Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է 1982-ին Լոս Անճըլըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեամբ մեղադրուած եւ դատապարտուած Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակումը: Ահաբեկչութիւնը արդարութեան համար մղուած պայքարէն չզանազանող, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ահաբեկչական շարժումը հովանաւորող Թուրքիան Սասունեանի ազատ արձակումը «սխալ» որակած է եւ յայտնած, որ ան «ահաբեկչութեան ի նպաստ զիջում համարուող վտանգ է» ու կը ծառայէ «ահաբեկչութեան քաղաքական նպատակներու ծառայեցման»: