«Մատաղ» հայերէն բարդ բառ մըն է, որ մեծ հաւանականութեամբ ծագած է գրաբարեան «մատոյ աղ» բառակապակցութենէն, որ ըստ Գ. Տա­թե­ւացի­ին կը նշանակէ «մատուցէ՛ աղ»։ Ըստ այսմ «մատաղօրհնութիւն»ն ալ կը նշանակէ՝ մատուցուած աղի օրհնութիւն։
Քրիս­տո­նէ­ու­թեան պե­տա­կան կրօն հռ­չակ­ուած օրե­րէն ար­դէն հաս­տատ­ուած է մա­տա­ղի կար­գը Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չին կող­մէ, երբ Սուրբ Պա­տա­րա­գէն ետք մի­ա­սին կը հա­ւաք­ուէ­ին «Սի­րոյ ճա­շին»՝ մա­տա­ղին շուրջ, որ ամ­բող­ջու­թեամբ կը մա­տուց­ուէր հիւանդ­նե­րու, աղ­քատ­նե­րու եւ կա­րի­քա­ւոր­նե­րու:
Մա­տա­ղը կ’ըլ­լար երախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­լու Աս­տու­ծոյ ամէն տե­սա­կի չա­րիք­նե­րէ եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րէ մարդ­կու­թիւնը ազա­տած ըլ­լա­լուն հա­մար:
Մա­տա­ղին նիւ­թե­րը եղած են կեն­դա­նին ու աղը: Նախ պէտք էր օրհ­նել մա­տա­ղին աղը եւ ետ­քը զայն տալ կեն­դա­նի­նե­րուն, այ­նու­հե­տեւ միայն կա­րե­լի կ’ըլ­լար մոր­թել կեն­դա­նին:
Աղը մաք­րու­թեան օրի­նակ էր, ինչ­պէս որ Քրիս­տոս ըսաւ իր աշա­կերտ­նե­րուն. «Դուք էք երկ­րին աղը» եւ որով­հե­տեւ Ադա­մի մեղ­սա­գոր­ծու­թեամբ մարդ­կու­թիւնը անէծ­քի տակ ին­կաւ եւ պղծ­ուե­ցաւ, ուս­տի աղը օրհ­նե­լով պէտք է մաքր­ուի ան, ապա զայն կեն­դանի­ին բե­րա­նը լեց­նե­լով պէտք է մաք­րէ նա­եւ կեն­դա­նին: Կեն­դա­նի­նե­րը կր­նան ըլ­լալ խո­յը, ար­ջա­ռը, աքա­ղա­ղը կամ աղաւ­նին եւ ըն­դուն­ուած կարգ էր մա­տաղ ընել միայն արու կեն­դա­նի­նե­րը:
Մա­տա­ղը կը խորհր­դան­շէ նն­ջեց­եալ­նե­րու յի­շա­տա­կը, փր­կու­թեան յոյ­սը, ողոր­մու­թիւնը եւ աղ­քա­տա­սի­րու­թիւնը, հե­տե­ւա­բար ըն­դու­նե­լի մա­տաղ­ներ են նա­եւ հա­ցե­ղէն, ու­տես­տե­ղէն, հա­գուս­տե­ղէն, դրա­մա­կան նուի­րա­տուու­թիւն­ներ կամ որե­ւէ այլ բա­րե­գոր­ծու­թիւն­ներ:
Մա­տա­ղը չենք կր­նար իրա­կա­նաց­նել Չո­րեք­շաբ­թի, Ուր­բաթ օրե­րը՝ շա­բա­թա­պահ­քե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ Մեծ Պահ­քի շր­ջա­նին:
Ար­գիլ­ուած է մա­տա­ղա­ցու կեն­դա­նին եկե­ղե­ցի մտց­նել, վասն­զի եկե­ղե­ցին դրախ­տի խոր­հուրդ ու­նի, այն­տեղ անա­սուն պէտք չէ մտց­նել:
Մար­դիկ յա­ճախ չհասկ­նա­լով մա­տա­ղին իմաս­տը եւ նշա­նա­կու­թիւնը մա­տա­ղա­ցու կեն­դանի­ին արիւնը կը քսեն իրենց տան դրան կամ իրենց ճա­կատ­նե­րուն ու ձեռ­քե­րուն: Այս արար­քը հե­թա­նո­սա­կան է եւ իմաս­տէ զուրկ: Մեր ճա­կատ­նե­րը կ’օծ­ուին Ս. Միւ­ռո­նով մկր­տու­թեան ժա­մա­նակ, իսկ անոր վրայ կեն­դանիի արիւն քսե­լը կը նշա­նա­կէ ետ­դարձ հե­թա­նո­սա­կան ծէ­սե­րու: Մա­տա­ղի մի­սը կա­րե­լի չէ նա­եւ պա­հել իբ­րեւ ու­տե­լիք, այլ պէտք է նոյն օրն իսկ բաշ­խել աղ­քատ­նե­րուն եւ ճա­շա­կել մայ­րա­մու­տէն առաջ:
Մա­տա­ղի կեն­դա­նին պէտք է մորթ­ուի հա­ւա­տաց­եալ աշ­խար­հա­կան տղա­մար­դու կող­մէ: Կեն­դանի­ին փո­րո­տի­քը, գլու­խը եւ այլ մնա­ցորդ­նե­րը պէտք է թա­ղել, որ­պէս­զի շու­նե­րու եւ կա­տու­նե­րու կեր չդառ­նան, քան­զի օրհն­ուած են:
Այս­պի­սով մա­տա­ղը խո­րա­պէս մար­դա­սի­րա­կան արա­րո­ղու­թիւն մըն է, որ կա­րե­լիու­թիւն կու տայ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն ողոր­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու եւ օգ­նե­լու աղ­քատ­նե­րուն ու կա­րօտ­եալ­նե­րուն:
Մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ հա­յոր­դիք ամէ­նու­րէք կը նշեն մա­տա­ղօրհ­նէ­քի սո­վո­րոյ­թը, զայն սեր­մա­նե­լով նոր սե­րունդ­նե­րուն մէջ, որ­պէս ար­ժա­նա­ւոր ժա­ռան­գորդ­ներ հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ, որ միշտ ամ­րա­կուռ բերդ մը հան­դի­սա­ցած է ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը խա­թա­րող եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը ապա­կա­նող հո­սանք­նե­րուն դի­մաց:
Անի Մինասեան