ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի «Շա­ւարշ Քրիս­եան» տա­րե­կան բա­նա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 9-15 Օգոս­տոս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, մաս­նակ­ցու­թեամբ 145 քոյր-եղ­բայր­նե­րու։ Բա­նա­կու­մը ըն­թա­ցաւ մտեր­միկ եւ ջերմ մթ­նո­լոր­տի մէջ։ Հոն սկաուտ­նե­րը զին­ուե­ցան տե­սա­կան եւ  գործ­նա­կան նոր գի­տե­լիք­նե­րով։ Յայ­տա­գի­րը կ’ընդգր­կէր հե­տա­խու­զա­կան ար­շաւ­ներ,  դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­ներ, եր­գի ու­սու­ցում, բա­նա­կու­մի կարգ ու կա­նոն, պտոյտ դէ­պի ծով եւ խրախ­ճանք­ներ։
Կի­րա­կի, 15 Օգոս­տոս 2021-ին, Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման Տօ­նի Առի­թով սկաուտ­նե­րը  մաս­նակ­ցե­ցան Խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի արա­րո­ղու­թեան, ապա տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած աւան­դա­կան տո­ղանց­քը, ուր սկաուտ­նե­րը շե­փո­րա­խում­բին ըն­կե­րակ­ցութ­եամբ տո­ղան­ցե­ցին դէ­պի Հա­մա­լիր։ Այն­տեղ, սր­բա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց բո­լոր ՀՄԸՄ-ական­նե­րը եւ բա­րի երթ մաղ­թեց անոնց։
Իսկ Կի­րա­կի, 15 Օգոս­տոս 2021-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 7։30-ին, Քե­սա­պի բա­նա­կա­վայ­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի «Շա­ւարշ Քրիս­եան» տա­րե­կան բա­նա­կու­մի խա­րու­կա­հան­դէ­սը։
Խա­րու­կա­հան­դէ­սին ներ­կայ գտն­ուե­ցան  Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եան, Սուրիոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի Պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Դոկտ.  Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վար­չութ­եան ան­դամ եղբ. Մա­նուկ Քէ­օշ­կէր­եա­նը, Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դա­մը, Պատ­կան Մար­մի­նի ան­դամ­ներ, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Կա­րօ Գա­լայճ­եան, ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին Սկաուտ խոր­հուրդն ու խմ­բա­պե­տու­թիւնը, ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Ալեք­սան Պալ­եան, ՀՄԸՄ-ի  Քե­սա­պի եւ Լա­թաք­իոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­ներն ու սկաուտ խոր­հուրդ­նե­րը, հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հրա­ւիր­եալ­ներ:
ՀՄԸՄ-ի շե­փո­րա­խում­բը  բա­նա­կա­վայ­րէն ներս հն­չե­ցուց Սուր­ի­ա­կան եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րը, ապա ար­տա­սան­ուե­ցան  հա­յե­րէն եւ արա­բե­րէն բաց­ման խօս­քե­րը։
 Շա­ւարշ Քրիս­եա­նի ծննդ­եան 135-րդ ամ­եա­կի առի­թով սկաուտ­նե­րը եռա­գոյն դրօշ­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցին բաց­ման պատ­կեր, ապա քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը հան­դի­սա­տես­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին բուրգ, չա­փա­կան մար­զանք, գա­ւա­զա­նով մար­զանք, հայ­կա­կան եւ արա­բա­կան պա­րեր։
Օր­ուան բե­մա­վա­րը հրա­ւի­րեց Սկաուտ խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ եղբ. Աբիկ Խա­չոյ­եա­նը հո­վա­նա­ւո­րե­լու հա­մար փոխ խմ­բա­պետ եւ վա­րիչ առաջ­նորդ աս­տի­ճան­նե­րու տու­չու­թիւնը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ճիւ­ղի խմ­բա­պետ եղբ. Յա­կոբ Ու­րի­շիկ­եա­նի ձե­ռամբ։
Խա­րու­կա­հան­դէ­սի աւար­տին սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը Աստ­ուա­ծա­մօր Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին առի­թով, ապա յայտ­նեց, որ խա­րու­կա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին բո­լոր ներ­կա­նե­րը վկա­նե­րը դար­ձան ՀՄԸՄ-ի նուի­րա­կան առա­քե­լու­թեան։ Տէր Մա­սիս աւելց­նե­լով ըսաւ, որ մեր պարտքն է յար­գել յի­շա­տա­կը այն հիմ­նա­դիր­նե­րուն, որոնք հի­մը դրին այս միու­թեան, որ­պէս­զի եկե­ղեց­ւոյ կող­քին ըլ­լայ նա­եւ այն­պի­սի ուժ մը, որ կա­րե­նայ երի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմ­բել մեր եկե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն շուրջ։ Ան շեշ­տեց, որ ՀՄԸՄ-ը միշտ կան­գուն է իր երի­տա­սարդ ու­ժե­րով, որոնք մա­քուր նկա­րագ­րով եւ ծա­ռա­յու­թեան ոգի­ով տէր կը կանգ­նին մեր նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րուն։ Աւար­տին, սր­բա­զան հայ­րը աղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աստ­ուած եւ խնդ­րեց Ամե­նա­կա­լէն, որ պա­հէ մեր Սուր­ի­ա­կան Հա­յր­ենի­քը, Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը, ինչ­պէս նա­եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ըն­տա­նի­քը։
Խա­րու­կա­հան­դէ­սէն ետք, սկաուտ­նե­րը շր­ջա­նակ մը կազ­մե­լով եր­գե­ցին Հրա­ժեշ­տի եր­գը՝ յա­ջորդ տա­րի դարձ­եալ  հան­դի­պե­լու յոյ­սով։
Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան