«Ազդակ».-Թայյունէն 14 Հոկտեմբերին վերածուեցաւ մարտի դաշտի, ուր պարպուեցան մեծ թիւով փամփուշտներ, օգտագործուեցան նռնականետեր, շէնքերուն մէջէն եւ տանիքներէն գործեցին արձակազէններ, իսկ լիբանանեան բանակը առանձինն փորձեց կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել: Թայյունէի մէջ այս բոլորը արձանագրուեցան օրուան ընթացքին, օրուան աւարտին սակայն տիրական հարցումը մնաց այն, թէ ո՞վ որուն դէմ կրակեց, որո՞նց միջեւ էր բախումն ու զինեալ միջադէպը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կէսօրէ առաջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հետեւորդներ սկսած էին այդ շրջանին մէջ հաւաքուիլ` բողոքի խաղաղ ցոյց մը կատարելու նպատակով: Կէսօրէ առաջ Թայյունէի մէջ հաւաքուած ցուցարարներուն դէմ արձակազէնի մը արձակած կրակոցը պատճառ դարձաւ, որ կացութիւնը լարուի եւ զինեալ բախումներ արձանագրուին Այն Ռըմմանէի եւ Շիյահի միջեւ: