Զինաթող պատերազմիկը
Անհ­րա­ժեշտ էր, որ Դա­ւիթ պա­տե­րազ­մի զէն­քե­րը չլ­քէր, որով­հե­տեւ ինք կը հան­դի­սա­նար գե­րա­գոյն օրի­նա­կը, առաջ­նոր­դը, Աս­տու­ծոյ մար­դը եւ Տի­րոջ օծ­եա­լը: Աստ­ուած զինք էր, որ ընտ­րեց եւ ժո­ղո­վուր­դին վրայ իբ­րեւ օծ­եալ թա­գա­ւոր եւ առաջ­նորդ կար­գեց: Եւ ահա­ւա­սիկ Աս­տու­ծոյ մար­դը, ժո­ղո­վուր­դի առաջ­նոր­դը եւ պա­տե­րազ­միկ­նե­րուն պե­տը ինք­զինք զի­նա­թափ կ՛ընէ. եւ ասի­կա մե­ծա­գոյն սխալն էր, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Դա­ւիթ մար­գա­րէի կեան­քին մէջ:
Գու­ցէ մէ­կը ըսէ, որ Դա­ւի­թին կեան­քի մե­ծա­գոյն մեղ­քը անոր շնու­թեան մէջ իյ­նալն էր եւ ան­կէ յա­ռա­ջա­ցող հե­տե­ւանք­նե­րը: Սա­կայն, իրա­կա­նու­թեան մէջ, մեղ­քի բա­նա­լին կամ մեղ­քի առիթ տուող երե­ւոյ­թը ու­րիշ բան չէր եթէ ոչ՝ ինք­նի­րեն մտա­ծե­լը, որ ինք ար­դէն բա­ւա­րար պա­տե­րազ­մած է, ուս­տի պէտք է որ հի­մա հան­գիստ ընէ:
Մինչ բա­նա­կը կը պա­տե­րազ­մէր, Դա­ւիթ պա­լա­տին մէջ ան­գործ ու պա­րապ մնա­ցած էր: Իր զի­նուոր­նե­րը պա­տե­րազ­մի դաշտ գա­ցին, որ­պէս­զի կռ­ուին եւ իրենց արիւնը թա­փեն Դա­ւի­թի եւ անոր թա­գա­ւո­րու­թեան հա­մար, սա­կայն ինք պա­լա­տին մէջ մնաց, որ­պէս­զի հան­գիստ ընէ ու վա­յե­լէ:
Պա­տե­րազ­մէն յի­շա­տակ­ներ
Ո՞ւր է այն Դա­ւի­թը,  երբ առի­թով մը սաս­տիկ ծա­րաւ­ցած էր եւ խմե­լու ջուր չկար, իր մար­դոց­մէ երեք զօ­րա­ւոր­ներ ճեղ­քե­լով թշ­նամի­ին սահ­մա­նը ան­ցան, Բեթ­լե­հէ­մի ջր­հո­րէն ջուր քա­շե­լով ու­րա­խու­թեամբ բե­րին, որ Դա­ւի­թը խմէ, իսկ ան հե­տեւ­եա­լը ըսաւ անոնց՝ ինչ­պէս խմեմ այս ջու­րը, երբ ին­ծի հա­մար վտան­գի են­թար­կած ձեր կեան­քին գի­նով բե­րած էք զայն, եւ ջու­րը գե­տին թա­փեց, որ­պէս Տի­րոջ մա­տուց­ուած ըն­ծայ, ըսե­լով՝ ասի­կա ին­ծի հա­մար չէ, այլ՝ Տի­րոջ (տե՛ս Բ.Թգ 23.15-17): Ա՛յս է նախ­կին Դա­ւի­թը, իսկ ներ­կայ Դա­ւի­թը իր պա­լա­տը քաշ­ուած՝ իր զի­նուոր­նե­րուն կեան­քը վտան­գի կ’են­թար­կէ, վախ­նա­լով որ գու­ցէ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին սպանուի:
Քնա­ցած (հո­գե­պէս) ժա­մա­նակ Թշ­նա­մին կը յար­ձա­կի իր վրայ
«Օր մը՝ իրիկ­ուան դէմ՝ Դա­ւիթ իր ան­կող­ինէն ել­լե­լով պա­լա­տին տա­նի­քին վրայ կը պտը­տէր: Տա­նի­քին վրա­յէն կին մը տե­սաւ, որ կը լուաց­ուէր: Այն կի­նը տես­քով խիստ գե­ղե­ցիկ էր: Եւ Դա­ւիթ մարդ ղր­կեց ու այն կնոջ հա­մար հար­ցուց: Մէ­կը ըսաւ. «Ասի­կա Քե­տա­ցի Ուր­իա­յին կի­նը, Էլ­ի­ա­մին աղ­ջի­կը, Բեր­սա­բէն է»: Դա­ւիթ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ղր­կեց ու զա­նի­կա կան­չեց: Երբ կի­նը անոր եկաւ, Դա­ւիթ անոր հետ պառ­կե­ցաւ: Անի­կա իր ան­մաք­րու­թե­նէն դեռ նոր մաքր­ուած էր: Ետ­քը կի­նը իր տու­նը գնաց»(Բ.Թգ 11.2-4):
Կը տես­նենք, թէ ինչ­պէս Դա­ւիթ իրիկ­ուան դէմ, երբ տա­կա­ւին մու­թը չէր կո­խած ան իր պա­լա­տին տա­նի­քը բարձ­րա­ցած կը դի­տէ չորս դին եւ յան­կարծ աչ­քը կ’իյ­նայ դրացի­ին մերկ կնոջ վրայ, որ կը լոգ­նար: Դա­ւի­թին կիրքն ու ցան­կու­թիւնը եռա­լով՝ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի զօ­րու­թեամբ կար­ծէք կ’իշ­խեն իր վրայ: Երբ մարդ արա­րա­ծին վրայ  կիր­քը տի­րէ, ան կը կորսնց­նէ իր ու­ղիղ դա­տո­ղու­թիւնն ու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը: Եկե­ղեց­ւոյ Հայ­րե­րը կ’ըսեն. «Ագ­ռա­ւը երբ հա­ւը, թռ­չու­նը կամ անոր ձա­գը կ’որ­սայ եւ ու­տել կ’ու­զէ, անոր առա­ջին գոր­ծը կ’ըլ­լայ որ­սին եր­կու աչ­քե­րը կտ­ցա­հա­րել, որ­պէ­սզի անի­կա իր տե­սո­ղու­թիւնը կորսնց­նէ եւ այ­դպի­սով դիւ­րին որս մը կ’ըլ­լայ»:
Նոյն­պէս ալ սա­տա­նան կը վար­ուի մար­դուն հետ: Ամէն բա­նէ առաջ ան մար­դուն հո­գե­ւոր տե­սո­ղու­թիւնը կը կուրց­նէ, այլ խօս­քով՝ այն­պէս կ’ընէ, որ մարդ չա­րու­թիւնը իբ­րեւ սի­րե­լի եւ շատ գե­ղե­ցիկ բան մը տես­նէ, եւ երե­ւոյթ­նե­րը այն­պի­սի զար­դա­րան­քով եւ հրա­պոյ­րով կը ներ­կա­յաց­նէ, որ մարդ կը խաբ­ուի տես­նել ճշ­մար­տու­թիւնը…:
(շար.5)
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան