15 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «ԱԺԿ», «Արդարութիւն» եւ «ՀՅԴ» խմբակցութիւններու ղեկավարներ Դաւիթ Մելքումեանը, Դաւիթ Գալստեանը եւ Արթուր Մոսիյեանը: Կողմերը քննարկեցին Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակին, Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ հարցերու կարգաւորման առնչուող հարցեր: Երկուստէք կարեւոր համարուեցաւ ՀՀ-ԱՀ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ հայկական երկու պետութիւններու խորհրդարաններուն միջեւ սերտ եւ բարձր մակարդակի գործակցութեան ապահովումը: