Տա­րի մը առաջ Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կի ու­սու­ցիչս թե­լադ­րած էր Մ. Իշ­խա­նին «Իմ Ու­սու­ցիչ­ներս» վեր­նա­գի­րով գիր­քը կար­դալ։ Գիր­քին վեր­նա­գի­րը հե­տաքրք­րու­թիւնս արթն­ցու­ցած էր, կ’ու­զէի իմա­նալ, թէ  Մ. Իշ­խան որո՞նց աշա­կեր­տած էր, ինչ­պի­սի՞ մտա­ւո­րա­կան դէմ­քե­րու հետ շփում ու­նե­ցած, անոնց­մէ ի՞նչ յի­շա­տակ­ներ պա­հած էր: Այս ամէ­նը պատ­մու­թիւն է, չէ՞…։
Հե­տաքրք­րու­թեամբ սկ­սայ կար­դալ: Անոր ու­սու­ցիչ­նե­րը եղած էին մե­ծա­նուն դէմ­քեր, ինչ­պէս՝ Յ.Օշա­կան, Լ.Շանթ, Ն.Աղ­բալ­եան, Վ.Թէ­քէ­եան եւ փրոֆ. Նի­կո­ղա­յոս Ադոնց։
Կա­րե­լի էր պատ­կե­րաց­նել, թէ նման մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ու­սու­ցա­նող միտ­քերն ու թե­լադ­րանք­նե­րը, նոյ­նիսկ կեան­քի փի­լի­սո­փա­յու­թիւնը ինչ­պի­սի՞ ազ­դե­ցու­թիւն թո­ղած են Մ. Իշ­խա­նի մտա­ւոր աշ­խար­հի զար­գաց­ման վրայ: Ու­սու­ցի­չը լոկ ու­սու­ցա­նո­ղը չէ, այլ իր պարզ վե­րա­բեր­մուն­քովն իսկ ուղ­ղու­թիւն տուողն  ու մտա­ծե­լու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու խթան հան­դի­սա­ցողն է ամէն պա­րա­գա­յի:
Մ. Իշ­խա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու ցան­կին մէջ ամէ­նէն շատ ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց փրոֆ. Ն.Ադոն­ցին անու­նը, այդ օրե­րուն, մենք ու­նե­ցա՞ծ ենք հայ փրո­ֆե­սոր­ներ… մտա­ծե­ցի։ Առա­ջին ան­գամ կը հան­դի­պէի այս ան­ուան, ուս­տի ու­զե­ցի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ները իմա­նալ:
Հե­ղի­նա­կը գիր­քին մէջ կը յայտ­նէր, թէ փրոֆ. Ադոնց բազ­մա­զան հմ­տու­թեան տէր անձ մըն է: Ան պատ­մու­թեան մէջ մաս­նա­գի­տա­ցած եւ Պել­ճի­քա­յի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս պատ­մու­թիւն դա­սա­ւան­դած է: Անոր ներ­կա­յու­թիւնը նման հռ­չա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի մէջ, որ­պէս հայ, մեծ պար­ծանք է մե­զի հա­մար, կը մտա­ծէի։
Հե­ղի­նա­կը մերթ կը ներ­կա­յացնէր անոր բնա­կա­րա­նը. Ադոնց կը բնա­կէր Պրուք­սէ­լի հա­մալ­սա­րա­նին թա­ղը, ծա­ռա­զարդ փո­ղո­ցի մը  սքան­չե­լի վիլ­լա­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Ըստ հե­ղի­նա­կի բա­ցատ­րու­թեան, Ադոնց ու­նէր ու­ղե­ձիգ հա­սակ, ար­ծա­թէ մա­զեր, քաղցր ժպիտ եւ ոգե­ւո­րիչ շար­ժում­ներ։ Յա­ճախ զին­քը կա­րե­լի էր գտ­նել իր սեն­եա­կը, սե­ղա­նի մը առ­ջեւ: Սեն­եա­կը ըն­դար­ձակ ու կո­կիկ էր, անոր չորս կող­մը զա­նա­զան լե­զու­նե­րով գիր­քեր տե­ղադր­ուած էին: Ադոնց եր­բեմն ալ կը նս­տէր բնա­կա­րա­նէն ոչ-շատ հե­ռու գտ­նուող սր­ճա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ, աչ­քէ կ’ան­ցը­նէր օր­ուան լրա­գիր­նե­րը՝ հան­դար­տօ­րէն ըմ­բոշխ­նե­լով սուրճն ու սի­կա­ռը։ Մո­լի ծխող մը չէր, բայց օր­ուան մէջ մէկ-եր­կու ան­գամ սուր­ճին հետ կամ ալ գրած ժա­մա­նակ կը ծխէր։
Բազ­միցս այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէր ծա­նօթ բա­րե­կամ­նե­րու եւ  կը սի­րէր զրու­ցել զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ՝ առանց նե­ղու­թիւն տա­լու իր խօ­սա­կից­նե­րուն, որով­հե­տեւ ան վեր­լու­ծող միտք ու­նէր եւ իր զրոյց­նե­րը դաստ­ի­ա­րա­կիչ էին։ Ադոնց կը խօ­սէր ամէն բա­նի մա­սին, բա­ցի իր ան­ձէն եւ ըրած­նե­րէն։ Իր ստա­ցած ամ­սա­կա­նը բա­ւա­րար էր իր պէտ­քե­րուն  հա­մար, ան նոյ­նիսկ չէր մտա­ծեր վաղ­ուան խնա­յո­ղութ­եան մա­սին, սա­կայն կը սի­րէր լա­ւը, յա­տու­կը եւ ամէն բա­նի ըն­տի­րը ու­նե­նալ։
Հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեամբ կը գուր­գու­րար հայ ու­սա­նող­նե­րուն վրայ, հեռ­ուէն կը հե­տե­ւէր անոնց ըն­թաց­քին։ Ան բուռն փա­փաք ու­նէր հայ ու­սա­նող­նե­րը տես­նե­լու ներ­կա­յա­նա­լի ըն­թաց­քով եւ դիր­քով։ Կ’ու­զէր նա­եւ, որ իր աշա­կերտ­նե­րը փայ­լուն ըլ­լա­յին եւ օտար­նե­րը անոնց շուրջ դառ­նա­յին։
Մ.Իշ­խան իր գիր­քին մէջ կը յի­շէ, թէ օր մը փրոֆ.Ադոնց տե­սած է, որ իր աշա­կերտ­նե­րէն  մէ­կը կը շա­ղակ­րա­տէ կար­ճա­հա­սակ, շա­տա­խօս, կպ­չուն օտար աղջ­կայ մը հետ: Ան խո­ժոռ նայ­ուած­քով մը կը չափչ­փէ զի­րենք եւ երբ դա­սա­րան կը մըտ­նէ, կը դառ­նայ աշա­կեր­տին ու այ­պա­նու­մի շեշ­տով մը կ’ըսէ. «Պրուք­սէ­լի մէջ ու­րիշ աղ­ջիկ չգ­տա՞ր, այն­պի­սի մէ­կու մը հետ բա­րե­կա­մա­ցիր, որ ամէն մարդ հի­ա­նայ ու նա­խան­ձի քե­զի»։
Մ. Իշ­խան կը պատ­մէ նա­եւ, թէ օր մը Ադոնց դա­սա­րան բե­րած է Հա­յաս­տա­նի քար­տէ­զը ու աշա­կերտ­նե­րուն հետ  մի­աս­նա­բար քըն­նար­կում­ներ կա­տա­րած անոր շուրջ: Ան իր ձեռ­քի մա­տի­տով լեռ­նե­րուն ու քա­ղաք­նե­րուն տե­ղե­րը ճշ­դե­լով հար­ցում­ներ ուղ­ղած է աշա­կերտ­նե­րուն, բայց երբ գո­հա­ցու­ցիչ պա­տաս­խան­ներ չէ ստա­ցած, զար­ման­քով ու նե­ղա­նա­լով  յան­դի­մա­նած է զի­րենք. «Ձեզ ի՞նչ սոր­վե­ցու­ցած են դպ­րոց­նե­րէն ներս, եթէ Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թիւնը չէք գի­տեր…». ապա շա­րու­նա­կե­լով սաս­տած է. «Եր­կու խն­դիր պա­կաս լու­ծէ­իք եւ եր­կու գիրք ալ պա­կաս կար­դա­յիք, բայց Հա­յաս­տա­նը լաւ սեր­տէ­իք»։
Հի­ա­նա­լի էր անոր յի­շո­ղու­թիւնը, կ’ըսէ Մ. Իշ­խան, Հա­յաս­տա­նի ու դրա­ցի պե­տու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան թուա­կան­նե­րն ու անուն­նե­րը առանց ճի­գի պատ­րաստ էր մտա­բե­րե­լու։ Զինք ճանչ­նա­լով, կ’ըսէ հե­ղի­նա­կը, կա­րե­լի է սի­րել հա­յոց աշ­խար­հը եւ իր ներ­կա­յու­թեամբ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի հետ շփ­ման գա­լու զգա­ցո­ղու­թիւնը։
Փրոֆ.Ադոն­ցի մա­հը զու­գա­դի­պած է Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մի մութ օրե­րուն։ Ամէն մարդ գաղ­թի ճամ­բան բռ­նած է, սա­կայն ան չէ ու­զած լքել իր տունն ու գիր­քե­րը։ Մա­հա­ցած է թո­քախ­տէ եւ մութ մնա­ցած են մեծ հա­յուն կեան­քին ու գոր­ծին վեր­ջին ման­րա­մասն­ու­թիւն­նե­րը։
Մ.Իշ­խան եղած է այն բախ­տա­ւոր բա­նաս­տեղծ­նե­րէն մէ­կը, որ պա­տիւ ու­նե­ցած է վա­յե­լե­լու եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու այս­պի­սի մտա­ւո­րա­կան-ու­սու­ցիչ­նե­րու։ Այս բո­լո­րը իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը թո­ղած են Մ. Իշ­խա­նի վրայ՝ իր իսկ վկա­յութ­եամբ:
Թամար Գազանճեան-Քէօշկէրեան