող­մին հա­մար։ Ան ստեղծ­ուած է պար­զա­պէս առեւան­գե­լու հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը եւ բռ­նի հա­յա­թափ­ման տա­նե­լու մեր հայ­րե­նի­քի վեր­ջին այս պա­տա­ռի­կը, որ դա­րե­րու ընդ­մէ­ջէն պահ­պան­ուած է ան­դուլ պայ­քար­նե­րով եւ ծով արիւ­նով։ Նո­յեմ­բեր 9-ի փաս­տա­թուղ­թը ստեղծ­ուած է մեզ վե­րա­ծե­լու անար­մատ սփիւռ­քի եւ ան­խա­րիսխ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան՝ մե­ծա­պե­տու­թիւն­նե­րու այս ովկ­ի­ա­նո­սին մէջ։ Ան ստեղծ­ուած է մի­ան­գա­մընդ­միշտ բնա­ջինջ ընե­լու մեր ան­կա­խու­թեան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հո­ղը։
Նկա­տի առ­նե­լով վե­րո­յիշ­եա­լը մենք կ’ըսենք՝
Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի կող­մէ գլ­խա­ւոր­ուած պար­տու­թեան այս վար­չա­կար­գը չի կր­նար ներ­կա­յա­նալ աշ­խար­հին որ­պէս հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հա­րա­զատ ձայ­նը։ Ան կապ չու­նի մեր ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րուն հետ։ Ան կապ չու­նի մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հետ։ Իր քա­ղա­քա­կան էու­թեամբն իսկ ան գոր­ծիքն է թշ­նա­մի ու­ժե­րուն՝ կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ փե­տուր­նե­րով զար­դար­ուած ըլ­լայ ան։ Կարեւոր չէ, թէ ինչ­պի­սի՞ «մե­ծա­մաս­նու­թիւն» ան հա­ւա­քած ըլ­լայ վեր­ջին ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։ Չմոռ­նա՛լ՝ որ նման «մե­ծա­մաս­նու­թիւն» գո­յա­ցու­ցած էր նաեւ այն իսկ իշ­խա­նու­թիւնը, զոր մեր­ժե­լով եւ որուն ոտ­նա­հետ­քե­րով ինք եկաւ իշ­խա­նու­թեան։
Այժ­մէն իսկ յս­տակ թող ըլ­լայ պար­տու­թեան վար­չա­կար­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Իրենց բիւ­զան­դա­կան «մե­ծա­մաս­նու­թիւն»նե­րը մեզ չեն տպա­ւո­րեր եւ ի վեր­ջոյ պի­տի չկր­նան խա­բել ՀՀ քա­ղա­քա­ցին։  Այդ «մե­ծա­մաս­նու­թիւն»նե­րով դուք միայն յա­ջո­ղած էք ան­դա­մա­լու­ծել հայ պե­տա­կա­նու­թեան օրէնս­դիր գոր­ծըն­թա­ցը եւ վերջ տուած՝ բազ­մա­կար­ծու­թեան կեն­սա­կան ռե­ժի­մին։ Դուք իրա­ւազր­կած էք ոչ միայն մեր ժո­ղո­վուր­դը, այլեւ ձեր իսկ իշ­խա­նու­թիւնը եւ զայն վե­րա­ծած տխ­մար բռ­նա­տի­րու­թեան մը՝ որ կը կա­պէ միայն ձեր ձեռ­քե­րը։ Նո­յեմ­բեր 9-ի փաս­տա­թուղ­թով դուք մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնն է, որ տա­րած էք հա­ւա­քա­կան ինք­նաս­պա­նութ­եան, տա­րած էք գե­րե­վար­ման եւ այ­սօր այդ Մեծ Ռազ­մա­գե­րին է, որ կը հե­ծէ թշ­նամիի լու­ծին տակ։
Հետեւաբար այ­սօր մեր գործն է շր­ջել գե­րե­վար­ման այս եպե­րե­լի գոր­ծըն­թա­ցը եւ ան­գամ մը եւս տէր կանգ­նիլ մեր խոշ­տանգ­ուած ժո­ղո­վուր­դին։ Մեր գործն է տէր կանգ­նիլ մեր ազա­տու­թեան, մեր ան­կա­խութ­եան, մեր երկ­րի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, մեր հոգեւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, մեր պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան եւ մեր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պատ­ուու­թեան։ Ինչ­պէս միշտ՝ ասի­կա մե՛ր գործն է, ԴԱՇ­ՆԱԿ­ՑՈՒ­Թ­ԵԱ՛Ն ԳՈՐ­ԾԸ եւ գոր­ծը բո­լոր անոնց, որոնք պատ­րաստ են առանց այլեւայ­լի դի­մագ­րա­ւե­լու մեր երկ­րի ազա­տագր­ման այ­սօր­ուան մար­տահ­րա­ւէ­րը։ Եւ ոչ մէկ շին­ծու իշ­խա­նու­թիւն կր­նայ կե­նալ մեր եւ մեր պատ­մա­կան այս առա­քե­լութ­եան միջեւ։
Հասկ­նա­լով հան­դերձ մեր հա­սա­րա­կու­թեան կեան­քը բզկ­տող գո­յու­թե­նա­կան եր­կուու­թիւն­նե­րը, այնու­ա­մե­նայ­նիւ մենք կը հա­ւա­տանք, որ դա­սալ­քու­թիւնը այ­լընտ­րանք չի կր­նար ըլ­լալ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Մի՛ հաշ­ուէք ատոր վրայ։ Մենք կը հա­ւա­տանք, որ մեր երկ­րի քա­ղա­քա­ցին ան­պայ­ման պի­տի ընտ­րէ զգաս­տու­թիւնը։ Պի­տի ընտ­րէ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան քա­ջու­թիւնը։ Ան հա­մա­կե­ցու­թեան պի­տի չգայ Փա­շին­եա­նի պար­տու­թեան վար­չա­կար­գին հետ։ Ան պի­տի մեր­ժէ պար­տու­թիւնը։ Պի­տի մեր­ժէ Նո­յեմ­բեր 9-ի եռա­կող­մա­նի դա­ւը մէկ­դի հրե­լով բո­լոր կաս­կա­ծե­լի «խնա­մա­խօս»նե­րը։
Մեր երկ­րի հա­րա­զատ ինք­նու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը պի­տի կանգ­նին ոտ­քի։ Պի­տի վե­րախմբ­ուին եւ հիմ­նո­վին պի­տի մեր­ժեն  պար­տու­թեան հետ ապ­րե­լու ձեր բոլշեւիկ­եան դա­ւա­նան­քը։
Անոնք պի­տի չյանձ­նեն մեր եր­կի­րը։ Անոնք պի­տի չսո­ղան թշ­նամի­ին առջեւ։ Անոնք գոր­ծիք պի­տի չդառ­նան մե­ծա­պե­տու­թեանց ձեռ­քին։ Անոնք պի­տի մեր­ժեն գե­րու­թիւնը։ Անոնք ետ պի­տի բե­րեն այն ամէն ին­չը, զոր դուք տուիք թշ­նամի­ին։ Այն ինչ, որ դուք տուիք թշ­նամի­ին, ձեր իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ, ձե­զի չէր պատ­կա­ներ։ Այդ բո­լո­րը կը պատ­կա­նին մե­զի եւ այդ բո­լո­րը մենք ենք, որ ետ պի­տի բե­րենք։
Թէ­կուզ գեր­մարդ­կա­յին զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով, թէ­կուզ ժա­մա­նա­կի նոր ապա­ռաժ­ներ հա­լեց­նե­լով, մենք քար առ քար պի­տի հո­յա­կեր­տենք այն եր­կի­րը, ուր -Թու­ման­եա­նի ան­մահ բա­ռե­րով- «ձգ­տում է մեր հո­գին» եւ որուն ար­ժա­նի են մեր զա­ւակ­ներն ու թոռ­նե­րը այժմ եւ միշտ եւ յա­ւիտ­եան։
Կար­միր գի­ծե­րը քաշ­ուած հա­մա­րե­ցէք։ Կը կրկ­նե՛մ։ Կար­միր գի­ծե­րը քաշ­ուած հա­մա­րե­ցէք եւ չկաս­կա­ծիք, որ Շուշիի մեր սգա­ւոր տա­ճա­րին զան­գե­րը պի­տի նո­րէն ղօ­ղան­ջեն երկ­րէ եր­կիր։
Կարօ Արմէնեան