ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ պէտք է կանխել Հայաստանի թրքացումը: «Թշնամական Թուրքիոյ ղեկավարէն տեղեկացանք, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնող անձը միջնորդուած ձեւով անկէ հանդիպում խնդրած է : Արհամարհելով դիւանագիտական նրբութիւնները` Էրդողանը այս առնչութեամբ յայտարարեց եւ ցոյց տուաւ Հայաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ իր հրամայական ու անյարգալից կեցուածքը: Յատկանշական է, որ թրքական նախորդ նախապայմաններուն արդէն հրապարակաւ գումարուած է նորը` Սիւնիքի միջոցով թրքական աշխարհը իրար կապող միջանցքի տրամադրումը: Էրտողանի կողմէն միայն այդ նախապայմանի յիշատակումը, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը բաւարար հիմքեր կու տան ենթադրելու, որ Հայաստանին պարտադրուող թրքական այլ նախապայմանները` Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարումը, Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանի ընդունումը եւ Արցախէն հրաժարումը, Հայաստանի իշխանութիւնները բաւարարած են: Հայաստանի` միակողմանիօրէն տարածաշրջանային խաղաղութիւն հաստատելու ինքնահռչակ եւ անհեռանկար գաղափարներով տարուած իշխանութիւնը, իր ղեկավարով հանդերձ, ակնյայտօրէն չի հասկնար, թէ ինչ կը ներկայացնեն փանթուրքական անթաքոյց նկրտումներով առաջնորդուող ժամանակակից Թուրքիան եւ անոր նախագահը, որ տարուած է օսմանեան սուլթաններու երբեմնի վարքով: Բայց Էրտողանը ու մեր ժողովուրդի թշնամիները շատ յստակ պէտք է հասկնան` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնողը կարելի չէ նոյնացնել հայկական պետութեան հետ: Այո, հայ ժողովուրդը կ’ապրի իր պատմութեան դժուարագոյն ժամանակներէն մէկը, բայց չի նշանակեր, որ հայ ժողովուրդը պիտի հրաժարի իր անժամանցելի իրաւունքներէն եւ, տեղի տալով ատրպէյճանաթրքական սպառնալիքներուն, հարցականի տակ պիտի դնէ մեր պետութեան գոյութիւնը: Մեր ժողովուրդի պատմութեան նախորդ դարը ազգային վերածնունդի բացառիկ օրինակ ու դաս է: Կարճ ժամանակի մէջ ցեղասպանուած ժողովուրդը ի զօրու եղաւ իր մէջքը շտկելու եւ անհաւանական ջանքերով հարիւրամեակներու ընդմիջումէն վերջ պետութիւն ստեղծել, արուեստ ու մշակոյթ զարգացնել, Արցախ ազատագրել: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մենք համախմբուած կերպով պէտք է մերժենք այս` չարիքի իշխանութեան յառաջ բերած կործանարար օրակարգը եւ կանխենք Հայաստանի թրքացումը. սեղանին դրուած է հայկական պետականութեան գոյութեան հարցը, եւ մենք համակերպելու, նահանջելու իրաւունք չունինք: Յ.Գ. Յիշեցնեմ,որ Պատերազմի ընթացքին ՆՓ –ը Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած յարձակուը որակած էր ատրպէյճանաթրքական ահաբեկչութիւն. Հետաքրքրական է ինչ փոխուեցաւ, այլեւս ահաբեկիչ չե՞ն»: