ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան Yerkir.am-ին հետ հարցազրոյցին ըսաւ, որ 30 տարուան մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Արցախ մեկնող ՀՀ պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն չկայ, բայց ԱԺ-ի «Հայաստան» խմբակցութիւնը 11 հոգիով պիտի մասնակցի նախաձեռնութիւններուն: «Այո, մենք ինքնակազմակերպուած ենք, հակառակ որ կրնան նախատեսուիլ առանձին հանդիպումներ երկու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, նոյնիսկ որոշակի հանդիսաւոր նիստ, բայց էական չէ, էականը այն է, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը իր 11 անձերով պիտի մասնակցի այդ նախաձեռնութիւններուն: Երկրորդ, մեր գերխնդիրը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն սպասարկումը: Մեր կազմին մասնակցութիւնը, որ կը ներառէ քաղաքական քանի մը միաւորումներ նոյնիսկ մեր դաշինքին մէջ, արձանագրումն է մեր օրակարգը նոյնը պահելու մտադրութեան` Արցախի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատման ի նպաստ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: Թէեւ Արցախէն պաշտօնական հրաւէրներ ուղարկուած են ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որպէսզի մասնակցին տօնակատարութիւններուն, բայց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ 3 Սեպտեմբեր արձակուրդի է, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան չէ յայտարարած մասնակցութեան մասին, իսկ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան հրաժարած է Արցախ մեկնելէ: Բացի ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան 11 անդամներէն, Արցախ պիտի մեկնին նաեւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան անդամները․ թէեւ պիտի մեկնին առանձին, բայց, Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ Արցախի մէջ տեղի կ’ունենայ հանդիպում: Սա, անշուշտ, կարելի չէ համարել ՀՀ Ազգային Ժողովի պաշտօնական պատուիրակութիւն, որ անկասկած վերաբերմունքի դրսեւորում է: «Այս իշխանութիւնը աղէտ բերաւ Հայաստանի ու Արցախի գլխուն ու կը շարունակէ նոյն վիճակին մէջ մնալ․ ասոնք վախկոտ, Արցախը յանձնած, Արցախի անկախութիւնը ոտնատակ ըրած, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը ոտնատակ ըրած մարդոց խումբին մաս կը կազմեն, եւ ակնյայտ է, որ կը շարունակեն իրենց ազգադաւ կեցուածքը: Այս կեցուածքը կրնայ ըլլալ յատուկ, կամ սովորական, վախի ազդեցութեան, կամ անձեռնհասութեան դրսեւորում, բայց այս իշխանութիւնը ի վիճակի չէ մեր երկրին շահերը պաշտպանելու. այդ մէկը փաստ է», ըսաւ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան: Աննա Պալեան