“Երկիր”._Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքի մօտակայքը 22 Սեպտեմբերին երկրի պատմութեան ընթացքին ուժեղագոյն երկրաշարժը գրանցուած է 6 աստիճանով: Երկրաշարժին կեդրոնը գտնուած է 10 քմ խորութեան վրայ, անոր յետցնցումը կազմած է 4 աստիճան: Այս մասին յայտնած է Reuters-ը: Սոյն երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած են շէնքեր ու շինութիւններ, ցնցումներ գրանցուած են նաեւ յարակից քաղաքներու մէջ: «Մենք տեղեկութիւններ չունինք լուրջ վնասուածքներու կամ մահերու մասին, եւ լաւ նորութիւն է: Յոյսով ենք, որ դրական նորութիւնները շարունակական կ’ըլլան», Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներուն ըսած է Աւստրալիոյ վարչապետ Սկոթ Մորիսոն։