«Երկիր Մետիա».- Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոն Չորեքշաբթի հեռձայնային զրոյց ունեցած է ատրպէյճանցի իր գործընկեր Խալաֆ Խալաֆովի հետ, որուն ընթացքին քննարկուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն Արցախի հարցով հրապարակած եռակողմ յայտարարութեան իրականացման գործընթացը: «Կարծիքներու փոխանակման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգին առնչուող ներկայ հարցերը, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն`9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի համաձայնութիւններուն իրագործման եղանակները»: Յիշեցնենք, որ նախօրէին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ ընդունած էր ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը: Կողմերը անդրադարձած էին շարք մը հարցերու` ռազմագերիներու վերադարձին, երթեւեկութեան կապերու ապաշրջափակման եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի հարցերուն: