Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կը շարունակուին 2022-ի պիւտճէի նախագիծին քննարկումները: 4 Դեկտեմբերին գալիք տարուան գլխաւոր տնտեսական փաստաթուղթը քննարկուած է ԱՀ ԱԺ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հետ: Քննարկումին ներկայ էին խմբակցութեան անդամները, ԱՀ պետական նախարար Արտակ Պեգլարեան եւ ԱՀ տնտեսութեան նախարար Վահրամ Պաղտասարեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան յայտնած է, որ պիւտճէն պէտք է արտացոլէ ներկայ իրավիճակը, երկրի առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրները եւ զարգացումը ըստ ոլորտներու: «Պիւտճետային ուղերձին մէջ չ’երեւիր: Յետպատերազմեան իրավիճակին երեք հիմնական մարտահրաւէրներ առկայ են` անվտանգութիւն, կարգավիճակի հարց, մարդասիրական աղէտ: Պիւտճէին միայն երրորդ բաղադրիչը արտացոլուած է», ըսած է խմբակցութեան ղեկավարը` մտահոգութիւն յայտնելով, որ նպատակային ծրագրում պսակաձեւ ժահրի մասին խօսք չկայ, տպաւորութիւն է, որ անիկա նախորդ տարուան ծրագիրի պարզ կրկնօրինակում է:

ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները երկու տասնեակէն աւելի հարցեր  ուղղած են, որոնք հիմնականօրէն առնչուած էին պիւտճէի միջոցները աւելի արդիւնաւէտ ու թափանցիկ օգտագործելու, կարելի եղածին չափ յետպատերազմեան իրողութիւններուն մօտեցնելու:

ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան դիտել տուած է, որ պիւտճէի նախագիծին վրայ տակաւին պիտի աշխատին` նկատի առնելով հնչած դիտարկումներն ու առաջարկները: