«Երկիր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Ան յայտնած է.«Մենք ունէինք գործակցութեան տարբերակ, որ անուանած ենք հինգի կամ վեցի հարթակ: Ներկայիս այս նախագիծին հետ կապուած դրական ուղերձներ կը ստանանք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն: Այս առնչութեամբ մենք նախատեսած ենք նաեւ որոշ քայլեր ձեռնարկել»:

Էրտողան այս մասին լրագրողներուն ըսած է ԱՄՆ կատարած այցելութեան ընթացքին: Անոր խօսքին համաձայն, այս հարցը պիտի ըլլայ այն հարցերու շարքին մէջ, որոնք ինքը նախատեսած է քննարկել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Մենք կարելիութիւն կը ստանանք լաւ զարգացնել տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցը», ըսած է Էրտողան: