Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ին, «Ճամահիր» թերթը հաղորդեց, որ Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկութեան հիմնարկի «Ըպն Պիթար» սրահէն ներս գիրքերու ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ։ Պաաս Կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտ եւ Արաբ Գրողներու Միութեան նախագահ դոկտ. Մուհամմէտ Հուրանի բարձր գնահատեցին ցուցահանդէսի կազմակերպիչ կողմին աշխատանքը եւ շեշտեցին մշակոյթի տարածման կարեւորութիւնն ու անոր դերը համալսարանական աշակերտներուն եւ դասաւանդող կազմին իմացական ու գիտական մակարդակի պահպանման իմաստով։ Ցուցահանդէսը ընդգրկեց արաբական, եւոպական թարգմանուած եւ Արաբ Գրողներու Միութեան հրատարակած հարիւրաւոր գիրքեր՝ գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի, քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներու առնչուող։ Գիրքերը չնչին գումարներով կը վաճառուին՝ քաջալերելու ընթերցումը։ Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբերի աւարտը, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 3:00։