ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը 28 Յուլիսին յայտարարութիւն տարածած է.
«27 Յուլիս 2021-ին եւ 28-ին լոյս գիշերը Ատրպէյճանը անգամ մը եւս ծաւալուն ռազմական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ:
Նախիջեւանի սահմաններուն մօտ Երասխ գիւղի, ինչպէս նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Սոթք գիւղի վրայ յարձակումներէն վերջ, սա արդէն երրորդ անգամն է մէկ շաբաթուան մէջ, որ Ատրպէյճանի յանցագործ իշխանութիւնները ոտնահարած են հրադադարի համաձայնագիրը եւ բացայայտօրէն խախտած են Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Կը հաղորդուի, որ մարտերը տակաւին կը շարունակուին, որուն հետեւանքով երէկ գիշեր երեք հայ զինուորական ծառայող զոհուած է ատրպէյճանական զինեալ ուժի կողմէն, եւ չորսը վիրաւորուած են:
Միջազգային հանրութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵՄ անդամ երկիրները պէտք է մէկընդմիշտ հասկնան, որ սա ոչ այլ ինչ է, քան նոր փորձ` շարունակելու հայերի ցեղային զտումները, որոնք սկսած են Արցախի մէջ 2020-ի պատերազմի ընթացքին: Այս ռազմական յարձակումը ցոյց կու տայ, որ ատրպէյճանա-թրքական միութեան վերջնական նպատակն է կործանարար հարուած հասցնել հայոց պետականութեան ու բռնապետներ Ալիեւի եւ Էրտողանի ցեղասպան նկրտումները իրականացնել, որոնք ի սկզբանէ սահմանուած են աւելի քան մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէն:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը վճռականօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական վերջին յարձակումները եւ կոչ կ’ուղղէ ԵՄ-ին, ինչպէս նաեւ ազատ աշխարհի ժողովրդավարական երկիրներուն միանշանակօրէն դատապարտել ատրպէյճանական շարունակուող յարձակումը Հայաստանի ինքնիշխան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին մէջ: Պէտք է կարելի ամէն քայլ ձեռնարկել քարիւղատոլարներէն յղփացած ատրպէյճանաթրքական բռնապետական եւ յարձակողական տանդեմը անյապաղօրէն կանգնեցնելու համար:
Աանպատժելիութիւնը եւ անխոհեմ «երկկողմանիութիւնը» հաւասար է նախայարձակողին աջակցելուն:
Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ` մենք մեր ղեկավարութենէն կը պահանջենք եւ կ’ակնկալենք շիտակութիւն եւ արդարութիւն»: