«Երկիր».-ԱՄՆ պետքարտուղարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գլխաւոր տեղակալ Տերեք Հոգան եւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Եւրոպայի գլխաւոր տնօրէն Ամանտա Սլոաթ 27 Սեպտեմբերին հանդիպած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ` Ֆրանսայէն Սթեֆան Վիսքոնտիի, ԱՄՆ-էն Էնտրիւ Շոֆերի եւ Ռուսիայէն Իկոր Խովաեւի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անժէյ Քեսպրշիքի հետ:

«Համանախագահները քննարկած են անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր միութեան  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միատեղ հանդիպումի յաջող ընթացքը: Անոնք նաեւ յայտնած են, որ 27 Սեպտեմբերը Արցախի պատերազմը սկսելուն տարելիցն է եւ ցաւակցութիւն  յայտնած են երկու կողմերու մարդկային կորուստներուն համար:

Հոգան եւ Սլոաթ ողջունած են համանախագահներու ջանքերն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վճռականութիւնը` անմիջական երկխօսութեան միջոցով խաղաղութեան գործընթացին մէջ  կրկին ներգրաւուելու` ուղղուած տարածաշրջանի անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման: Անոնք փոխանցած են Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` շարունակելու աշխատիլ համանախագահ երկիրներու հետ` օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին լուծել Արցախի հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր չլուծուած հարցերը ` գերիներու, անհետ կորածներու եւ մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներու գծով»,ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: