«Արմէնփրէս».-Թուրքիոյ մէջ սեւծովեան առափնեայ նահանգներուն մէջ գրանցուած հեղեղումներու հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 82-ի: Թրքական ԶԼՄ-ները յայտնած են, որ Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան (AFAD) փոխանցումով, Քասթամոնու նահանգէն զոհուած է 71 մարդ, Սինոփի նահանգէն` 10 մարդ, իսկ Պարթինի նահանգէն` մէկ մարդ: Անհետ կորածներուն թիւը հասած է 16-ի: