Հայաստանի վերանկախութեան 30-ամեակին առիթով, Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ անկախութեան օրուան նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկը: Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախարարներ, պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց: Ձեռնարկին համերգային ծրագիրով հանդէս եկան Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը եւ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը: Ձեռնարկին լուսաւորման արդիական միջոցներով ցուցադրուեցան Հայոց Պատմութիւնն ու պետութիւնը խորհրդանշող պատկերներ։