«Երկիր».-Արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն վերջերս տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը ըսած էր, որ Հայաստանի նկատմամբ պէտք է պատժամիջոցներ սահմանուէին, ինչպէս Իրաք` գահընկէց բռնապետ Սատտամի օրօք: Գերմանական ERD պատկերափիւռային կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ խոստովանելով, որ զինուորական օգնութիւն ստացած է Թուրքիայէն եւ օգտագործած է Իսրայէլի արտադրած զէնքերը Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին, ըսած է, որ Հայաստան պէտք է անմիջապէս ենթարկուէր պատժամիջոցներու, ինչպէս Իրաք` Սատտամի օրօք, երբ ան գրաւած էր Քուէյթը: «Եթէ նոյնը կիրարկուէր Հայաստանի նկատմամբ, ան դուրս կը բերէր իր զօրքերը», ըսած է Ալիեւ: Ան աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի մէջ երկար տարիներ եղած են իսրայէլական անօդաչու թռչող սարքեր, որոնցմէ քանի մը հատը կիրարկուած են 2016-ին Հայաստանի դէմ այլ սադրանքներու ընթացքին: Հարցումին, թէ ով սկսած է ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը, Ալիեւ պատասխանած է. «Պատասխանը` Հայաստանն է, եւ կան բազմաթիւ ապացոյցներ, որովհետեւ առաջին զոհերը եղած են Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացիական անձեր եւ զինուորական ծառայողներ»: