Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմերու եւ փողերախումբերու աւանդական տողանցք, մասնակցութեամբ՝ Հալէպի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու սկաուտներուն եւ փողերախումբերուն:
ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտները նախ իրենց մասնակցութիւնը բերին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած խաղողօրհնէքի արարողութեան, որմէ ետք փողերախումբերուն առաջնորդութեամբ շքեղ քայլերթով տողանցքը սկիզբ առաւ Ս․ Աստուածածին եկեղեցիէն հասնելով մինչեւ Քեսապի համալիր, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաք: Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչը, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ ընկ. Վրէժ Եագուպեան, պետական բարձրաստիճան հիւրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ եղբ. Կարօ Գալայճեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի, Քեսապի, Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու սկաուտ խորհուրդները եւ հոծ բազմութիւն:
Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կողմէ արաբերէն խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Սագօ Քէչէճեան, որ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց ներկայիս տիրող դժուարութիւններէն դուրս գալու համար: Ան երախտագիտական եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար Ալ Ասատին՝ նախագահական երդման առիթով, այն իմաստուն նախագահին, որուն իմաստուն ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովուրդը կ’առաջնորդուի դէպի խաղաղ նաւահանգիստ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց սուրիական հայրենիքին, սուրիական բանակին, խաղաղութիւն մաղթեց նահատակներու հոգիներուն եւ բարի ապաքինում՝ բանակի վիրաւորներուն:
Այնուհետեւ օրուան պատգամը ռւղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յայտնելով, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ուխտաւորաբար եկած ենք միանալու քեսապահայութեան եւ գնահատելու անոր զաւակներուն կառչածութիւնն ու ամուր կեցուածքը հանդէպ սուրիական հայրենիքին եւ Քեսապի ազգային արժէքներուն: «Եկած ենք անգամ մը եւս հաստատելու, թէ սուրիահայը սուրիական հայրենիքին եւ անոր հողերուն ամբողջականութեան նկատմամբ իր հաւաքական կեցուածքը կ’արտայայտէ», աւելցուց ան:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց քեսապահայերուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կառչած կը մնան Քեսապին, կը պահեն քեսապահայութեան աւանդութիւններն ու ազգային արժէքները:
Այս առիթով, ան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ Հալէպի մէջ պատմական եւ անկիւնադարձային միջ-մասնաճիւղային տողանցք կազմակերպելէ ետք, այսօր եկած է Քեսապի աւանդութիւնը պահելու եւ միանալու քեսապահայութեան երթին:
Մասիս եպիսկոպոս նշեց, թէ խաղաղութեան տարիներուն թէ Սուրիոյ պատերազմէն ետք, սուրիահայերս հաւատարմութեամբ կը շարունակենք ծառայել սուրիական հայրենիքին եւ կը պայքարինք անոր ազատութեան համար, դրսեւորելով մէկ միասնական կեցուածք հանդէպ սուրիական հայրենիքին, որ մեզի կեանք տուաւ:
Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն, որպէսզի իրենց երթը շարունակելով սուրիահայութեան խօսնակը դառնան՝ յոյսի պատգամը փոխանցելով բոլորին:
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին սուրիական քայլերգի նուագակցութեամբ, պաշտօնական հաւաքը հասաւ իր աւարտին: