Կլազ­կո­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ՄԱԿ-ի կլի­մա­յի հար­ցե­րով 26-րդ խորհր­դա­ժո­ղո­վի (COP26) երկ­րորդ օրը՝ 2 Նո­յեմ­բե­րին, շա­րու­նակ­ուե­ցան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ելոյթ­նե­րը կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան դի­մագ­րաւ­ման առա­ջարկ­նե­րով։
Կլազ­կո­յի հա­մա­ժո­ղո­վին նպա­տակն էր մշա­կել կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան դէմ պայ­քա­րի հա­մա­ձայ­նեց­ուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրա­գիր:
Երեք­շաբ­թի, 2 Նո­յեմ­բե­րին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն Սարգս­եան ելոյթ ու­նե­ցաւ, որուն մէջ ըսաւ. «Ճիշդ տա­րի մը առաջ Ատր­պէյ­ճան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ իր հրահ­րած պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին կի­րա­ռեց մի­ջազ­գա­յնօ­րէն ար­գիլ­ուած զի­նամ­թերք՝ թի­րա­խա­ւո­րե­լով ոչ միայն քա­ղա­քաց­ի­ա­կան ան­ձինք, այլեւ՝ հս­կա­յա­կան տա­րածք­նե­րով գե­ղե­ցիկ ան­տառ­ներ՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով զանգ­ուա­ծա­յին ան­տա­ռա­յին հր­դեհ­նե­րու եւ այդ տա­րած­քին մէջ ստեղ­ծե­լով բնա­պահ­պա­նա­կան աղէտ: Մենք կոչ կ’ուղ­ղենք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ջան­քեր գոր­ծադ­րե­լու՝ կան­խե­լու նմա­նօ­րի­նակ ան­պա­տաս­խա­նա­տու եւ ան­մարդ­կա­յին վար­քա­գի­ծը»:
Մինչ իր ելոյ­թը, նա­խա­գա­հը գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի շր­ջա­գի­ծէն ներս զրոյց­ներ ու­նե­ցաւ ԱՄՆ նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի, Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ էման­ուէլ Մաք­րո­նի, Գեր­ման­իոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քե­լի, Մո­նա­քո­յի ար­քա­յազն Ալ­պերթ Երկ­րոր­դի, Քա­թա­րի էմիր շէյխ Թա­միմ պըն Հա­մատ տլ Թանիի, Եգիպ­տո­սի նա­խա­գա­հին եւ այլ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հետ: