Քա­նի մը օր առաջ, սու­գի եւ կո­րուս­տի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով նշե­ցինք Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան 30-րդ տա­րե­դար­ձը: Տու­եալ պայ­ման­նե­րուն մէջ, յի­շա­տա­կու­մը բնա­կա­նա­բար հն­չեղ չէր:
Քա­նի մը օրէն պի­տի տօ­նենք Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման 30-րդ տա­րե­դար­ձը («գու­նա­գեղ» կամ «ող­բեր­գա­կան» որա­կում­նե­րը մէկ­դի ձգենք պահ մը):
Շու­տով պի­տի յի­շա­տա­կենք 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին շղ­թա­յա­զերծ­ման տա­րե­դարձն ու ահա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րով վախ­ճա­նին տասն­ե­րորդ ամի­սը (հոս չմտ­նենք ծա­նօթ բայց չմա­շած, այժ­մ­է­ա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մէջ):
Այս օրե­րուն կը յի­շա­տա­կենք նա­եւ բա­զում այլ իրա­դար­ձու­թիւն­ներ: Օրի­նակ՝ ազեր­ի­ա­կան ու­ժե­րու Հա­յաս­տան թա­փան­ցու­մին եւ մեր հո­ղե­րուն վրայ հաս­տա­տու­մին չոր­րորդ ամի­սը: Նոր խորհր­դա­րա­նի ընտ­րու­թեան երկ­րորդ ամի­սը: Եթէ փնտ­ռենք՝ օրա­ցոյ­ցին վրայ գրե­թէ ամէն օր կամ ամէն շա­բաթ կր­նանք գտ­նել նման ու­շագ­րաւ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու յի­շա­տակ­ման օրեր…: (Եթէ կար­կի­նը տա­րա­ծենք, կր­նանք օրա­ցոյ­ցին վրայ աւելց­նել Աֆ­ղա­նիս­տա­նը, Ռուս­իա-Պի­ե­լո­ռուս­իա միու­թե­նա­կան քայ­լե­րը, Ատր­պէյ­ճան-Թուրք­իա զի­նակ­ցու­թեան տա­րա­ծու­մը՝ դէ­պի Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րոս, Փա­քիս­տան եւ այ­լուր, Սուր­իոյ նո­րա­գոյն զար­գա­ցում­նե­րը, Լի­բա­նա­նի մէջ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մու­թիւնը, Իրա­նի մա­սին իս­րա­յէլ­եան նոր ար­շաւ­ներ ցոյց տուող «բա­ցա­յայ­տում­նե­րը»: Վս­տա­հա­բար մտա­ծող ըլ­լայ՝ բայց նման իրա­դար­ձու­թիւն­ներ՝ մե­զի ի՞նչ…)
Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն «փո­շին գե­տին չի­ջած», Հա­յաս­տան շու­տով պի­տի մխրճ­ուի տե­ղա­կան-մար­զա­յի ընտ­րու­թիւ­նե­րու ոլո­րապ­տոյ­տին մէջ, ու պի­տի պա­տա­հի այն՝ ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ 20 Յու­նի­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօր­եա­կին. Ճիգ, ու­շադ­րու­թիւն եւ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­ներ պի­տի կեդ­րո­նաց­ուին այդ ոլոր­տին, լու­սար­ձակ­նե­րը զգա­լա­պէս հե­ռաց­նե­լով ԲՈՒՆ ՀԱՐ­ՑԵ­ՐԷՆ, ՏԱԳ­ՆԱ­ՊԱ­ԼԻ ԻՐԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԷՆ: Սա առիթ մը պի­տի ըլ­լայ իշ­խա­նութ­եան՝ ըն­դար­ձա­կե­լու իր են­թա­հո­ղը, որուն բա­ցա­յայտ հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին կր­նանք եր­կար խօ­սիլ՝ առանց մար­գա­րէի յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րու:
* * *
Վե­րո­յիշ­եալ ու բազ­մա­թիւ այլ իրա­դար­ձու­թիւն­ներ, Հա­յաս­տա­նի հա­մար առա­ւե­լա­բար անն­պաստ զար­գա­ցում­ներ տե­ղի կ’ու­նե­նան մեր հայ­րե­նի­քի ներ­քին բե­մին վրայ այ­լա­պէս ըն­թա­ցիկ եւ ան­խու­սա­փե­լի քայ­լե­րու զու­գա­հեռ. ըն­թա­ցի­կի խո­րա­գի­րին տակ դա­սուող զար­գա­ցում­նե­րը, որոնք խոր­քին մէջ որե­ւէ երկ­րի քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ տն­տե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին ու յա­րա­կից իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն առօր­եան կը կազ­մեն, ստեղ­ծած են այն­պի­սի վի­ճակ մը, որ կը յի­շեց­նէ անգ­լե­րէ­նով ծա­նօթ խօս­քը. «Ծա­ռե­րը ար­գելք կ’ըլ­լան որ ան­տա­ռը տես­նենք» (Cannot see the wood for the trees): Օրի­նա­կի հա­մար, եւ փաս­տա­ցի կեր­պով, հա­մա­ճա­րա­կին (որ դարձ­եալ սկ­սած է մտա­հո­գիչ տա­րածք ստա­նալ) դէմ պայ­քա­րը, հոս-հոն իրա­կա­նա­ցուող շի­նա­րա­րու­թիւն­ներ ու անոնց շուրջ ստեղծ­ուած աղ­մուկ­ներ, շու­կա­նե­րու վի­ճակ, դա­տա­կան, օրի­նա­զանց­նե­րու հե­տապնդ­ման, ջրա­մա­տա­կա­րար­ման եւ նմա­նօ­րի­նակ հար­ցեր (ցան­կը չեր­կա­րենք) այն­քան տեղ կը բռ­նեն մեր հայ­րե­նի­քին ու ժո­ղո­վուր­դին առօր­եա­յին մէջ (կրկ­նենք, ասոր մէջ անբ­նա­կան բան չկայ), որ էա­կան հար­ցե­րը եր­բեմն կը մնան ասոնց շու­քին մէջ, կը լու­սանց­քայ­նա­նան (կամ կը լու­սանց­քայ­նաց­ուին. դի­տում­նա­ւո՞ր կեր­պով, թէ՞ ան­գի­տակ­ցա­բար՝ կա­րե­ւոր չէ): Այլ խօս­քով, այս «մանր հար­ցե­րը», որոնք կը ներ­կա­յա­նան իբ­րեւ առան­ձին ծա­ռեր, այն­քան մը կը գրա­ւեն հան­րու­թեան տե­սո­ղու­թիւնը, որ տա­րա­ծուն հայ­րե­նիք-ան­տա­ռին դի­մաց կանգ­նող բարդ հար­ցե­րը ձե­ւով մը կը դառ­նան ան­տե­սա­նե­լի, դուրս կ’իյ­նան ամ­բող­ջու­թիւնը դի­տե­լու տե­սո­ղու­թեան դաշ­տէն:
* * *
Եթէ փոր­ձենք ամ­բողջ «ան­տա­ռը» տես­նել, գետ­նի վրայ, ի՞նչ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կեր մը կը պարզ­ուի մեր դի­մաց:
Եւ քա­նի որ սկ­սանք յի­շա­տա­կե­լի թուա­կան­նե­րու նշու­մով, ու քիչ մըն ալ կրկ­նու­թիւն ընե­լու գնով՝ ար­ձա­նագ­րենք քա­նի մը գլ­խա­ւոր հանգր­ուան եւ իրո­ղու­թիւն:
30 տա­րի առաջ, Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ որո­շեց ան­կա­խա­նալ դէ­պի քայ­քա­յում գա­ցող Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն: Ստեղծ­ուած՝ ան­կա­խա­կան եւ ինք­նիշ­խա­նու­թեան, սե­փա­կան ճա­կա­տա­գի­րին տէր կանգ­նե­լու եր­թին՝ հս­կա­յա­կան եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի նպաստ բե­րաւ Ար­ցախ­եան Շար­ժու­մը, որ ծայր առած էր ան­կէ աւե­լի քան երեք տա­րի առաջ, Փետր­ուար 1988-ին, եւ որ աւե­լի ուշ վե­րած­ուե­ցաւ լայ­նա­ծիր պա­տե­րազ­մի, մեզ հաս­ցուց ստա­լին­եան պատ­մա­կան կարգ մը սխալ­նե­րու արիւ­նո՛վ սր­բագ­րու­մին. Ար­ցա­խը, բա­զում զո­հե­րով եւ ան­հաշ­ուե­լի զո­հա­բե­րու­թիւն­նե­րով, ինք­զինք ան­ջա­տեց Ատր­պէյ­ճա­նէն, յայ­տա­րա­րեց, որ պի­տի ըլ­լայ ինք­նիշ­խան, ան­կախ, վախ­ճա­նա­կան նպա­տակ ու­նի վե­րամ­ի­ա­նալ Հա­յաս­տա­նին, որ­մէ անի­րա­ւա­բար խլ­ուած էր (հի­մա քիչ մը մոռց­ուած Նա­խի­ջե­ւա­նին նման) աւե­լի քան 65 տա­րի առաջ: Հա­յաս­տան բա­նիւ եւ գոր­ծով մաս­նա­կից էր այս ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծին: Պատ­մու­թեան յա­ջորդ հանգր­ուան­ներն ու փու­լե­րը ծա­նօթ են եւ մաս կը կազ­մեն մեր ապ­րող պատ­մու­թեան, այ­սինքն՝ ապ­րող սե­րունդ­նե­րու կեան­քին:
Մեր պատ­մու­թինն ու իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը իր ճիշդ հու­նին վե­րա­դարձ­նե­լու եր­թը, հա­կա­ռակ այ­լան­դակ «այ­լա­խոհ­նե­րու» եւ մե­զի պար­տադ­րուող անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն, շա­րու­նակ­ուե­ցաւ ան­նա­հանջ, կտ­րե­լով ցն­ցիչ փոր­ձու­թիւն­ներ՝ ներ­քին թէ ար­տա­քին ոլորտ­նե­րու մէջ (ան­կա­րե­լի է ներ­քին­ներն ու ար­տա­քին­նե­րը տա­րան­ջա­տել բո­լո­րո­վին): Ու եղան մէ­կէ աւե­լի իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն­ներ, եղան 27 Հոկ­տեմ­բե­րի ու 1 Մար­տի դէպ­քեր, եղաւ «ֆութ­պո­լա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն»ը եւ ան­կէ բխած փրո­թո­քոլ­նե­րը, որոնք վի­ժե­ցան ար­դա­րօ­րէն: Եղան Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան բազ­մա­հանգր­ուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, որոնց հո­վա­նի տուաւ Մինս­քի խմ­բա­կը, սա­կայն այդ գի­ծը ան­կա­րող եղաւ ար­գե­լա­կե­լու մեծ ու փոքր ճա­կա­տում­նե­րը: Սահ­մա­նա­յին բա­խում­նե­րը դար­ձան «սո­վո­րա­կան», յե­տոյ ար­ձա­նա- գր­ուե­ցան աւե­լի արիւ­նա­լի ճա­կա­տում­ներ, որոնց մէկ գա­գաթ­նա­կէ­տը կազ­մեց 2016-ի քա­ռօր­եայ պա­տե­րազ­մը: Ու­նե­ցանք մարդ­կա­յին եւ հո­ղա­յին կո­րուստ­ներ, սա­կայն ըստ ամե­նայ­նի, հայ­կա­կան կող­մը այդ բո­լոր հանգր­ուան­նե­րը կտ­րեց յաղ­թա­կա­նի՛ կամ­քով եւ իրա­կա­նութ­եան գետ­նի վրայ: 2018-ի իշ­խա­նա­փո­խու­թե­նէն ետք իսկ, եւ ան­կախ՝ «հին»ի-«նոր»ի մա­սին ճիշդ ու ան­տե­ղի յան­կերգ­նե­րէն, նոր յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագր­ուե­ցաւ 2020-ի ամա­ռը, Տա­ւու­շի մէջ, երբ նոր իշ­խա­նու­թիւնը մեր բա­նա­կը յաղ­թա­կան գտաւ Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ ճա­կա­տու­մին, մեր պաշտ­պա­նա­կան ճա­կա­տը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ, հռ­չա­կեց ան­խոր­տա­կե­լի եւ անա­ռիկ: Այս բո­լո­րը հա­յու­թիւնը (եւ ոչ միայն նախ­կին ու նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը) մեր պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րե­ցին հպար­տան­քով: Մեր նա­հա­տակ­ներն ու հո­ղա­յին մանր կո­րուստ­նե­րը ԻՄԱՍՏ ու­նե­ցան: Ան­պայ­մա՛ն որ սգա­ցինք նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար, ցա­ւե­ցանք կո­րուստ­նե­րուն ի տես, սա­կայն նա­եւ ԱՊ­ՐԵ­ՑԱՆՔ թշ­նամի­ին նպա­տակ­նե­րուն վի­ժեց­ման բերկ­րան­քը: Հոն, հինն ու նո­րը նո՛յն խրա­մա­տին մէջ էին, յաղ­թա­նա­կը ամ­բո՛ղջ հա­յու­թեանն էր, Ար­ցա­խէն մին­չեւ Հա­յաս­տան եւ Սփիւռ­քի չորս ծա­գե­րը, իսկ պար­տու­թիւնը՝ Ատր­պէյ­ճա­նին ու մի՛շտ անոր զօ­րա­վիգ կանգ­նող Թուրք­իոյ:
Պատ­մա­կան այս իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը կ’ար­ձա­նագ­րենք ու պէ՛տք է յի­շենք առանց չա­փա­զանց­եալ զգա­ցա­կա­նու­թեան, այլ իբ­րեւ մեր կեան­քին ու նո­րա­գոյն պատ­մութ­եան մէջ ար­ձա­նագր­ուած փաստ:
* * *
Այդ բո­լո­րէն ետք, հա­սաւ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մը եւ մեր պատ­մութ­եան անիւը «ծուռ դար­ձաւ»:
Ար­դէն մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­րի մը ան­ցած է պա­տե­րազ­մին շղ­թա­յա­զեր­ծու­մէն աս­դին. հե­տե­ւանք­նե­րը կը մնան գետ­նի վրայ, ար­ձա­նագր­ուած են իբ­րեւ դա­ժան ժա­ռան­գու­թիւն: Բա­զում բա­ցա­յայ­տում­ներ եւ հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ հրա­պա­րակ եկած են պա­տե­րազ­մին պատ­ճառ­նե­րուն, գե­տին պատ­րաս­տող արարք­նե­րու, ներ­քին ու շր­ջա­նա­յին շա­հե­րու խա­չա­ձե­ւու­մին կամ զա­նոնք իրա­րու ներ­դաշ­նա­կե­լու իրա­կան կամ սին ճի­գե­րու մա­սին: Տա­րի մը ետք, ան­ծա­նօթ բա­նե­րը (ժա­մա­նա­կին ասոնք կը կոչ­ուէ­ին «պատ­մու­թեան սպի­տակ էջեր») շատ աւե­լի են, քան իրա­կա­նու­թիւն­ներն ու լու­սա­բա­նո­ղը: Բա­ցա­յայտ է, որ իշ­խա­նու­թեան հա­մար ձեռն­տու չէ շատ մը իրա­կանու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը, եւ մեր խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր միայն պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց (չ)պատ­րաս­տու­թեան, ըն­թաց­քին եւ ան­կէ բխած՝ երեւ­ցող հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն, այլ նոյն­քան մըն ալ թա­քուն երես­նե­րուն: Եւ ճիշդ հոն է որ կը դժ­ուա­րա­նայ մեր դի­մաց եր­կա­րող ճամ­բան լու­սա­ւո­րե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը, մեծ հար­ցա­կան­ներ կը կախ­ուին իր հասկ­ցած ձե­ւով քն­նիչ յանձ­նա­խումբ մը կազ­մե­լու կա­ռա­վա­րու­թեան իս­կա­կան դի­տա­ւո­րութ­եանց վե­րեւ:
Չոր իրա­կա­նու­թիւնը սա է. կորսն­ցու­ցած ենք (կը հա­ւա­տանք որ միայն ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս) Ար­ցա­խի մե­ծա­գոյն բա­ժի­նը: Թշ­նամի­ին յանձն­ուած են ըն­դար­ձակ հո­ղա­մա­սեր, որոնք չենք կորսն­ցու­ցած պա­տե­րազ­մի մէջ, այլ մաս մը զի­ջած՝ 9 Նո­յեմ­բե­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րով: Աւե­լին, իշ­խա­նու­թեան իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ, Ատր­պէյ­ճա­նի յանձն­ուած են հո­ղեր, որոնք նկա­տի չէ­ին առն­ուած հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մէջ: Ու­նինք բազ­մա­հա­զար զո­հեր, վի­րա­ւոր­ներ եւ հաշ­ման­դամ­ներ, կան տուն-տեղ կորսն­ցու­ցած հա­զա­րա­ւոր­ներ, որոնք կը վե­րաբ­նա­կեց­ուին Ար­ցա­խէն մնա­ցած բա­ժի­նին (որ զերծ չէ «Դա­մոկլ­եան սուր»է) եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Կան անո­րոշ թիւով գե­րի­ներ, կորս­ուած­ներ: Ատր­պէյ­ճան չէ բա­ւա­կա­նա­ցած Ար­ցա­խի մե­ծա­գոյն մա­սը կուլ տա­լով ու յայ­տա­րա­րե­լով, որ «Ար­ցա­խի հար­ցը լուծ­ուած է», այլ ոտք ու բա­նակ­նե­րը եր­կա­րած է դէ­պի Հա­յաս­տան, կ’ան­տե­սէ Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի, Մինս­քի խում­բի ան­դամ­նե­րու եւ այ­լոց այն պն­դու­մը, որ հար­ցը չէ լուծ­ուած: Տա­ւու­շէն մին­չեւ Սիւ­նիք ու Արա­րատ­եան շր­ջան՝ թի­րա­խա­ւոր­ուած են իբ­րեւ ան­մի­ջա­կան «ճա­շա­տե­սակ»: Անո­րոշ տա­րած­քով հո­ղա­մա­սեր բռ­նագ­րաւ­ուած են, ազեր­ի­ա­կան ու­ժեր հաս­տատ­ուած են նոյն­նինքն Հա­յաս­տա­նի պատ­կա­նող հո­ղե­րու վրայ, գիւ­ղա­ցի­ներ հե­ռաց­ուած են իրենց պա­պե­նա­կան օճախ­նե­րէն, բազ­մա­թիւ գիւ­ղեր ու աւան­ներ ին­կած են ազեր­ի­ա­կան ան­մի­ջա­կան հս­կո­ղու­թեան տակ. այս իրա­կա­նու­թեան նո­րա­գոյն զար­գա­ցու­մին ակա­նա­տես ենք վեր­ջին օրե­րուն. Սիւ­նի­քի մէջ, Հա­յաս­տա­նը Իրա­նին կա­պող կեն­սա­տու ճամ­բէն մաս մը ուղ­ղա­կի բռ­նագ­րաւ­ուած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, հռ­չակ­ուած է ազեր­ի­ա­կան հող, ան­ցորդ­նե­րը կը խու­զարկ­ուին եւ տուր­քի կ’են­թար-կ­ուին: Իրա­կա­նու­թիւն է նա­եւ, որ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը եւ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ նախ՝ թր­քա­կան անու­նով կո­չե­ցին կարգ մը գրաւ­եալ շր­ջան­ներ, յե­տոյ ալ նոյ­նին­քն վար­չա­պե­տը (ան­կա­խու­թեան 30-ամ­եա­կէն հա­զիւ շա­բաթ մը առաջ), մոռ­նա­լով սահ­մա­նադ­րա­կան իր եր­դու­մը, խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ յայ­տա­րա­րեց, թէ կ’ըն­դու­նի պաշ­տօ­նա­պէս, որ հա­րա­ւի այդ շր­ջան­նե­րը «խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու վար­չա­կան բա­ժա­նում­նե­րու քար­տէս­նե­րուն հա­մա­ձայն ազեր­ի­ա­կան են» (իսկ ո՞ւր մնա­ցին սահ­մա­նագ­ծում ու սահ­մա­նա­զա­տում հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րը…): Սա այն «ղե­կա­վար»ն էր, որ քա­նի մը ամիս առաջ պատ­րաստ չէր Սեւ Լի­ճին մէկ մա­սին հա­մար պա­տե­րազ­մի մէջ մտ­նե­լու, այս կամ այն գիւ­ղացի­էն խլ­ուա­ծը պաշտ­պա­նե­լու, նա­եւ կը խօ­սէր խա­ղա­ղա­սի­րութ­եան (ու խա­ղա­ղու­թեան սի­րոյն՝ գործ­նա­պէս ամէն զի­ջում կա­տա­րե­լու) եւ վե­րա­կանգ­նու­մի, «Հա­յաս­տա­նի մէջ ապա­գայ կայ»ի մա­սին, դէ­պի Վրաս­տան տա­նող ճամ­բա­նե­րուն վրայ քա­նի մը «կղզ­եակ­նե­րու» ազե­րի­նե­րուն պատ­կա­նած ըլ­լա­լուն մա­սին:
* * *
Չոր իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մաս կը կազ­մեն նա­եւ այն «մանր հար­ցե­րը» (խոր­քին մէջ անոնք մանր չեն), որոնք օր աւուր կը յա­րուց­ուին քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ եւ հան­րու­թեան ու քա­ղա­քա­կան բե­մի դե­րա­կա­տար­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւնը կը շե­ղեն դառն իրա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, կ’ար­գե­լա­կեն ճիշդ ճամ­բուն վե­րա­կանգ­նու­մը: Նման «հնարք»ներ են ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու բան­տար­կու­թիւնն ու հե­տապն­դում­նե­րը, խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու նա­խա­գա­հի-փոխ­նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեանց շուրջ ստեղծ­ուած փո­թո­րիկ­նե­րը, «իմաս­տո՜ւն» ՔՊ-ական­նե­րու կող­մէ շռայ­լուող պատ­մու­թեան դա­սե­րը եւ վեր­ջա­պէս՝ ան­կա­խութ­եան 30-րդ տա­րե­դար­ձը «գու­նա­գեղ» կեր­պով տօ­նե­լու որո­շումն ու անոր մա­սին տր­ուած ձախ­լիկ ար­դա­րա­ցում­նե­րը, չք­մե­ղանք­նե­րը, նե­րո­ղամ­տու­թեան հայ­ցե­րը:
Պարզ խօս­քով՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­սօր կան տար­բեր աշ­խարհ­ներ, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը զար­գա­նայ միւ­սէն ան­ջա­տա­բար, ան­հա­ղորդ՝ իրա­րու, մասն մըն ալ ան­հա­ղորդ՝ չոր իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, որոնց «ծառեր»ը, ինչ­պէս ակ­նար­կե­ցինք, ար­գելք կ’ըլ­լան որ ամ­բողջ ան­տա­ռը դուրս իյ­նայ տե­սո­ղութ­եան դաշ­տէն («աշ­խարհ­նե­րուն» մա­սին՝ յա­ջոր­դիւ):
Ս. Մահսերէճեան