Ճա­կա­տա­մարտ­ե­րու Յաղ­թող Մար­դը
Երբ ան ճա­կա­տա­մար­տի վայ­րը գնաց՝ ստու­գե­լու հա­մար բա­նա­կին մէջ գտ­նուող իր զի­նուոր եղ­բայր­նե­րուն վի­ճա­կը եւ անոնց տա­լու իր հօր՝ Յես­սէ­ին կող­մէ անոնց ղրկ­ուած ու­տե­լի­քը, այն­տեղ տե­սաւ հե­թա­նոս Գող­ի­ա­թը, որ լկտ­ի­ա­բար կ’ար­հա­մար­հէր ու  կը նա­խա­տէր Կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ բա­նա­կը: Դա­ւիթ թէ­եւ երի­տա­սարդ էր, բայց Աս­տուծ­մով զօ­րա­ցած՝ կը յաղ­թէ Գող­ի­ա­թին:
Այդ օրը, անի­կա ոչ միայն կը սպա­նէ Փղշ­տա­ցի Գող­ի­ա­թը, այ­լեւ ճա­կա­տա­մար­տի ըն­թաց­քին մաս­նա­կից կը դառ­նայ ժո­ղո­վուր­դը առաջ­նոր­դե­լու ընդ­դէմ հե­թա­նոս­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ հա­լա­ծե­լու զա­նոնք եւ ջախ­ջա­խիչ յաղ­թա­նակ տա­նե­լու անոնց վրայ: Եւ այդ օրը վկա­յու­թիւնը կը դառ­նայ այն իրո­ղու­թեան, թէ ինչ­պէ՛ս Տէ­րը Դա­ւի­թին մի­ջո­ցաւ փր­կու­թիւն պար­գե­ւեց իր ժո­ղո­վուր­դին:
Այս այն Դա­ւիթն է, որ իր կեան­քին ըն­թաց­քին որոշ շր­ջան մը չար Սա­ւուղ թա­գա­ւո­րին կող­մէ հա­լած­ուե­ցաւ: Քա­նիցս Սա­ւուղ ու­զեց սպա­նել զինք, բայց չկր­ցաւ: Երբ Մեղ­քող Սա­ւու­ղին դուստ­րը Դա­ւի­թին սի­րա­հա­րած էր, թա­գա­ւո­րը ու­զեց զայն ամուս­նաց­նել Դա­ւի­թին հետ, որ­պէս­զի վեր­ջինս հե­թա­նոս­նե­րուն ձեռ­քը մատ­նէր (տե՛ս Ա.Թգ 18.17): Եւ այդ առի­թով անոր պատ­ուի­րեց, որ հա­րիւր հե­թա­նոս սպա­նէ եւ անոնց թլ­փա­տու­թիւնը իրեն բե­րէ եւ Դա­ւիթ հա­րիւ­րի փո­խա­րէն եր­կու­հա­րիւր հո­գի սպա­նեց (տե՛ս Ա.Թգ 18.20-27): Այս­պի­սով Դա­ւիթ կր­ցաւ մեծ գոր­ծեր կա­տա­րել Իս­րա­յէ­լի մէջ:
Դա­ւիթ Սա­ւուղ թա­գա­ւո­րէն փախ­չե­լով փղշ­տա­ցի­նե­րուն մօտ կ’ապաս­տա­նի եւ Սի­կե­լա­կի մէջ կը բնա­կի, եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րուն հետ պա­տե­րազմ­նե­րու մաս­նակ­ցե­լով յաղ­թա­կան դուրս կու գայ (Տե՛ս Ա.Թգ 27):
Այս բո­լո­րին մէջ մենք կը խօ­սինք Դա­ւիթ Մար­գա­րէ­ին մա­սին իբ­րեւ պա­տե­րազ­մի եւ պա­տե­րազ­մող մարդ, որ մե­զի հա­մար հո­գե­ւոր պա­տե­րազ­մի օրի­նակ է: Որով­հե­տեւ մենք այժմ Նոր Կտա­կա­րա­նին մի­ջո­ցաւ կը հասկ­նանք Հին Կտա­կա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պա­տե­րազմ­նե­րը, որոնք անե­րե­ւոյթ սա­տա­նա­յին, իր իշ­խա­նու­թեան եւ չար ոգի­նե­րուն դէմ պա­տե­րազմ­ներ են:
Դա­ւիթ թա­գա­ւոր ըլ­լա­լէ ետք սկ­սաւ Աս­տու­ծոյ պա­տե­րազմ­նե­րը մղել եւ իր բա­նա­կին գլու­խը ան­ցած միշտ յաղ­թա­կան դուրս եկաւ: Ան մե­ծա­մեծ նուա­ճում­ներ կա­տա­րեց, բազ­մա­թիւ ազ­գեր իրեն են­թար­կեց, եւ այն աս­տի­ճան եր­կի­րը մաք­րեց հե­թա­նո­սա­կան պաշ­տա­մունք­նե­րէն, որ նոյ­նիսկ ան­ձամբ յաղ­թեց այն ազ­գե­րուն, որոնց իս­րա­յէ­լա­ցի­ներ չէ­ին կր­ցած յաղ­թել խոս­տաց­ուած եր­կիր իրենց մտած ժա­մա­նակ, ու տի­րա­ցաւ անոնց ստաց­ուածք­նե­րուն:
Այս բո­լո­րին մէջ Դա­ւիթ ամե­նա­զօր Աս­տու­ծոյ մարդն էր, որուն մա­սին ըս­ուած է. «Դա­ւի­թը, Յես­սէի որ­դին, սր­տիս խօ­սող անձն է, որ ամ­բող­ջութ­եամբ իմ կամքս պի­տի կա­տա­րէ» (Գրծ 13.22): Մարդ մը, որ Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն կը քա­լէ:
(շար.3)
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան