Ըն­ձե­ռել եւ ըն­ձեռ­նել
Մեր օրե­րը հի­մա կ’անց­նին լեզ­ուա­կան դառն ու աւե­լի դառն անակըն­կալ­նե­րով, որոնց հայ­թայ­թի­չը արե­ւե­լա­հայ իրա­կա­նու­թիւնն է իր բա­նա­ւոր ու գրա­ւոր խօս­քե­րով: Ամէն օր դէմ յան­դի­ման կը գտն­ուինք այ­լան­դա­կութ­եան մը, որ կու գայ գե­րա­զան­ցե­լու նա­խոր­դը ու այս­պէս շա­րու­նակ:
Ասոնց վեր­ջինն է ըն­ձեռ­նել-ըն­ձեռն­ուել:
Որով կը խա­թար­ուի լեզ­ուա­կան հա­զա­րամ­եակ­նե­րու աւանդ մը, որ օրին եղած է ըն­ձե­ռել-ըն­ձեռ­ուիլ  զոյ­գը ու այն­պէս ալ շա­րու­նա­կած է ան իր լու­սա­ւոր ու­ղին այս­քան դա­րեր՝ ի վեր­ջոյ զո­հը դառ­նա­լու հա­մար արե­ւե­լա­հա­յու չա­րա­շուք ան­փու­թու­թեան:
Իսկ բօ­թա­բեր աղ­բիւ­րը հան­դի­սա­ցաւ «Առա­ջին լրատ­ուա­կան»ը, ուր կար­դա­ցի. «Հա­յաս­տա­նին կ’ըն­ձեռն­ուի պատ­մա­կան նոր առիթ» (1-8-21):
Առա­ջին նուագ չու­զե­ցի հա­ւա­տալ աչ­քե­րուս, թէ կր­նայ նման բան մը տե­ղի ու­նե­նալ, մա­նա­ւանդ որ   լաւ տպա­ւո­րած են զիս  Ար­ման Բա­բա­ջան­եա­նի,- որ տէրն է այդ կայ­քին,- լեզ­ուա­կան բար­քե­րը, որոնք յա­րա­բե­րա­բար առողջ են բաղ­դա­տած իր շր­ջա­պա­տին:
Եւ զայն վե­րագ­րե­ցի ինչ-որ պա­տա­հա­կան վրէ­պի մը, շուա­րու­մի մը, բայց յե­տոյ չկր­ցայ խու­սա­փիլ դի­մե­լէ բա­ռա­րան­նե­րուն, որոնց բո­լորն ալ ու­նին  թէ՛ ըն­ձե­ռել-ըն­ձեռ­ուիլ դա­սա­կան ու­ղիղ ձե­ւը, թէ՛ ըն­ձեռ­նել-ըն­ձեռն­ուիլ աղա­ւաղ ձե­ւը:
Ոչ մէկ խտ­րու­թիւն հրէի ու հե­թա­նո­սի մի­ջեւ. իրենց դռ­նե­րը լայն բա­ցած են եր­կու­քին առ­ջեւ ալ:
Այս­պէս, երե­ւոյ­թը հան­դուրժ­ուած ու նուի­րա­կա­նա­ցած կը ներ­կա­յա­նայ Ակա­դեմ­իա­յի քա­ռա­հա­տո­րին մէջ, ուր կը գտ­նենք՝
-ըն­ձե­ռել  եւ  ըն­ձեռ­ուել-ըն­ձեռն­ուել
Իսկ Էդիկ Աղայ­եան աւե­լի առաջ եր­թա­լով լրա­ցու­ցած է յա­րա­ցոյ­ցը.
-ըն­ձե­ռել-ըն­ձեռ­ուել եւ ըն­ձեռ­նել-ըն­ձեռն­ուել
Այլ խօս­քով՝ հա­մար­ժէք կը նկատ­ուին՝  մէկ կող­մէ ըն­ձե­ռել-ըն­ձեռ­ուիլ, միւս կող­մէ՝ ըն­ձեռ­նել-ըն­ձեռն­ուիլ.  ոչ մէկ զգու­շա­ցում, ոչ մէկ ար­գելք, ոչ մէկ խտ­րու­թիւն:
Այս նուի­րա­գոր­ծու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է 20-րդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սին, այն կէ­սին, ուր կը գոր­ծէր «Տեր­մի­նա­բա­նա­կան կո­մի­տէն», որ են­թադ-ր­ուած էր իբ­րեւ ար­թուն պա­հակ՝ տնօ­րի­նել հա­յե­րէ­նի իւ­րա­քան­չիւր բառն ու հն­չիւնը: Ու տա­կա­ւին այդ կո­մի­տէ­ութ­եան կազ­մին մէջ էին թէ՛ Էդիկ Աղայ­եա­նը, թէ՛ Ակա­դեմ­իա­յի քա­ռա­հա­տո­րի  հե­ղի­նակ­նե­րէն շա­տե­րը:
Ու­րեմն մե­ղան­չու­մը, դուք ըսէք՝ դա­ւադ­րու­թիւնը,  կա­մա­ւոր ու  հա­մա­տա­րած էր:
Մինչ­դեռ կա­ցու­թիւնը տա­կա­ւին հիմ­նո­վին  տար­բեր էր  քա­նի մը տա­րի առաջ՝ Մալ­խաս­եա­նի օրե­րուն՝ 1944-ին: Ար­դա­ր­եւ այդ թուա­կա­նին Մալ­խաս­եան ըն­դու­նած է մի՛այն ըն­ձե­ռել,-  եւ ան­շուշտ ասոր կրա­ւո­րա­կա­նը,-  եւ մեր­ժած է ըն­ձեռ­նել-ը՝ ըն­թեր­ցո­ղը յղե­լով առա­ջի­նին՝  մի­ա­կին՝ ըն­ձե­ռել-ին:
Ի՞նչն էր եւ ին­չո՞ւ փոխ­ուե­ցաւ այդ քա­նի մը տա­րի­նե­րուն:
Փոխ­ուե­ցաւ բա­ռա­րա­նագ­րա­կան ամ­բողջ աշ­խար­հա­հայ­եացք մը, որ  թե­լադր­ուած  էր հա­մայ­նա­վար   սկզ­բուն­քէ մը,  որ  մա­հա­ցու էր ազ­գա­յին լե­զու­նե­րուն հա­մար: Իսկ այդ սկզ­բուն­քը կ’ըսէ. «Տու­եալ լեզ­ուին մաս կը կազ­մեն այն բո­լոր բա­ռա­ձե­ւե­րը, որոնք ժո­ղո­վուր­դը կը կի­րար­կէ իր պատ­մու­թեան մէկ փու­լին»:
Ահա մեկ­նե­լով այս սկզ­բուն­քէն ալ՝ բա­ռա­րա­նա­գի­րը են­թադր­ուած է տեղ տալ աղա­ւաղ­ուած ձե­ւե­րուն եւս, եթէ անոնք կի­րար­կու­թեան կար­գա­վի­ճակ ստա­ցած են հան­րու­թեան կող­մէ:  Այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ ալ՝  բա­ռա­րա­նա­գի­րը պար­տի իր բա­ռա­րա­նին մէջ տեղ տալ  ըն­ձեռ­նել-ըն­ձեռն­ուիլ-ին ու նման­նե­րուն եւս, քա­նի հան­րու­թիւնը այդ­պէս կ’ար­տա­սա­նէ այդ բա­ռը եւ նման­նե­րը: Այլ խօս­քով՝ բա­ռին տէ­րը հան­րու­թիւնն է եւ ոչ թէ բա­ռա­րա­նա­գի­րը, որ ոչ մէկ ուղ­ղոր­դա­կան-ընտ­րո­ղա­կան  դեր ու­նի այս պա­րա­գա­յին:
Այս սկզ­բուն­քին առ­ջեւ տե­ղի տա­լով է որ արե­ւե­լա­հայ բա­ռա­րան­նե­րը ողող­ուե­ցան հա­զա­րա­ւոր ու տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր թուրք-ազեր­ի­ա­կան ու եւ­րո­պա­կան ծա­գում ու­նե­ցող բա­ռե­րով: Մեր այն­քան շնոր­հա­լի բա­ռա­րա­նա­գիր­նե­րը, որոնք են­թադր­ուած էին ու­րոյն ու­սու­ցիչ­նե­րը դառ­նա­լու հա­յե­րէ­նին, դադ­րե­ցան զայն   առաջ­նոր­դե­լէ, դադ­րե­ցան գուր­գու­րա­լէ անոր անա­ղար­տու­թեան վրայ:
Այ­սօր  մի­ջին արե­ւե­լա­հա­յը ոչ իսկ գի­տէ, օրի­նակ, որ  խա­բար (լուր), չախ­մախ (հրա­հան), չո­բան (հո­վիւ), չփ­լախ (մերկ)  թր­քե­րէն են. շատ-շատ պի­տի ըսէ՝ ժո­ղովր­դա­յին են: Կամ թէ՝ աբորտ (վի­ժում), բանկ (դրա­մա­տուն), դե­բիլ (յի­մար, թե­րաճ), իմիջ (պատ­կեր, կեր­պար) օտար՝ եւ­րո­պա­կան բա­ռեր են: Ոչ միայն չեն կր­նար պատ­կե­րաց­նել նման նկա­տո­ղու­թիւն մը, այ­լեւ յի­մա­րի տեղ կը դնեն քեզ, եթէ փոր­ձես ակ­նար­կել, ա՛լ չեմ ըսեր…դար­ձի հրա­ւի­րել զի­րենք: Այս այս­պէս է վար­ձա­կառ­քի  յե­տին վա­րոր­դէն մին­չեւ բարձ­րա­գոյն ակա­դե­մա­կանն  ու մտա­ւո­րա­կա­նը: Մար­դիկ պար­զա­պէս դադ­րած են խրտ­չե­լէ «օտար» եզ­րէն  եւ լսել ան­գամ չեն ու­զեր նման բան:
Այս տու­եալ­նե­րով՝ ո՞ւր է  ժո­ղո­վուր­դը կր­թե­լու եւ զայն վե­րա­հա­յաց­նե­լու մի­ջո­ցը, որով­հե­տեւ ստու­գա­պէս վե­րա­հա­յա­նա­լու կա­րի­քը ու­նի ան, եւ այդ կա­րի­քին գո­հա­ցու­մը կախ­եալ է մաս­նա­ւո­րա­բար մտա­ւո­րա­կա­նու­թե­նէն: Ճիշդ է, որ լե­զուն ժո­ղո­վուր­դը կը շի­նէ,  եւ ան չի խնա­յեր օտա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու փո­խա­ռու­թեան,  սա­կայն զայն առաջ­նոր­դո­ղը, մաք­րո­ղը, որա­կա­ւո­րո­ղը են­թադր­ուած է ըլ­լալ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը՝ մաս­նա­ւո­րա­բար  բա­ռա­րա­նա­գի­րը, գրո­ղը, բայց նա­եւ լրագ­րո­ղը, ու­սու­ցի­չը եւ այլն:
* * *
Այս կա­ցու­թիւնը շր­ջե­լու առա­ջին առողջ քայ­լե­րէն մէ­կը կր­նայ ըլ­լալ արե­ւե­լա­հայ բա­ռա­րան­նե­րէն թուրք-ազեր­ի­ա­կան ու եւ­րո­պա­կան բա­ռե­րու ար­տաք­սու­մը, որ­պէս­զի արե­ւե­լա­հայ մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րը անոնց­մով հա­ղորդ­ուե­լու եւ զա­նոնք իւ­րաց­նե­լու առի­թէն զերծ մնան: Ճիշդ է, մէկ օրէն միւ­սը անոնք պի­տի չվեր­անան առօր­եայ բար­քե­րէն, սա­կայն բա­ռա­րա­նա­յին նե­ցու­կի բա­ցա­կա­յու­թիւնը շատ բան կը փո­խէ կա­ցու­թե­նէն:
Այս­տեղ գտ­նուող թր­քե­րէն բա­ռե­րուն գրե­թէ բո­լո­րը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ եւս, սա­կայն անոնք որե­ւէ ատեն բա­ռա­րան չեն մտած «բար­բա­ռա­յին, գա­ւա­ռա­կան, ժո­ղովր­դա­խօ­սակ­ցա­կան» մեր­ժե­լի պի­տակ­նե­րու տակ, որով կա­րե­լի եղաւ հա­րիւ­րա­ւոր-հա­զա­րա­ւոր թր­քե­րէն բա­ռե­րու վե­րա­ցու­մը մեր բար­քե­րէն:
Միւս կող­մէ որե­ւէ աղա­ւաղ­եալ բառ իր կար­գին չէ մտած արեւմ­տա­հայ  բա­ռա­րան, որ­քան ալ ժո­ղո­վուր­դը կառ­չած ըլ­լայ անոր, այլ՝ տեղ տր­ուած է դա­սա­կան-վա­ւե­րա­կան բա­ռա­ձե­ւե­րուն միայն:
Արմենակ Եղիայեան