Աստ­ուա­ծած­նի կեն­սագ­րութ­եան եւ կեան­քին մա­սին տեղ­եակ կ’ըլ­լանք սր­բա­զան աւան­դու­թեան ճամ­բով: Եկե­ղե­ցին յա­տուկ տեղ վե­րա­պա­հեց աւան­դու­թեան, որ սերտ առն­չու­թիւն ու­նի փր­կու­թեան ծրագի­րին հետ եւ լրա­ցու­ցիչ մա­սը կը կազ­մէ առա­քե­լա­կան քա­րո­զու­թեան: Հարկ է նկա­տի առ­նել, թէ աւան­դու­թեան ընդ­մէ­ջէն ոչ միայն պատ­մա­կան եղե­լու­թիւն­նե­րը կամ աւան­դազ­րոյց­նե­րը հա­րա­զա­տութ­եամբ փո­խանց­ուե­ցան գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն, այլ նա­եւ բա­րե­պաշ­տա­կան  սո­վո­րու­թիւն­ներ պահ­պան­ուե­ցան: Այ­լա­պէս ման­կամկր­տու­թիւնը, խա­չակն­քե­լը, մո­մա­վա­ռու­թիւնը, Աստ­ուա­ծա­մայ­րը մե­ծա­րե­լը…եւ այլն ժա­մա­նա­կա­ւոր ըն­թացք առ­նե­լով՝ մո­ռա­ցու­թեան պի­տի մատն­ուէ­ին: Ահա թէ ին­չո՛ւ  հնա­գոյն հո­գե­ւոր գրա­կա­նու­թեան զու­գա­հեռ աւան­դու­թիւնն ալ նուիրա­կա­նա­ցած  եւ դար­ձած է եկե­ղեց­ւոյ կեան­քէն ընդ­միշտ ան­բա­ժան: Այս իրո­ղու­թեան ցայ­տուն օրի­նա­կը կը տես­նենք Պօ­ղոս առաք­եա­լին հե­տեւ­եալ խօս­քե­րուն մէջ.«Ամուր պա­հե­ցէք աւան­դու­թիւն­նե­րը որ սոր­վե­ցաք մեզ­մէ, ըլ­լա՛յ խօս­քով, ըլ­լա՛յ նա­մա­կով»(Բ.Թս 2.15):
Ս.Կոյս Մար­ի­ա­մ Դա­ւի­թի ցե­ղէն էր.Յո­վա­կի­մի եւ Ան­նա­յի մի­ակ զա­ւա­կը: Ան­նա ամուլ էր: Աղօթ­քով եւ ուխ­տով յղա­ցաւ եւ Աստ­ուած իրեն պար­գե­ւեց Մար­ի­ա­մը, որ կի­նե­րուն մէջ օրհն­եալ պի­տի ըլ­լար եւ Տի­րա­մայր ըլ­լա­լու մեծ կո­չու­մը պի­տի ստա­նար: Հայ եւ Յոյն եկե­ղե­ցի­նե­րը Ս.Ան­նա­յի յղաց­ման տօ­նը կը կա­տա­րեն  9 Դեկ­տեմ­բերին: Ան­նա եւ Յո­վա­կիմ աստ­ուա­ծա­վախ էին, բա­րին ակն­կա­լե­լով եւ  յոյ­սին կառ­չե­լով Տի­րոջ նկատ­մամբ մշ­տա­պէս վս­տա­հու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ­ին: Այլ խօս­քով՝ առա­քի­նի վար­քով Աս­տու­ծոյ հա­ճու­թիւնը շա­հած էին:
Այս­պի­սի պատ­ուա­կան ծնող­քի մը ամուս­նա­կան կեան­քին «Քաղց­րա­համ պտուղ»ը եղաւ Ս.Կոյս Մար­ի­ա­մը, որ բա­րո­յա­կան մաք­րութ­եամբ,  աղօ­թա­սի­րու­թեամբ եւ հե­զու­թեամբ յատ­կանշ­ուե­լով` բա­րի եւ շնոր­հա­լի նկա­րա­գիր ու­նե­ցաւ:
 Հին ժա­մա­նակ ամօ­թա­լի երե­ւոյթ եւ նոյ­նիսկ նա­խա­տինք կը հա­մար­ուէր ան­զա­ւա­կու­թիւնը:  Օրէն­քին հա­մա­ձայն ար­գիլ­ուած էր եղ­բօր կնոջ հետ ամուս­նա­նա­լը (Հմմտ Ղեւ 18.16), բայց յա­տուկ թոյլ­տուու­թիւն կը տր­ուէր միայն այն պա­րա­գա­յին եթէ մա­հա­ցած եղ­բայ­րը սե­րունդ չէ ու­նե­ցած, որ­պէս­զի ծնե­լիք անդ­րա­նիկ զա­ւա­կը մա­հա­ցած եղ­բօ­րը զա­ւա­կը նկատ­ուի (Հմմտ Բ.Օր 25.5-10)։ Բնա­կա­նա­բար այս տնօ­րի­նում­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր եղան եւ նոր Ուխ­տին շնոր­հիւ Նոր կար­գեր հաս­տատ­ուե­ցան:
Աստ­ուած լսեց Ան­նա­յի եւ Յո­վա­կի­մի խնդ­րան­քը: Մար­ի­ա­մի ծնուն­դը ապա­ցոյց էր թէ աղօթք­նե­րը ան­պա­տաս­խան չեն մնար: Մենք յա­ճախ կը կար­ծենք թէ մեր ծրա­գիրն է օգ­տա­շա­տը եւ շա­հե­կա­նը, մինչ­դեռ Աս­տու­ծոյ ժամ­կէ­տը բարի­ին նպաս­տող է եւ օրհ­նութ­եան մի­ջոց: Մար­ի­ամ ուխ­տի զա­ւակ էր: Ան­նա եւ Յո­վա­կիմ Տի­րոջ հան­դէպ երախ­տա­պարտ գտն­ուե­ցան եւ իրենց զա­ւա­կը Տա­ճար նուի­րե­ցին այն հա­սա­կին՝ երբ ան այ­լեւս կա­րող էր ծնող­քէն ան­ջատ ապ­րիլ:
Ան­նա եւ Յո­վա­կիմ ըն­տա­նե­կան սր­բու­թեան խօ­սուն օրի­նա­կը կը հան­դի­սա­նան: Անոնց ամուս­նա­կան կեան­քին ընդ­մէ­ջէն սր­բու­թեան շող ճա­ռա­գայ­թեց եւ հա­ւատ­քի կան­չը ար­ձա­գան­գեց:
Այ­սօր որե­ւէ ժա­մա­նա­կէ աւե­լի ան­մի­ջա­կան կա­րի­քը կայ պատ­ուե­լու ամուս­նա­կան կեան­քը: Կ’ապ­րինք տագ­նա­պա­հար աշ­խար­հի մը մէջ: Վախն ու վտան­գը ընդ­հան­րա­ցած են: Մեղքն ու մո­լու­թիւնը տա­րած­ուած են: Եթէ ըն­տա­նե­կան սր­բութ­եան ջա­հը մշ­տա­վառ է՝ ըն­տա­նի­քը կր­նայ փրկ­ուիլ չա­րէն: Ան­նա­յի եւ Յո­վա­կի­մի կեան­քէն կը սոր­վինք Աս­տու­ծոյ վս­տա­հիլ: Այ­սինքն հա­ւա­տալ, թէ մեր երկ­նա­ւոր Հայ­րը Իր փր­կա­րար մի­ջամ­տու­թեամբ մեզ կ’առաջ­նոր­դէ դէ­պի «խո­տա­ւէտ արօտ­ներ» եւ «խա­ղա­ղու­թեան նա­ւա­հան­գիստ»:
Եր­ջան­կու­թեան եւ երա­նութ­եան բա­նա­լին տան սր­բու­թիւնն է, առանց որուն կա­րե­լի չէ պատ­կե­րաց­նել օրհ­նա­բեր, խա­ղաղ եւ սի­րով ար­մա­տա­ցած ըն­տա­նե­կան յարկ:
Ան­նա­յի եւ Յո­վա­կի­մի օրի­նա­կով եւ օրհ­նու­թեամբ թող շէն մնան հայ ըն­տա­նիք­նե­րը:
Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան