Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Յիշատակ Մեռելոցի օրը Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021-ին, Քեսապի աւանդութեան համաձայն, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ:
Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան: Ներկայ էր նաեւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը: Քեսապէն եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն մեծ թիւով ուխտաւորներ ժամանած էին իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրելու:
Պատարագի աւարտին, մատրան շրջափակի Սօսիի ծառին ներքեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ մատաղի եւ բկեղի օրհնութիւն, որմէ ետք Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ համայն ննջեցելոց հոգիներու խաղաղութեան համար: Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած աշխարհի խաղաղութեան եւ բժշկութեան համար, հայցելով Ս. Աստուածածնի բարեխօսութիւնը:
Յիշենք, որ Քեսապի աւանդութեան համաձայն մատաղը մարմանդ կրակի վրայ կը պատրաստուի նախորդ գիշեր մինչեւ լոյս առաւօտ, որուն ընթացքին քեսապցիներ զանազան շրջաններէ կը հաւաքուին Էսկիւրան, միասնաբար պատրաստելու մատաղը եւ տհոլի ու զուռնայի հնչեցուցած եղանակներուն ներքեւ մինչեւ լուսաբաց տօնական մթնոլորտի մէջ յիշատակելու Վերափոխման տօնը։
Օրհնուած մատաղն ու բկեղը բարեմաղթութիւններու փոխանակումով բաշխուեցան ներկայ հաւատացեալներուն։
Աւարտին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը ի պատիւ Սրբազան Հօր սարքեց սիրոյ ճաշ, որուն ներկայ գտնուեցան Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչը եւ արժանապատիւ քահանայ հայրը: Այս առիթով սրտի խօսքեր արտասանուեցան, որուն ընդմէջէն ներկաները Թեմիս Բարեջան Առաջնորդին բարի գալուստ մաղթեցին եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Սրբազան Հօր հովանաւորած բոլոր նախաձեռնութիւններուն համար իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին: