Սա­տա­նան հան­գու­ցող է
Սուրբ հայ­րե­րը կ’ըսեն, թէ «Սա­տա­նան հան­գու­ցող է, դուն անոր պա­րան­նե­րը կը տրա­մադ­րես, ինք ալ կը հան­գու­ցէ»… Քա­նիցս սա­տա­նան մար­դը կը խա­բէ՝ ըսե­լով, քա­նի որ մեղք գոր­ծե­ցիր եւ ատի­կա քե­զի մեղք հա­մար­ուե­ցաւ, ու­րեմն ամ­բող­ջա­ցուր զայն մին­չեւ վերջ: Եւ այս էր որ պա­տա­հե­ցաւ Դա­ւի­թի պա­րա­գա­յին, երբ կա­տար­ուա­ծը տար­բեր փուլ թե­ւա­կո­խեց: Ապօ­րի­նի կե­նակ­ցու­թե­նէն ետք, երբ Բեր­սա­բէ տուն գնաց եւ անդ­րա­դար­ձաւ որ յղի է, ան­մի­ջա­պէս Դա­ւիթ թա­գա­ւո­րին լուր ղր­կեց իր յղու­թեան մա­սին: Եւ Դա­ւիթ մտա­ծեց, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ եւ ինչ­պէ՛ս ծա­ծուկ պէտք է պա­հէ իր գոր­ծած մեղ­քը:
Թզենիի տե­րեւ­նե­րով ծածկ­ուե­լու փորձ
Դա­ւիթ պա­տե­րազ­մի դաշ­տէն կան­չել կու տայ Բեր­սա­բէի ամու­սի­նը՝ Քե­տա­ցի Ուր­ի­ան, եւ անի­կա իր զի­նուո­րա­կան զգեստ­ով կը ներ­կա­յա­նայ: Դա­ւիթ անոր կ’ըսէ, որ քեզ կան­չե­ցի, որով­հե­տեւ լսե­ցի, որ եր­կար ժա­մա­նակէ ի վեր տունդ ձգած կռ­ուի դաշտ կը գտն­ուիս: Ուս­տի, տունդ գնա՛ եւ քիչ մը հանգս­տա­ցի՛ր եւ ապա կը վե­րա­դառ­նաս պա­տե­րազ­մի դաշտ:
Սա­կայն Քե­տա­ցի Ուր­ի­ան, որուն սիր­տը իր ժո­ղո­վուր­դին նա­խանձա­խնդ­րու­թեամ­բը լեց­ուած էր, տուն չգ­նաց, այլ թա­գա­ւո­րին պա­լա­տին դրան առ­ջեւ քնա­ցաւ, անոր ծա­ռա­նե­րուն հետ մի­ա­սին: Երբ Դա­ւիթ հար­ցուց թէ ին­չո՛ւ տուն չգա­ցիր, Ուր­ի­ան պա­տաս­խա­նեց՝ ըսե­լով. «Տա­պա­նա­կը, Իս­րա­յէլն ու Յու­դան վրան­նե­րու մէջ կը նս­տին եւ իմ տէրս Յո­վաբն ու իմ տի­րոջս ծա­ռա­նե­րը բաց դաշ­տի մէջ կը բնա­կին, ես ու­տե­լու ու խմե­լու եւ կնոջս հետ պառ­կե­լու հա­մար իմ տո՞ւնս եր­թամ: Դուն կեն­դա­նի ես ու քու հո­գիդ կեն­դա­նի է, որ ես այդ բա­նը չեմ ըներ» (Բ.Թգ 11.11): Քե­տա­ցի Ուր­ի­ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Դա­ւիթ թա­գա­ւո­րին եւ չըն­դու­նեց հանգս­տա­նալ, թե­րեւս ալ անոր ըսաւ, որ Թա­գա­ւոր իմ, դուն ժա­մա­նա­կին մեզ այդ­պէս ընել չես սոր­վե­ցու­ցած:
Դա­ւիթ չյա­ջո­­ղե­ցաւ իր խա­բէ­ու­թեան մէջ, որուն մի­ջո­ցաւ ու­զեց ծած­կել իր մեղ­քը ինչ­պէս իր նա­խա­հայ­րը՝ Ադամ ու­զեց թզենիի տե­րե­ւով ծած­կել իր մեր­կու­թիւնը:
Իս­րա­յէ­լի ողջ ժո­ղո­վուր­դը կը տես­նէր պա­տա­հա­ծը, եւ բնա­կա­նա­բար հար­ցը շատ աւե­լի մեծ­ցաւ Դա­ւի­թին հա­մար, որով­հե­տեւ եթէ խա­բէ­ու­թիւնը յա­ջո­ղէր ու երբ բա­ցա­յայտ­ուէր Բեր­սա­բէի յղու­թիւնը, մար­դիկ պի­տի չմտա­ծէ­ին որե­ւէ շնու­թեան կամ պոռն­կու­թեան մա­սին, բայց հի­մա, յայտ­նի պի­տի ըլ­լար, թէ ին­չո՛ւ Դա­ւիթ կնոջ ամու­սի­նը կան­չել տուաւ պա­տե­րազ­մէն:
Դա­ւիթ  փորձ մըն ալ կը կա­տա­րէ եւ կ’ու­զէ, որ Քե­տա­ցի Ուր­ի­ան տուն եր­թայ հան­գիստ ընե­լու, սա­կայն վեր­ջինս ան­գամ մը եւս տուն չեր­թա­լով թա­գա­ւո­րին պա­լա­տին աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ կը քնա­նայ: Դա­ւիթ  կը տես­նէ, որ հար­ցը շատ աւե­լի տե­սա­նե­լի պի­տի դառ­նայ,  եթէ  կնոջ ամու­սի­նը ամիս մըն ալ այդ­տեղ մնայ: Ուս­տի կը ղր­կէ զայն եւ հար­ցը լու­ծե­լու ու­րիշ կեր­պե­րու մա­սին կը մտա­ծէ:
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան