«Էրմէնիհապեր».-Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալընի եւ ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալիւանի հանդիպումը:

Կողմերը քննարկած են թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առչնուող առանցքային հարցեր, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի, Կիպրոսի, Աֆղանիստանի, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ տիրող իրավիճակը:

Առանձին քննարկուած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները եւ ընդհանուր վիճակը:  Ընդգծուած է բազմակողմանի ջանքերու շարունակութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:

Կողմերը ընգծած են, որ պէտք է մշակուին ուղիներ  երկու երկիրներու միջեւ առեւտրային շրջանառութիւնը 100 միլիառ տոլարի հասցնելու համար: Կարեւոր համարուած է երկկողմ ռազմավարական գործակցութիւնը եւ շեշտուած է, որ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար անհրաժեշտ է ձեռնարկել համապատասխան քայլեր:

Հանդիպումի աւարտէն վերջ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուդի խօսնակը յայտարարութիւն  տարածած է, ուր ըսուած է.

«Քալընն ու Սալիւանը համաձայնութեան հասած են, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման համար երկխօսութեան շարունակութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի»: