Ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք կատարելիք այցելութենէն առաջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է շրջանային հարցերու: «Արդեօք Զանգեզուրի միջանցքը պիտի բացուի՞. ատիկա քաղաքական հարց է: Զանգեզուրի միջանցքին բացումը դրական ներդրում պիտի ունենայ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններու յաղթահարման մէջ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը: Ան աւելցուցած է, որ եթէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ուզէ հանդիպում ունենալ իրեն հետ, Հայաստան պէտք է դրական քայլերու ձեռնարկէ: «Վրաստանի վարչապետը ինծի ներկայացուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հանդիպում ունենալու առաջարկը: Սակայն ատոր համար Հայաստան պէտք է դրական քայլերու դիմէ: Եթէ այս հանդիպումը տեղի ունենայ, Թուրքիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ Հայաստանի հետ», յայտարարած է Էրտողան: Աւելցնենք, որ Էրտողան Պոլսոյ «Աթաթուրք» միջազգային օդակայանէն Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ առաջ լրագրողներուն նաեւ յայտնեց, որ պիտի ընդառաջէ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հանդիպում ունենալու առաջարկին: Ան Յունաստանի բարի կամքին մասին հարց տուաւ` ըսելով. «Պէտք է տեսնենք հարկադիր քայլեր, որոնք մեր դրացիները պիտի առնեն, եւ եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա պէտք եղած որոշումը եւ անոր հիմամբ քայլեր որդեգրենք: Թուրքիան ոչ ոքի ծառան է»: Էրտողան ըսաւ, որ իր երկիրը կը կրէ 4,5 միլիոն գաղթականի բեռը` շեշտելով, որ Թուրքիան պէտք չէ Եւրոպայի «գաղթականներու պահեստանոց»-ը ըլլայ: