Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ֆերշենէն եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին շուրջ։ Այս առիթով Լաւրենթեւ եւ Ֆերշենէն շեշտեցին, որ սոյն այցելութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահ Փութինի թելադրանքով, որպէսզի Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը ամրապնդուի։ Անոնք յայտնեցին Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն մասնակցելու եւ Սուրիոյ մէջ ներդրում կատարելու ներուժի, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ, ինչ որ կը նպաստէ երկրի տնտեսութեան բարելաւման։ Կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ, տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած զարցացումներուն շուրջ, ուր նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ սոյն զարգացումները, մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի Աֆղանիստանէն դուրս գալը ցոյց կու տայ, որ ԱՄՆ եւ անոր դաշնակիցները տիրելու տրամաբանութեամբ կը գործեն, հետեւաբար տարածաշրջանի պետութիւններէն կը պահանջուի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը ամրապնդել եւ տարածաշրջանի ապագան ուրուագծել ժողովուրդներուն կամքով եւ առանց արտաքին միջամտութիւններու։ Կողմերը զրուցեցին նաեւ սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբի ժողովներու օրակարգին շուրջ, որ սկիզբ պիտի առնէր այսօր։ Անոնք շեշտեցին Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը։