«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար հանդիպած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է 15-րդ Միջազգային ռազմարդիւնաբերական տօնավաճառի (IDEF 21) ընթացքին: Տօնավաճառին բացումը կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ երկկողմ գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Թրքական մամուլի հաւաստումով, նախարարները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի հետ սահմանին տիրող իրավիճակին: Հուլուսի Աքար անգամ մը եւս հաւաստիացուցած է, որ Թուրքիան կ’աջակցի «եղբայրական Ատրպէյճանի» հակահայկական գործունէութեան: