Քե­սա­պի բռ­նագ­րա­ւու­մէն ու ազա­տագ­րու­մէն եօթ տա­րի ետք, Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը այս տա­րի եւս յիշատակուե­ցաւ 15-16 Օգոս­տո­սին: Այս տօ­նը, որ­պէս ժո­ղովր­դա­յին տօ­նախմ­բու­թիւն, Քե­սա­պի Ներ­քի գիւ­ղին մէջ կը տօն­ուի, Սուր­իոյ Ալեք­սանտ­րէթ նա­հան­գին բռ­նագ­րա­ւու­մէն ու Թուրք­իոյ կց­ուե­լէն ի վեր (1937 թ.):
Քե­սա­պի զա­ւակ, բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր, գրա­գէտ, ու­սու­ցիչ ու դա­սա­խօս՝ Յա­կոբ Չո­լաք­եան իր դի­մա­տետ­րի էջին վրայ (տե՛ս 12 Օգոս­տոս 2021-ի) ար­ձա­նագր­ուած՝ «Պատ­մա­կան Անտի­ո­քի Հա­յոց Հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րը» (պատ­մա-ազ­գագ­րա­կան ակ­նարկ) ու­սում­նա­սի­րա­կան գրու­թեան մէջ կը յայտ­նէ, որ մին­չեւ 1937 թուա­կան, քե­սապ­ցիք Կասի­ոս բռ­նագ­րաւ­ուած լե­րան լան­ջին գտ­նուող «Պար­լում» (Պալ­լում) կոչ­ուած վայ­րը, վաղ քրիս­տո­ն­է­ա­կան տա­ճա­րի մը աւե­րակ­նե­րուն վրայ կը տօ­նէ­ին Վարդ­ա­վա­ռի տօ­նը հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ (տե՛ս նա­եւ՝ Յա­կոբ Չո­լաք­եան, «Քե­սապ» Ա. Հա­տոր, էջ 230-233.340-342): Սա­կայն Ալեք­սանտ­րէ­թի նա­հան­գի բռ­նախ­լու­մին ու Թուրք­իոյ կց­ուե­լուն հե­տե­ւան­քով, այդ տօ­նախմ­բու­թեան փո­խա­րէն, քե­սապ­ցիք սկ­սան Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փո­խու­թեան տօ­նը նշել Քե­սա­պի ներ­քե­ւը, արե­ւել­քը գտ­նուող Ներ­քի գիւ­ղին մէջ, ուր կա­ռուց­ուած էր Ս. Աստ­ուա­ծա­ծնայ ան­ուամբ փոքր մա­տուռ մը, իսկ մա­տա­ղի օրհ­նու­թեան նա­խօ­րէ­ին, մա­տա­ղը կը զեն­ուի ու հա­րի­սա­յին հետ կ’եփ­ուի մատ­րան կից գտ­նուող, նախ­կին վար­ժա­րա­նի միա­յարկ սեն­եա­կին մէջ եւ ուր­կէ հե­րի­սան կը բաժն­ուի ուխ­տա­ւոր­նե­րուն:
Իսկ մա­տա­ղօրհ­նէ­քը կը կա­տար­ուի մատ­րան եւ գիւ­ղի աղ­բիւ­րին մի­ջեւ գտ­նուող բա­ցա­տին վրայ բարձ­րա­ցած հաս­տա­բուն ու բարձրա­դիր սօ­սի ծա­ռին տակ:
Նոյն այդ բա­ցա­տին վրայ տե­ղի կ’ու­նե­նան ու­րա­խու­թեան ելոյթ­նե­րը, Կի­րա­կի իրիկ­ուան մա­տաղ­օրհ­նէ­քէն ետք, ու յա­ջորդ՝ Եր­կու­շաբ­թի օրը, մա­տու­ռին մէջ մա­տուց­ուած Ս. Պա­տա­րա­գէն ետք, երգ ու պա­րի, տա­ւուլ-զուռ­նա­յի ելոյթ­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան:
Յի­շո­ղու­թեանս մէջ, մա­նա­ւանդ ման­կու­թեանս օրե­րէն, անջըն­ջե­լի կը մնան այն շուրջ­պա­րե­րը, երբ զուռ­նան կը փչէր Քե­սա­պի ծա­նօթ եղա­նակ­նե­րը, կամ այն­տեղ ելոյթ կ’ու­նե­նա­յին շուրջ­պա­րին գլու­խը բռ­նած ժո­ղովր­դա­յին «աշուղ­ներ», անոնց­մէ կը յի­շեմ Կի­րա­կոս Սաղտճ­եա­նը, Գէ­որգ Գա­զազ­եա­նը (Մի­շէլ ծած­կա­նու­նով), որոնք առ­յա­ւէտ բաժն­ուած են մեզ­մէ, իսկ կեն­սապ­րող խա­ղա­սաց Ժի­րայր Թրթռ­եա­նը ողջ ու առողջ է. ան ծա­ղիկն է Քե­սա­պի ու­րա­խու­թիւն­նե­րուն, հար­սա­նիք­նե­րուն… եւ կը շա­րու­նա­կէ ստեղ­ծա­գոր­ծել:
Շուրջ­պա­րի գլ­խա­ւոր դէմ­քե­րէն կը յի­շեմ մեծ մօրս հօ­րեղ­բայ­րը՝ Ճորճ Տէր Սա­հակ­եա­նը, Եղեռ­նէն մա­զա­պուրծ ազա­տած, իր նշա­նա­ւոր «քիւ­լոթ» տա­փա­տով ու «քաս­քէթ» գլ­խար­կով, անոր որ­դին՝ Սի­մո­նը, որոնք եր­կուքն ալ աթո­ռի մը վրան, գլուխ­նին յե­նած ու ոտ­քեր­նին վեր, իւ­րա­յա­տուկ պար մը կը պա­րէ­ին, յի­շար­ժան են նա­եւ Յա­կոբ Չա­փար­եա­նը, Մով­սէս Աշըգ­եա­նը, Սե­րոբ Դանի­էլ­եա­նը… եւ ու­րիշ­ներ…:
Այս­տեղ հարկ է յի­շել նա­եւ զուռ­նայ փչող Վա­հան Սաղտճ­եա­նը («զուռ­նա­ճի Վա­հա­նը»), որուն ածած եղա­նակ­նե­րը միայն Քե­սա­պի յա­տուկ էին. «Կէր­միր Ֆըս­տան», «Պէ­օղ Ջէ­օր Մը», «Ամ­ման Իշ­քէն»,… եր­գե­րուն եղա­նակ­նե­րը ու «Հա­լա­պի», «Զոյ­գը»… եւ այլ պա­րե­ղա­նակ­ներ:
Ափ­սոս որ վե­րո­յիշ­եալ­նե­րը չկան, իսկ այդ ու­րա­խու­թեան պոռթ­կում­նե­րը՝ երգն ու պա­րը, յի­շո­ղու­թիւն դար­ձած են այ­սօր, մա­նա­ւանդ սուր­ի­ա­կան մեր հայ­րե­նի­քի այս տաս­նամ­եայ պա­տե­րազ­մին որ­պէս հա­տու հար­ուա­ծի հե­տե­ւանք:
Անց­եալ տաս­նամ­եակ­նե­րուն, այդ տօ­նա­կան ելոյթ­նե­րուն քա­նի մը ան­գամ Հա­մազ­գա­յին Հայ Կր­թա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Հա­լէ­պի մի­ա­ւոր­նե­րէն՝ «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը եւ «Սար­դա­րա­պատ» պա­րա­խում­բը իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին՝ տօ­նախմ­բութ­եան տա­լով փա­ռա­տօ­նի դի­մա­գիծ:
Ընդգծ­ենք, որ Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը կը սկ­սի 15 Օգոս­տո­սի ամե­նա­մօ­տիկ Կի­րա­կի օրը, երբ Քե­սա­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ կը մա­տուց­ուի Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ, ապա տե­ղի կ’ու­նե­նայ բերքօրհ­նէք, խա­ղող­օրհ­նէք:
Պա­տա­րա­գը միշտ մա­տու­ցած է Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դը. (իմ յի­շո­ղու­թեամբ) ես անոնց­մէ կը յի­շեմ գե­րաշ­նորհ­ներ՝ Տ. Ղե­ւոնդ Սրբ. Արք. Չէ­պէ­եա­ն, Տ. Տա­թեւ Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­ն, Տ. Սու­րէն Սրբ. Արք. Գա­թա­րոյ­եա­ն, Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­ն, իսկ մե­րօր­եայ Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­ն:
Յ. Չո­լաք­եան ար­ձա­նագ­րած է նա­եւ որ անց­եա­լին, նախ­քան 1937 թուա­կա­նը, Անտի­ո­քի շր­ջա­նի հա­յու­թիւնը մի­աս­նա­բար կը տօ­նախմ­բէր բո­լոր տօ­նե­րը, ինչ­պէս Ս. Սար­գի­սի տօ­նը, Վար­դա­վա­ռը, Ս. Ան­նան, Ս. Խա­չը… եւ այլ տօ­ներ՝ փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով ու մաս­նակ­ցութ­եամբ (Մու­սա­լեռ, Արա­մօ, Եա­գուպիէ, Էն­կի­զէկ… եւ այլն):
Կի­րա­կի իրիկ­ուան, Ներ­քի-գիւ­ղի (էս­կիւ­րան) մատ­րան մէջ տե­ղի կ’ու­նե­նայ մա­տա­ղօրհ­նէ­քը, ու մա­տաղ­նե­րուն զե­նու­մը, որ կը դր­ուի կաթ­սա­նե­րուն մէջ, ուր կ’եփ­ուի ու կը պատ­րաստ­ուի յա­ջորդ օրը ցր­ուե­լու հա­մար:
Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի թե­մա­կալ Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր ան­պայ­ման կ’ըն­կե­րակ­ցի ազ­գա­յին­նե­րու շքա­խումբ մը, որ կը մնայ մին­չեւ Երեք­շաբ­թի օր, որով­հե­տեւ Երեք­շաբ­թի Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տուց­ուի Գա­րա­տու­րա­նի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ:
Օգոս­տոս ամ­սուն Քե­սապ կը բարձ­րա­նան Սուր­իոյ հա­յա­շատ շր­ջան­նե­րէն, մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէ­պէն հայ արի-արե­նոյշ­նե­րու, մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու զա­նա­զան խում­բեր՝ ամառ­նա­յին բա­նա­կում-ճամ­բար­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով:
Յատ­կան­շա­կան է, որ Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Կի­րա­կի առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-ին, Քե­սապ կու գայ (իրենց էքի­զօ­լուխ գիւ­ղի բա­նա­կա­վայ­րէն) Հա­լէ­պի ՀՄԸՄ-ի սկաու­տա­կան բա­նա­կող խում­բը, միու­թեան շե­փո­րա­խում­բին հետ միա­սին, վե­րամ­բարձ բռ­նած չուան­նե­րով հիւս­ուած պատ­գա­րա­կը՝ լի ոս­կե­գոյն ու ոս­կե­համ խա­ղո­ղով: Խում­բը կը մաս­նակ­ցի Ս. Պա­տա­րա­գին: Յա­ւարտ պա­տա­րա­գին, օրհն­ուած խա­ղո­ղի բաշ­խու­մէն ետք, սկաուտ­ա­կան պատ­կա­ռե­լի խում­բը շե­փո­րա­խում­բին յա­ռա­ջա­պա­հու­թեամբ ու ժո­ղո­վուր­դին յե­տս­ա­պա­հու­թեամբ, սուր­ի­ա­կան ու հայ­կա­կան հայ­րե­նա­սի­րա­կան նուագ­նե­րու հն­չե­ղու­թեամբ կը տո­ղան­ցէ Քե­սա­պի հրա­պա­րա­կէն անց­նե­լով, անց­նե­լով քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մօ­տէն ու կը հաս­նի Ազգ. Ու­սում­նա­սի­րաց Մի­աց­եալ Ճե­մա­րա­նի ու յա­րա­կից «Քե­սապ» զբօ­սաշր­ջա­կան հիւ­րա­նո­ցա­յին հա­մա­լի­րի լայ­նա­ծա­ւալ բա­կը, շա­րու­նա­կե­լով իր հն­չեղ ելոյ­թը, որ աւար­տին կը հաս­նի Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր պատ­գա­մով, ինչ­պէս նա­եւ ՀՄԸՄ-ի պա­տաս­խա­նատ­ուին յա­ւուր պատ­շա­ճի խօս­քով:
Հարկ է յի­շել որ այս տար­ուան տո­ղանց­քին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի, Լա­թաք­իոյ եւ Քե­սա­պի սկաու­տա­կան խում­բերն ու փո­ղե­րա­խում­բե­րը:
Վե­րի տո­ղե­րուն մէջ տեղ մը յի­շե­ցի, որ 2011-ին սկ­սած սուր­ի­ա­կան ծա­նօթ տագ­նա­պը, մա­նա­ւանդ 21 Մարտ 2014-ի Քե­սա­պի բռ­նագ­րա­ւու­մը թր­քա­մէտ ահա­բեկ­չա­կան խում­բե­րուն կող­մէն, իրենց գորշ ուր­ուա­կա­նը թո­ղու­ցին թէ՛ Քե­սա­պի, եւ թէ՛ հա­յա­շատ ամէն օր­րան­նե­րուն վրայ:
Քե­սա­պի ազա­տագ­րու­մէն (14 Յու­նիս) հա­զիւ եր­կու ամիս ետք, սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը վերս­տին, հոծ ներ­կա­յու­թեամբ տօ­նեց Ս. Աստ­ուա­ծած­նի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը, մինչ Հա­լէ­պի հա­յա­հոծ թա­ղե­րը կը հր­թի­ռա­կոծ­ուէ­ին, ինչ­պէս նա­եւ Դա­մաս­կո­սի հայ­կա­կան թէ քրիս­տո­ն­է­ա­կան կա­ռոյց­նե­րը մերթ ընդ մերթ կը ստա­նա­յին պայ­թու­ցիկ ար­կե­րու իրենց բա­ժինը:
Փետ­րա­թափ­ուած քե­սա­պա­հա­յութեան մօտ փու­թա­ցած էր Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Հայ­րը՝ Գերշ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նը, այս ան­գամ Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը հով­ուա­պե­տե­լու հա­մար:
Տա­րի­նե­րը շատ արագ թա­ւա­լե­ցան: Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մա­սը չդի­մա­նա­լով պա­տե­րազ­մի «սեւ թէ սպի­տակ» հար­ուած­նե­րուն, ակա­մայ լքեց եր­կի­րը, ինչ­պէս 2017-ի Հա­յաս­տան-Սփիւռք 6-րդ Հա­մա­ժո­ղո­վին, իր ար­տա­սա­նած խօս­քին մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վե­հա­փառ Կա­թո­ղի­կո­սը մատ­նան­շեց ըսե­լով. «Հա­յաս­տա­նը կը պարպ­ուի, իսկ Սփիւռ­քը կը հիւ­ծի». անոր՝ Վեր­ջին խօս­քը փոխ առ­նե­լով կ’ար­ձան­ագ­րեմ, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը թէ պարպ­ուե­ցաւ եւ թէ հիւ­ծե­ցաւ թիւով թէ ու­ժա­կա­նու­թեամբ: Սա­կայն վե­րոնշ­եալ դառն իրա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ, սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը տա­կա­ւին կը պա­հէ իր կեն­սու­նա­կու­թիւնը, որուն փաս­տը տուաւ այս ամառ, Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին, ու Օգոս­տոս ամ­սոյն տե­ւո­ղու­թեան (մին­չեւ տո­ղերս գրե­լու պա­հուն…):
Այս­պէս, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի հետ մի­ա­սին Քե­սապ եկաւ Բեր­իոյ Թե­մի Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու աւա­գա­նին:
Սր­բա­զան հօր ներ­կա­յութ­եամբ, մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ հո­գե­պա­րար հով­ուա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ:
Քե­սապ եկաւ Ազգ. Պատս­պա­րա­նը իր Կազ­դուր­ման կա­յա­նին մէջ բա­նա­կե­լու:
Էքի­զօ­լու­խի բա­նա­կա­վայր-ճամ­բա­րը բա­նա­կե­ցան ՀՄԸՄ-ի արի-արե­նոյշ­նե­րը, Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան պա­տա­նի-պար­մա­նու­հի­նե­րը, Սուր­իոյ Երի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը (այս օրե­րուս), ՀԵԸ-ի սկաու­տա­կան խում­բը այ­սօր այս­տեղ է՝ միու­թեան բա­նա­կա­վայ­րը. Քե­սապ եկան եկե­ղե­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու բա­նա­կող­ներ: Ան­շուշտ որ այս բա­նա­կում­նե­րը Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ քաղց­րա­ւուն խա­ղո­ղին նման կը հիւ­թե­ղաց­նեն մեր հա­յա­ւա­նին կեան­քը: Բա­նա­կող­նե­րուն հա­մար Քե­սապ կը հաս­նին անոնց ծնող­նե­րը… ու կեան­քը կը վխ­տայ մեր թա­ղե­րուն մէջ:
Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը թէ­եւ Չո­րեք­շա­բթի օր մեկ­նե­ցաւ Քե­սա­պէն, սա­կայն իր ետին թո­ղուց Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Կի­րա­կի օր­ուան Պա­տա­րա­գի քա­րո­զին իր ուղ­ղած պատ­գա­մին խոր­հուր­դը:
Այո՛, Քե­սապ այս սր­բա­բոյր ամ­սոյս վե­րա­փոխ­ուած էր, ու ստա­ցած իր նա­խորդ տաս­նամ­եակ­նե­րու հայա­շունչ ու հա­յա­բոյր համն ու հո­տը:
Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման այս տօ­նին, վե­րա­փոխ­ուած Քե­սա­պը, այ­լա­փոխ­ուած ու պայ­ծա­ռա­ցած պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նը պարզ­ուած է մեր դի­մաց:
Սուր­ի­ա­հայ­ութեան ոյ­ժե­րու լա­րու­մով կը յա­ջո­ղինք պա­հել ու պահ­պա­նել վե­րա­փոխ­ուած Քե­սա­պը, հա­կա­ռակ մեր հո­րի­զո­նին վրայ գտ­նուող մուգ ու գորշ ամ­պե­րուն:
Քեսապ, 24 Օգոստոս 2021
Կարօ Վ. Մանճիկեան