Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2021-ի «29» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն կառավարական քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաները ամսական աշխատավարձքի 30 առ հարիւր յաւելում պիտի ստանան։ Հրամանագիրին համաձայն, ամսական աշխատավարձքի նուազագոյն տոկոսը պիտի ըլլայ 92. 970 ս.ո.։ Նախագահը հրապարակեց նաեւ 2021-ի «30» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն հանգստեան կոչուած քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաները ամսական աշխատավարձքի 25 առ հարիւր յաւելում պիտի ստանան։