Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ուղերձը` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 30-ամեակին առիթով: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Մեր նորանկախ պետականութեան 30-րդ տարեդարձը ստիպուած ենք դիմաւորելու ծանր պայմաններու մէջ: Վերջին պատերազմին վէրքերը խորունկ են, կորուստները` ցաւալիօրէն շատ: Վտանգուած է աշխարհի քաղաքական քարտէզին վրայ մեր ինքնիշխան գոյութեան իրաւունքը: Առկայ մարտահրաւէրները եւ արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու անհրաժեշտ նախապայմանը ներքին ամրութիւնն է: Առաջին հերթին խաթարուած ամրութիւնը վերականգնելու հարց ունինք: Ցաւօք, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները չնպաստեցին այդ հարցին լուծման: Ճգնաժամը ո՛չ միայն չէ յաղթահարուած, այլեւ կը հակի առաւել խորացման: Խարդաւանքներու, վարչա-իշխանական լծակներու օգտագործումով ձեռք բերուած քուէները իշխանութիւնը ընկալած է իբրեւ իր ձախողութիւններուն, ապաշնորհ կառավարման եւ կործանարար քաղաքականութեան մեղքերու թողութիւն: Շարունակ խօսելով ժողովուրդին անունով եւ պահուըտելով անոր ետեւ, իշխող վարչախումբը այդ նոյն ժողովուրդը տարած է ու կը շարունակէ տանիլ պարտութեան ու հայրենազրկման: Ճառելով ժողովրդավարութենէ, մարդու իրաւունքներէ, ազատութիւններէ ու քաղաքական հանդուրժողականութենէ, իշխանութիւնները կը դրսեւորեն բռնապետական բացայայտ հակումներ, կ՛ոտնակոխեն օրէնքն ու քաղաքացիին իրաւունքները, զբաղած են թշնամանք սերմանելով ու ատելութիւն քարոզելով: Սթափելու, անցած ճանապարհը արժեւորելու, վերագնահատումներ կատարելու, յստակ ազգային օրակարգ եւ ծրագիր որդեգրելու ու հետեւողականօրէն գործադրելու հրամայականի առջեւ ենք: Շնորհաւորելով մեր ժողովուրդը` անկախութեան տօնին առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իբրեւ համահայկական կազմակերպութիւն, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ, ի շահ ազգային, ուժեղ պետականութեան եւ Արցախի ինքնորոշման ու ազատութեան: Խորապէս համոզուած ենք, որ անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է, ինչպէս նաեւ` ազգի բնականոն զարգացման նախապայման: Իշխանութիւնները անցողիկ, գնայուն են, պետականութեան տէրը բոլորս ենք ու բոլորս ընելիք ունինք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան հայրենիքն է, առ այդ` հայոց անկախ պետականութեան հզօրացումն ու ամրապնդումը համայն հայութեան գերխնդիրն է: Արեամբ, զոհողութիւններով ու քրտինքով կերտուած մեր անկախ պետականութիւնը այսօր աւելի քան երբեք մեր բոլորին հոգածութեան ու նուիրումին կարիքն ունի: Մեզի պարտադրուող փորձութիւնները կրնանք եւ պէ՛տք է յաղթահարենք:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ 21 Սեպտեմբեր 2021