Հա­ւատ­քը ար­մատն է, յոյ­սը՝ կոճ­ղը, սէ­րը՝ դա­լար ճիւ­ղը:
Հա­ւատ­քը ըն­դա­ռա­ջումն է, յոյ­սը՝ հաս­տա­տում, սէ­րը՝ կա­տա­րում:
Հա­ւատ­քը ներ­կան է, յոյ­սը՝ ապա­գան, սէրն՝ է յա­ւիտ­եանն:
Հա­ւատ­քը աստ­ուա­ծա­հա­ճոյ է, յոյ­սը՝ աստ­ուա­ծադ­րոշմ, սէ­րը՝ աստ­ուա­ծա­կեդ­րոն:
Հա­ւատ­քը ըն­ծա­յում է, յոյ­սը՝ նուի­րում, սէ­րը՝ թա­գադ­րում:
Հա­ւատ­քը՝ կան­թեղ է, յոյ­սը՝ ձէթ, սէ­րը՝ մշ­տա­վառ կրակ:
Հա­ւատ­քը՝ սկիզբն է, յոյ­սը՝ ըն­թացք, սէ­րը՝ շա­րու­նա­կե­լի:
Հա­ւատ­քը՝ պայ­քար է, յոյ­սը՝ գո­յա­պայ­քար, սէ­րը՝ յաղ­թա­կան երթ:
Հա­ւատ­քը՝ վկա­յու­թիւն է, յոյ­սը՝ ակն­կա­լու­թիւն, սէ­րը՝ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն:
Հա­ւատ­քը՝ նշ­խար է, յոյ­սը՝ օրհ­նու­թիւն, սէ­րը՝ սր­բու­թիւն:
Հա­ւատ­քը պա­տաս­խան է, յոյ­սը՝ հո­գե­խօս, սէ­րը՝ յա­ւեր­ժա­խօս:
Հա­ւատ­քը ելք է, յոյ­սը՝ բարձ­րա­ցում, սէ­րը՝ բարձ­րա­կէտ:
Հա­ւատ­քը մշա­կում է, յոյ­սը՝ ծաղ­կում, սէ­րը՝ պտ­ղա­բե­րում:
Հա­ւատ­քը հե­ռա­տես է, յոյ­սը՝ կան­խա­տես, սէ­րը՝ աստ­ուա­ծա­տես:
Հա­ւատ­քը խորհր­դա­ւոր է, յոյ­սը՝ լու­սա­ւոր, սէ­րը՝ փա­ռա­ւոր:
Հա­ւատ­քը կայծ է, յոյ­սը՝ ճրագ, սէ­րը՝ ջա­հերթ:
Հա­ւատ­քը ցո­րե­նի հա­տիկ է, յոյ­սը՝ ըն­տիր հասկ, սէ­րը՝ երկ­նա­էջ հաց:
Հա­ւատ­քը պա­րարտ են­թա­հող է, յոյ­սը՝ լաւ սերմ­նա­հա­տիկ, սէ­րը՝ առատ հունձք:
Հա­ւատ­քը ծի­ա­ծան է, յոյ­սը՝ անամպ հո­րի­զոն, սէ­րը լու­սա­շող երկ­նա­կա­մար:
Հա­ւատ­քը նշան է աստ­ուա­ծա­յին հա­ճու­թեան, յոյ­սը՝ կնիք է Տէ­րու­նա­կան, սէ­րը՝ ար­ժէք է քրիս­տո­ն­է­ա­կան:
Հա­ւատ­քը դարձ է ճշ­մար­տու­թեան, յոյ­սը՝ ու­ղին է խա­ղա­ղու­թեան, սէ­րը՝ պսա­կումն է առա­քի­նու­թեան:
Հա­ւատ­քը խոր­տա­կումն է կռա­պաշ­տու­թեան, յոյ­սը՝ ծա­նու­ցումն է բա­րե­պաշ­տու­թեան, սէ­րը՝ յայտ­նու­թիւնն է փր­կու­թեան:
Հա­ւատ­քը սիւնն է ու­ղիղ դա­ւա­նու­թեան, յոյ­սը՝ ար­մատն է բա­րե­պաշ­տու­թեան, սէ­րը՝ բուր­մունք է Եդե­մա­կան:
Հա­ւատ­քը թա­փօր է տօ­նա­կան, յոյ­սը՝ շքերթ վա­յել­չա­կան, սէ­րը՝ Կա­նա­յի հարս­նիք տե­ւա­կան:
Հա­ւատ­քը վե­րած­նունդ է, յոյ­սը՝ նո­րո­գու­թիւն, սէ­րը՝ պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն:
Հա­ւատ­քը խն­կար­կում է, յոյ­սը՝ մո­մա­վա­ռու­թիւն, սէ­րը՝ անձ­նա­զո­հու­թիւն:
Հա­ւատ­քը Սի­նա լեռ է, յոյ­սը՝ Թա­փոր լեռ, սէ­րը՝ Գող­գո­թա լեռ:
Հա­ւատ­քը վե­հու­թիւն է, յոյ­սը՝ վե­հա­փա­ռու­թիւն, սէ­րը՝ մե­ծա­փա­ռու­թիւն:
Հա­ւատ­քը աշա­կեր­տու­թիւն է, յոյ­սը՝ խորհր­դա­ծու­թիւն, սէ­րը՝ երա­նու­թիւն:
Հա­ւատ­քը՝ սր­բա­տուփ է, յոյ­սը՝ սր­բա­բոյր, սէ­րը՝ սր­բա­րան:
Հա­ւատ­քը զան­գա­կա­տուն է, յոյ­սը՝ վեր­նա­տուն, սէ­րը՝ գան­ձա­տուն:
Եղ­բայ­րա­սէ­րը տէրն է որ­բին, բա­րե­կամն է անօգ­նա­կա­նին եւ ցա­ւա­կիցն է տա­ռապ­եա­լին:
Աղօ­թա­սէ­րը զօ­րա­կիցն է վշ­տա­հա­րին, բա­րե­խօսն է մո­լոր­եա­լին եւ պա­տե­րազ­մա­կիցն է հա­ւա­տաց­եա­լին:
Բա­րե­սէ­րին ձեռ­քը օրհն­եալ է, նուէ­րը ըն­դու­նե­լի եւ ըն­թաց­քը գո­վե­լի:
Եկե­ղե­ցա­սէ­րը Տէ­րը պատ­ուե­լու, հա­ւա­քա­կան աղօթ­քին մաս­նակ­ցե­լու եւ օր­ուան խոր­հուր­դէն օրհ­նու­թիւն ստա­նա­լու ջերմ փա­փա­քը կ’ու­նե­նայ:
 Ըն­թեր­ցա­սէ­րը իս­կա­կան աշա­կերտն է սուրբ Մես­րո­պին, վա­ւե­րա­կան ժա­ռան­գորդն է Թարգ­ման­չաց սե­րուն­դին եւ ար­թուն հս­կիչն է լեզ­ուա­սի­րու­թեան:
 Ու­սում­նա­սէ­րը հա­րուստ մտա­պա­շար ու­նի, կր­նայ իր ու­նե­ցա­ծէն բա­ժին հա­նել իր շր­ջա­պա­տին:
Խա­ղա­ղա­սէր մար­դը հաշ­տու­թիւն առա­ջար­կող միջ­նորդ է:
Հայը եթէ օտար ափե­րուն մէջ հան­գիստ կը զգայ կը նշա­նա­կէ սկ­սած է օտա­րա­նալ եւ իր ինք­նու­թեան ար­մա­տէն հե­ռա­նալ:
Մար­դոց դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւնը բա­րի վա­րուց վկա­յա­գիր է, որ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու ճամ­բան կը հար­թէ:
 Եսին նկատ­մամբ չա­փա­զանց հա­մակ­րանք ու­նե­ցո­ղը չի կր­նար իր սխալ­նե­րը սր­բագ­րել:
 Եսին սի­րա­հար եղո­ղը չի կր­նար բնա­կան կեանք ապ­րիլ:
Ամուս­նա­կան կեան­քին մէջ եսը դա­հիճ մըն է, որ անխ­նայ կեր­պով կը գոր­ծէ ահա­ւոր ոճիր­ներ:
Տու­նին սր­բու­թիւնը մե­ծա­գոյն ար­գելքն է ամուս­նա­լուծ­ման:
Մեր վա­յե­լած բա­րիք­նե­րը պա­տա­հա­կան չեն, անոնք Աս­տու­ծոյ շնոր­հած օրհ­նու­թիւն­ներն են:
 Աշ­խար­հին պատ­կե­րը ամօ­թա­լի տեսք ու­նի մար­դոց չա­րու­թեան պատ­ճա­ռով:
Նեն­գա­մի­տը պիղծ խոր­հուրդ­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տայ եւ անի­րա­ւու­թիւն կը գոր­ծէ:
Չա­րա­մի­տը մար­դոց նկատ­մամբ անար­դար վար­մունք կը ցու­ցա­բե­րէ:
Խա­ւա­րա­մի­տը ճշ­մար­տու­թիւնը թա­ղե­լու կը հա­մար­ձա­կի:
Երկ­մի­տը չի կր­նար լա­ւը ընտ­րել, ճիշ­դը որո­շել եւ բարի­ին տա­րած­ման նպաս­տել:
Հնա­րա­մի­տը նեղ կա­ցու­թեան ատեն յար­մար լու­ծում­ներ կը գտ­նէ:
Նեղ­մի­տը տգի­տու­թեան եւ այ­լա­մեր­ժու­թեան կողմ­նա­կից է:
Իմաս­տու­նին խօս­քը ազ­դե­ցիկ է, խոր­հուր­դը շա­հե­կան եւ ապ­րե­լա­կեր­պը դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան:
Կեան­քի դպ­րո­ցին մէջ սոր­վե­լու եւ փոր­ձա­ռու­թիւն շա­հե­լու պա­տե­հու­թիւնը միշտ կայ: Վա­ւե­րա­կան աշ­կեր­տը կեան­քի դպ­րո­ցէն շր­ջա­նա­ւարտ չի կր­նար ըլ­լալ, այլ՝ նոր հանգր­ուան կը հաս­նի եւ տե­ւա­բար կա­տար­եա­լին կը ձգ­տի:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան