“Արմէնփրէս”._Ըստ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ պատրիարքի մոսկովեան հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան, դէպի Դադիվանք ուխտագնացութիւնները պիտի վերականգնուին։ Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան ՀՀ Ազգային Ժողովի «Արցախի Հանրապետութեան՝ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած շրջաններուն հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանութիւն» նիւթի աշխատանքային քննարկումի ատեն: «Ռուս խաղաղապահներիու շնորհիւ մենք կը պահենք Դադիվանքը, ուր 6 հոգեւոր սպասաւորներ ունինք: Այս պահուն ժամանակաւորապէս դադրած են ուխտագնացութիւնները Դադիվանք: Բայց մենք դարձեալ պիտի վերականգնենք՝ օրերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Վեհափառ հօր եւ Կիրիլ պատրիարքի հետ հանդիպումի հետեւանքով: Դէպի Դադիվանք ուխտագնացութիւնները մենք դարձեալ պիտի սկսինք», ըսաւ նախարարը: Ամարասի ուխտագնացութիւնը պիտի շարունակուի։ Ղարախանեան յայտնեց նաեւ, որ կարելի է կանխել Հայրենական մեծ պատերազմի յուշարձաններուն աւերումը: Դադիվանքը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հնագույն վանական համալիրներէն է: Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Դադիվանքը մնացած է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ: